ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու ղազախեան «Թենկրինիուզ» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ համագործակցութեան եւ այդ ծիրին մէջ առանձնացուց Արցախի հարցը:
«Լեռնային Ղարաբաղը բաւական բարդ գործողութիւն է, որովհետեւ ատոր մէջ ներգրաւուած են մեծ թիւով փաստարկներ, տարրեր, դրդապատճառներ: Համաձայն եղէք, չէ՞ որ երբ իրարու դէմ կը պայքարին երկու եղբայրական ժողովուրդներ, մեր երկու մտերիմ դրացիները, անոնք, որոնց հետ ապրած ենք եւ հետագային ալ պիտի ապրինք խաղաղութեան, համաձայնութեան եւ բարեկամութեան մթնոլորտին մէջ», կ՛ըսէ ռուս նախարարը՝ աւելցնելով. «Միւս կողմէ, Թուրքիոյ՝ այդ գործողութեան միանալն է, այդ իսկ պատճառով պէտք էր զրուցել եւ այդ հարցով զբաղիլ նաեւ թուրք գործընկերներու հետ: Մեր նախագահը, հաւատացէ՛ք ինծի, հսկայական ջանքեր գործադրած է, որպէսզի այդ բոլորը տեղի ունենան: Ի դէպ ան ստիպուած էր բոլորը համոզել: Այսինքն` չկար մէկը, որ ըսէր. «Ես համաձայն եմ, միայն թէ թող անոնա համոզուին»: Ո՛չ, պէտք էր բոլորը համոզել, անխտիր: Մենք եւս մեր գործընկերներու մակարդակով զրուցած ենք նաեւ թուրք գործընկերներուն հետ: Սակայն այն, ինչը այսօր կատարուած է, նախ եւ առաջ այն է, որ մարդիկ դադրեցուցած են զիրար սպաննելը: Երկրորդ, յոյսով եմ, որ այժմ եկած է ժամանակը, երբ անոնք երկկողմանի յարաբերութիւններու կը դիմեն եւ իրարու հետ կը սկսին խօսիլ: Նկատի ունիմ Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը»,:
Ան ընդգծեց, որ այստեղ շատ բան կախեալ է Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ ձեւաւորուած յարաբերութիւններէն: Շոյկու յայտնեց, որ նոր դերակատարներ նոյնպէս ի յայտ կու գան: «Նկատի ունիմ Իրանը», ըսաւ նախարարը: