ՄՈՍԿՈՒԱ, «Սփութնիք Արմենիա».- Արցախի վերաբերեալ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւնը կեանքի կը կոչուի, յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, ՀԱՊԿի ղեկավարներու առցանց նիստին ընթացքին
«Անհրաժեշտ եղան Ռուսիոյ աշխոյժ միջնորդական ջանքերը, որպէսզի կանխարգիլուի արիւնահեղութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ՝ հասնելու կրակոցի ամբողջական դադրեցման ու սկսելու կայունացման հոլովոյթին: Նոյն ժամանակ մենք հետեւած ենք ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահութեան միջոցով հասած անկիւնաքարային համաձայնութիւններուն», ըսաւ Փութին:
Ան կարեւոր նկատեց տագնապի գօտիին մէջ վնասներ ստացած անձերու համակարգուած օգնութիւն ցոյց տալը, տեղահանուածներուն վերադարձը, ենթակառոյցներու վերանորոգութիւնը եւ մշակութային ու կրօնական կոթողներու պաշտպանութիւնը:
Փութին նաեւ յայտարարեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ստիպուած էին շատ բարդ, սակայն ժողովուրդին համար անհրաժեշտ որոշումներ տալ: «Անոնք ցաւոտ էին եւ վարչապետին կողմէ քաջութիւն կը պահանջէին», նշեց ան:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա յայտնեց, թէ ՄԱԿի առաքելութիւն մը կը պատրաստուի Արցախ մեկնիլ՝ իրավիճակը գնահատելու համար:
Նաեւ, Ռուսիոյ օդուժի օդանաւերը պիտի կարենան Ստեփանակերտի օդակայանը օգտագործել Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական կեդրոններ մատակարարումներ կատարելու համար: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը: