ԵՐԵՒԱՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու օգնական Քերըն Տանֆրիտ, որ Վրաստան եւ Ատրպէյճան տուած այցելութենէն ետք Հայաստան կը գտնուի, «Ազատութեան» հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին խօսեցաւ տարածաշրջանային զարգացումներուն, Հայաստանի կացութեան եւ նորագոյն զարգացումներուն ու ամերիկեան դերակատարութեան մասին:
Լրագրող Հերմինէ Բունիաթեանի այն հարցումին՝ թէ վերջերս Արցախի հարցով «նշաձողը իջեցնելու» վերաբերող Հայաստանի վարչապետին յայտարարութեան մասին ի՞նչ է Միացեալ Նահանգներու կարծիքը եւ արդեօք անիկա շարքի՞ն է այն երկիրներուն, որոնց ամրապնդումը ապահովելու համար պէտք է դիմել այդ քայլին՝ Տանֆրիտ չուզեց պատասխանել եւ մեկնաբանել վարչապետին խօսքերը, սակայն ըսաւ հետեւեալը. «Ես կը տեսնեմ, որ տեղի կ՛ունենայ երկխօսութիւն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, որ, յոյս ունիմ, պիտի յանգեցնէ Արցախի իրավիճակի կարգաւորման: Եւ հիմա՝ երեք երկիրներ այցելելէ ետք, ես իսկապէս խաղաղ կարգաւորման ցանկութիւն զգացի, որովհետեւ անիկա կարելիութիւն պիտի տայ բացայայտել այն ներուժը, որ կրնայ ի յայտ գալ տարածաշրջանային համարկման իբրեւ արդիւնք»:
Խօսելով Միացեալ Նահանգներու դերակատարութեան մասին՝ Տանֆրիտ հաստատեց, որ իրենք կ՛ուզեն օգտակար ըլլալ: «Միացեալ Նահանգները նաեւ անդամ է Մինսքի խումբի համանախագահութեան, որ կարեւոր դեր կը խաղայ Արցախի հարցին մէջ: Մենք հաւատարիմ կը մնանք այդ գործընթացին: Մենք կը նկատենք նաեւ, որ Եւրոպական Միութիւնը եւս կարեւոր դեր կը խաղայ: Ես ունիմ այն զգացումը, որ կարելիութիւններու պահ է տարածաշրջանին համար, եւ մենք ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի օգնենք Հայաստանին՝ հասնելու խաղաղութեան»:
«Ազատութեան» լրագրողը հարցուց, թէ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ծիրին մէջ՝ յանուն արցախեան հարցի խաղաղ կարգաւորման Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան՝ իբրեւ համանախագահներ, արդեօք պատրա՞ստ են վերականգնել այս ձեւաչափը եւ դարձեալ նստիլ Մոսկուայի հետ մէկ սեղանի շուրջ:
Կանֆրիտ անճիշդ նկատեց այն հաստատումը, որ Ուքրանիոյ վրայ Ռուսիոյ յարձակումին պատճառով Միացեալ Նահանգները դադրեցուցած է ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան գործընթացը: «Ասիկա ճիշդ չէ, մենք կը շարունակենք ըսել, որ կ՛աջակցինք Մինսքի խումբի համանախագահութեան գործընթացին: Մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ անիկա շատ կարեւոր ձեւաչափ է, յատկապէս՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով: Եւ կարեւոր է, որ մենք տարբեր ձեւաչափեր պահպանենք՝ փորձելով յառաջ տանիլ խաղաղութիւնը: Եւ մենք պիտի շարունակենք յառաջիկային եւս այդ մէկը ընել», հաստատեց պաշտօնատարը:
Լրագրողը դարձեալ հարցուց, թէ այս առումով պիտի գործակցի՞ն Ռուսիոյ հետ. Տանֆրիտ ըսաւ. «Այո՛: Ռուսիա Մինսքի խումբի համանախագահ է: Այնպէս որ, այո՛: Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսիա պիտի շարունակեն այդ ձեւաչափը»:
Անդրադառնալով Մինսքի խմբակին հետ գործակցելու առումով Ատրպէյճանի մերժումին՝ Տանֆրիտ դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճան չ՛աջակցիր Մինսքի խումբի համանախագահութեան գործընթացին, սակայն Միացեալ Նահանգները կ՛աջակցի, «եւ մենք կը մասնակցինք եւ պիտի շարունակենք մասնակցիլ այդ գործընթացին»: Լրագրողը հարցուց, որ այս մասին Ալիեւի հետ խօսա՞ծ է՝ Ատրպէյճան տուած այցելութեան ընթացքին, Տանֆրիտ ըսաւ, որ ընդարձակ զրոյց ունեցած է նախագահ Ալիեւի հետ՝ բազմաթիւ նիւթերու, որոնց կարգին՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան մասին:
Պատասխանելով Ատրպէյճանի կողմէ մնայուն կերպով հնչող ռազմատենչ յայտարարութիւններուն վերաբերող հարցումի մը՝ ան յայտնեց, որ եթէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հաշտեցման ուղղութեամբ յառաջընթաց պէտք է ըլլայ, կասկած չկայ, որ մարդիկ պէտք է ուշադիր ըլլան իրենց խօսքերուն եւ հետեւին իրենց գործողութիւններուն:
«Ազատութեան» լրագրողը դիտել տուաւ, որ Ուքրանիոյ վերջին զարգացումները ցոյց տուին նաեւ, թէ որքան միասնական եւ ամուր կրնայ ըլլալ Արեւմուտքը՝ պաշտպանելու այն երկիրը, որ յարձակման կ՛ենթարկուի ռազմատենչ դրացիին կողմէ՝ հարցնելով, որ Հայաստան արդեօք կրնա՞յ Արեւմուտքէն ակնկալել նման ուժեղ եւ տեսանելի օգնութիւն, թերեւս՝ ռազմական աջակցութիւն, եթէ ստիպուած ըլլայ պաշտպանել իր տարածքային ամբողջականութիւնը:
Տանֆրիտ նախ ողբերգական եւ ծանր նկատեց Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը՝ նշելով, որ հպարտ է այն դերակատարութեամբ, զոր Միացեալ Նահանգները ունի, նաեւ այն աջակցութեամբ, զոր իր երկիրը կը ցուցաբերէ:
«Միացեալ Նահանգները՝ աջակցելով Ուքրանիոյ, ցոյց կու տայ, որ խօսքը միայն Ուքրանիոյ մասին չէ: Խօսքը նաեւ հիմնարար սկզբունքներու մասին է, այն է՝ յարգանքը ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, իւրաքանչիւր երկրի՝ իր արտաքին եւ ապահովական քաղաքականութիւնը ընտրելու իրաւունքին նկատմամբ: Ասոնք սկզբունքներ են, որոնց Միացեալ Նահանգները կը հաւատայ եւ զորս կը պաշտպանէ: Եւ այն աշխարհի մէջ, ուր մենք կ՛ուզենք ապրիլ, մենք կը կարծենք, թէ այս սկզբունքները եւ արժէքները էական են: Մեր նպատակն է ապահովել, որ Ռուսիա երբեք չձեռնարկէ նման ներխուժման որեւէ այլ երկրի դէմ:
«Ես նաեւ կ՛ուզեմ յստակ ըսել, որ որքան ալ կարեւոր ըլլայ այդ պատերազմը, որքան ալ կարեւոր ըլլայ մեր աջակցութիւնը՝ Ուքրանիոյ, եւ մենք վերջին ամիսներուն մեծ ուշադրութիւն դարձուցինք այս հակամարտութեան, սակայն, այդ չի նշանակեր, որ մենք ուշադրութիւն չենք դարձներ այլ հարցերու՝ Եւրոպայի այլ մասերուն մէջ: Եւ ես յոյս ունիմ, որ իմ այս այցելութիւնը ասոր շատ վառ օրինակը կը հանդիսանայ: Իրավիճակը՝ Հարաւային Կովկասի մէջ, շատ կարեւոր է: Կը կարծեմ, թէ հոս կարելիութիւն կայ: Նախ եւ առաջ, դուք՝ հայերդ, պէտք է աշխատիք ձեր դրացիներուն հետ՝ փորձելով յառաջ տանիլ հաշտեցման այդ օրակարգը: Բայց ես կ՛ուզեմ յստակացնել, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է եւ ներգրաւուած՝ կ՛ուզէ օգտակար ըլլալ այդ գործընթացին», յայտնեց ան:
Խօսելով ներքին քաղաքականութեան մասին, անդրադառնալով հայաստանեան ընդդիմութեան կողմէ Արեւմուտքին ուղղուած քննադատութեան, թէ՝ Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն աչք կը փակեն՝ Տանֆրիտ դիտել տուաւ, որ արդէն առաւել քան 30 տարիէ ի վեր Միացեալ Նահանգները լաւ յարաբերութիւններ ունի Հայաստանի հետ, մնայուն կերպով կը փորձէ խորացնել այս յարաբերութիւնները. Հայաստանի հետ ունեցած համապարփակ օրակարգին նպատակն է՝ զարգացնել տնտեսական բարգաւաճումը, յառաջ տանիլ ապահովութեան եւ պաշտպանութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան օրակարգը: Ըստ անոր՝ Հայաստանի հետ երկխօսութեան կարեւորագոյն հարցերէն է ժողովրդավարութեան ամրապնդումը, որուն ծիրին մէջ ան յիշեց տարբեր նախաձեռնութիւններ, որոնք կատարուած են Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ:
Հարցազրոյցին վերջին բաժինով Տանֆրիտ դիտել տուաւ, որ որեւէ բանի հասնելու համար պէտք է գործել անհատաբար եւ հաւաքաբար: «Կը կարծեմ, թէ հաշտեցման օրակարգը այն օրակարգն է, որ կը վերաբերի իւրաքանչիւր հայու: Ես տեղեակ եմ, թէ ինչ ցաւալի պատմութիւն կայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Եւ ես գիտեմ, թէ որքան դժուար է առջեւ նայիլ եւ այլ ապագայ պատկերացնել: Բայց ես համոզուած եմ, որ ձեր կայանին հետեւողներուն իւրաքանչիւրը աւելի լաւ ապագայ կը փափաքի ունենալ հայերու յաջորդ սերունդին, բոլոր հայերուն համար: Առ այդ, իմ յանձնառութիւնն է ըսել, որ մենք՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ, կ՛ուզենք օգնել ձեզի՝ հասնելու այդ մէկուն: Եւ ես կրնամ հաւատացնել, որ մենք այդ մէկը պիտի ընենք»: