Այսօր՝ ուրբաթ առաւօտեան Արցախի պաշտպանութեան բանակը յետ մղեց հիւսիսային սահմանագիծերուն երկարութեամբ յարձակող ազերի հրոսախումբերը,թշնամիին պատճառելով մեծ կորուստներ:
«Այսօր հիւսիսի մէջ թշնամին սովորականէն աւելի կանուխ սկսաւ յարձակումը, դաշտին մէջ լքելով տասնեակաւոր դիակներ». յայտարարեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը:
Միւս կողմէ, Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները գիշերուան ընթացքին շարունակեցին թշնամիին յարձակումները չէզոքացնելու գործողութիւնները: Անոնք ոչնչացուցին մեծ քանակութեամբ զինամթերք եւ մարդուժ:
Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ կէս գիշերէն ետք, թշնամին փորձած է նոր յարձակում ձեռնարկել Արցախի հարաւարեւելեան ուղղութեամբ: Թշնամիին փորձերը ձախողութեան մատնուած են: Ան կրած է լուրջ վնասներ:
Դիւանագիտական գետնի վրայ, անցնող 24 ժամերուն ընթացքին Երեւան այցելած Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ապպաս Արաքչի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման Իրանի նախաձեռնութիւնը ներկայացուց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանին: Վերջինս յայտնեց, թէ Հայաստան պատրաստ է մանրամասնօրէն քննարկելու Իրանի նախաձեռնութիւնը: Արաքչի միաժամաանկ դատապարտեց Արցախի խաղաղ բնակիչներու եւ հիւանդանոցներու վրայ յարձակումները:
Հայաստանի մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան յայտարարեց, թէ Ազրպէյճանի կողմէ գերեւարուած 84-ամեայ Միշա Մելքումեանը մահացած է 29 հոկտեմբերէն 30-ի լոյս գիշերը: Թաթոյեան աւելցուց, թէ ազերիները դաժանութեան եւ անմարդկային վերաբերմունքի ենթարկած են ծերունին:
Բրիտանական The Daily Telegraph թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, թէ ռուս խաղաղապահներու տեղակայումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պիտի դառնայ իրավիճակի չափաւոր լուծում: « Ես կողմ եմ հակամարտութեան գօտի ռուս խաղաղապահներու մուտքին: Բայց խնդիրը այն է, որ հակամարտութեան գօտիին մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերու տեղակայումը պէտք է հաստատուի հակամարտութեան բոլոր կողմերէն». դիտել կու տայ Փաշինեան: