ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 29 Յունիսին տեղի ունեցաւ Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստը՝ «Ռազմական դրութեան իրաւական վիճակի մասին» օրէնքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւն կատարելու մասին» եւ «Քրէական օրէնսգիրքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքներու նախագիծերու ծրարի քննարկման օրակարգով:
Նախագիծերը ներկայացուց Արցախի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Հայկ Խանումեան:
«Ռազմական դրութեան իրաւական վիճակի մասին» օրէնքին մէջ առաջարկուող փոփոխութեամբ ռազմական դրութեամբ պայմանաւորուած հարցերը լուծելու նպատակով կրնայ օգտագործուիլ ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձերու գոյքը (բացառութեամբ դրամական միջոցներու, արժեթուղթերու եւ գոյքային իրաւունքներու), եթէ Արցախի Հանրապետութեան տիրապետութեան տակ գտնուող համապատասխան գոյքը բաւարար չէ: Ընդ որում, գոյքի անբաւարարութիւնը կը գնահատուի՝ նաեւ նկատի ունենալով յստակ իրադրութիւնը, հարցին հրատապութիւնը, գոյքին վայրը եւ էական նշանակութիւն ունեցող այլ հանգամանքներ:
Օրինագծին վերաբերեալ պատգամաւորները հարցումներ ուղղեցին նախարար Հայկ Խանումեանին եւ Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Սեւակ Աղաջանեանին:
Միտքերու փոխանակումին ընթացքին «Հայ Հեղափոխական Դաշնակցութիւն», «Արդարութիւն» եւ «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութիւններու պատգամաւորները մտահոգութիւն յայտնեցին, որ օրինագիծը անորոշութիւններ կը պարունակէ եւ առաջարկեցին յետաձգել քուէարկութիւնը: Ընդդիմադիր երեք խմբակցութիւններուն անունով ունեցած իր ելոյթին ընթացքին, պատգամաւոր Գեղամ Ստեփանեան նշեց, որ օրինագիծին քննարկման էութիւնը ցոյց կու տայ, որ անիկա վերամշակման կարիքը ունի։ Սակայն, օրինագիծին հեղինակը չընդունեց զայն վերամշակելու տարբերակը, նախագիծերը դրուեցան քուէարկութեան եւ ընդունուեցան 24 կողմ ձայնով:
Ընդդիմադիր երեք խմբակցութիւնները քուէարկութեան չմասնակցեցան։