ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 13 Մարտին գլխաւորեց ընդլայնուած խորհրդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի ուղղութեամբ միջգերատեսչական յանձնաժողովին կողմէ կատարուող աշխատանքները:
Նախագահը ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց կանխարգելիչ միջոցառումներու շարունակական գործադրութեան եւ հանրապետութեան մէջ համաճարակային իրավիճակին նկատմամբ մնայուն վերահսկողութեան կարեւորութեան վրայ:
Երկրին ղեկավարը ընդգծեց նաեւ համապատասխան պետական մարմիններուն կողմէ ընթացիկ իրավիճակին եւ վարակին մասին բնակչութիւնը պարբերաբար իրազեկելու անհրաժեշտութիւնը:
Խորհրդակցութեան կը մասնակցէին Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արշաւիր Ղարամեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան Ստեփանակերտի հանրակրթական դպրոցներու տնօրէններուն մասնակցութեամբ գումարեց խորհրդակցութիւն մը, որուն ընթացքին ան հաստատեց, որ մէկ շաբթուան համար դպրոցները փակ պիտի պահեն իրենց դռները։ «Խնդիրը մէկն է՝ պահպանել առողջութիւնը, թոյլ չտալ նոր կորոնավիրուսի ներթափանցումը եւ տարածումն Արցախում եւ, միաժամանակ, հասցնել իւրացնել ուսումնական ծրագրերը», նշեց նախարարը։