Արցախ Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկի պահպանութեան տեղամասին մէջ, նախնական տուեալներով զէնքի օգտագործման կանոններու խախտման հետեւանքով, մահացու հրազէնային վէրք ստացած է Պաշտպանութեան բանակի զինծառայող Յովսէփ Կարէնի Գրիգորեանը (1998-ի ծնունդ):
Նախնական տուեալներով` շարքային Յովսէփ Գրիգորեանը մահացու վէրք ստացած է մէկ այլ պարտադիր ժամկէտային զինծառայողի կողմէ զէնքի հետ վարուելու կանոնները խախտելու հետեւանքով:
Դէպքի առթիւ երրորդ կայազօրային քննչական բաժնին մէջ յարուցուած է քրէական գործ` ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 373-րդ յօդուածի 3-րդ մասով: Ձեռնարկուած հետաքննութեան արդիւնքով ժամկէտային զինծառայողը ձերբակալուած է:
Նախաքննութիւնը կը շարունակուի: