ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- 2021էն մինչեւ Յուլիս 2022, Արցախի կառավարութիւնը տրամադրած է առաւել քան 1000 բնակարաններ՝ կառուցապատման, երկրորդական շուկայէ ձեռքբերման եւ բնակարանային ֆոնտի վերանորոգման իբրեւ արդիւնք: Այսպիսի տուեալներ ներկայացուց Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան «Ֆէյսպուք»ի վրայ տեղադրուած տեսանիւթով:
Տեսանիւթին մէջ անդրադարձ կը կատարուի 2020ի պատերազմէն ետք, Արցախի մէջ իրականացուող բնակարաններու շինութեան աշխատանքներուն՝ նշելով, որ տրամադրուած 1000 բնակարանային տարածքէն 377ը նորակառոյց բնակարաններ են՝ հիմնականին մէջ Ստեփանակերտի մէջ: Անոնք կառուցուած են Արցախի եւ Հայաստանի պետական միջոցներով եւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի ֆինանսաւորումով:
Բնակարանները եւ բնակելի տուները տրամադրուած են զոհուած անձերու ընտանիքներու, տեղահանուածներու, առաջին խումբի անժամկէտ զինուորական հաշմանդամութիւն ունեցողներու, բանակին մէջ գործող եւ պահեստազօրի զինուորներուն, հինգ եւ աւելի զաւակ ունեցող ընտանիքներու, գաղթականի կարգավիճակ ստացած ընտանիքներու եւ ծնողազուրկ անձերու ընտանիքներու:
«2022 թուականին շահագործման կը յանձնուի շուրջ 600 բնակարան եւ բնակելի տուն, որի շուրջ 90 տոկոսը՝ շրջաններում», տեսանիւթին մէջ կը նշէ Արցախի բնակարանային հարցերու կոմիտէի նախագահ Արմէն Մանգասարեան:
Ըստ անոր՝ ներկայ դրութեամբ, Ստեփանակերտի մէջ շուրջ 1300 բնակարաններու շինարարական աշխատանքներ կ՛ընթանան, շրջաններուն մէջ այդ թիւը կը հասնի շուրջ 1500ի: Յաւելեալ 1000 բնակարաններու, բնակելի տուներու նախագիծերու եւ նախահաշիւներու փաստաթուղթերը պատրաստ են, եւ յառաջիկային պիտի սկսի անոնց շինարարութիւնը:
«Հանրապետութիւնում բնակարանային հաշուառման հերթացուցակներում արդէն ունենք մօտ 8500 ընտանիք: Կարծում եմ՝ այս շինարարական տեմպերով (կշռութով) առաջիկայ տարիներին հնարաւոր կը լինի նրանց հարցը լուծել», ընդգծեց Մանգասարեան: