ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Շուշիի ուղղութենէն 15 Յուլիսին արձանագրուած կրակահերթերուն վերաբերեալ ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած տեղեկութիւնները ստուգելու նպատակով, Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի (ՄԻՊ) աշխատակազմին կողմէ կատարուեցաւ միջադէպին վերաբերեալ փաստերու հաւաքագրում:
Արցախի ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, որ իր ներկայացուցիչները այցելեցին Ստեփանակերտի Արմէնաւան թաղամասը, եւ բնակիչներու հետ հանդիպման ընթացքին հաստատուեցաւ փաստը, որ երեկոյեան մօտաւորապէս ժամը 5ին ատրպէյճանական կողմը 4-5 անգամ կարճ կրակահերթ արձակեց ինքնաձիգերէ: Տեղեկութիւնը հաստատեցին նաեւ պետական լիազօր մարմինները:
«Միջադէպի մասին տեղեկացուել են ռուսական խաղաղապահ ուժերը: Առողջապահութեան նախարարութիւնից եւ Ստեփանակերտի զինուորական հիւանդանոցից ստացուած տեղեկութիւններով՝ միջադէպի հետեւանքով տուժածներ չկան: Ադրբեջանական կողմը, կոպտօրէն խախտելով հրադադարի մասին եռակողմ յայտարարութիւնը, վերջին օրերին առաւել յաճախ է դիմում սադրիչ գործողութիւնների՝ այդ կերպ հետապնդելով խաղաղ բնակչութեանը մշտապէս ահաբեկելու, վախի ու լարուածութեան մթնոլորտ ձեւաւորելու նպատակ: Միջադէպերի քննութեան յստակ կառուցակազմերի ներդրումը ուղղակի ահրաժեշտութիւն է ադրբեջանական կողմի նկրտումները զսպելու եւ սադրանքները բացառելու համար: Արցախի ժողովրդի ֆիզիքական եւ հոգեկան անձեռնմխելիութեան դէմ ադրբեջանական ոտնձգութիւնները ռուս խաղաղապահների եւ միջազգային հանրութեան կողմից պէտք է արժանանան համապատասխան գնահատականի՝ այդ թւում հրապարակային», իռ գրութեան մէջ կ՛ըսէ Գեղամ Ստեփանեան։