Երէկ` երեքշաբթի, 14 ապրիլին, Արցախի մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը, որուն, տարածքային ընտրական յանձնախումբերէն հաղորդուած տուեալներուն համաձայն, ժամը 20:00-ի դրութեամբ մասնակցած է 47.050 ընտրող` ընտրողներուն 44,9 առ հարիւրը:
Առաւօտեան ժամը 8:00-ին բացուած են 282 ընտրական տեղամասերը, որոնցմէ մէկը` Երեւանի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան շէնքին մէջ, ուրիշ մըն ալ` Շուշիի քրէակատարողական հիմնարկին մէջ:
Նշենք, որ, 31 մարտին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներուն համաձայն, ոչ մէկ թեկնածու կրցած էր ապահովել անհրաժեշտ քուէն:
Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութեան 13 ապրիլ 2020-ի տուեալներով, Արցախի մէջ ընտրողներուն ընդհանուր թիւը կը կազմէ 103.637:
Աւելի ուշ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Արայիկ Յարութիւնեանին հետ: Հաղորդակցութեան ընթացքին նախագահը շնորհաւորած է Արայիկ Յարութիւնեանը` Արցախի նախագահի ընտրութիւններու երկրորդ փուլին յաջողութեան հասնելու եւ Արցախի Հանրապետության նախագահի բարձր պաշտօնին ընտրուելու առիթով: