30 դեկտեմբեր 2019-ին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան այցելեց Արցախի ու Ազրպէյճանի սահման եւ շնորհաւորեց զինուորները` Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթներով: Նախագահ Սահակեանին կ՛ընկերակցէին պաշտպանութեան նախարար Կարէն Աբրահամեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
Այցելութենէն մէկ օր առաջ` 29 դեկտեմբերին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի, պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանի, անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արշաւիր Ղարամեանի, բանակի հրամանատար Կարէն Աբրահամեանի ներկայութեան Մարտունիի մէջ Արցախի պաշտպանութեան բանակի շարք մը զինուորներ ու պահեստազօրայիններ ստանձնած են 44 նոր բնակարաններ, իսկ շարք մը նախկին զինուորներու բնակարանային պայմաններու բարելաւման նպատակով յանձնուած են դրամական փոխհատուցումներ: