Արցախի հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան արտակարգ նիստի հրաւիրեց Արցախի խորհրդարանը: Յարութիւնեան ռազմական դրութիւն եւ ընդհանուր զօրահաւաք յայտարարեց Արցախի մէջ:
« Մեկնելով ստեղծուած իրավիճակէն՝ Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ է հրաւիրուել: Յայտարարել եմ ռազմական դրութիւն եւ համատարած զօրահաւաք տասնութից բարձր տարիքային խումբերու համար:
Մենք բազմիցս յայտարարած ենք, թէ կողմնակից չենք պատերազմի, բայց պատրաստ ենք պատերազմի: Մեզմէ աւելի շատ խաղաղութիւն սիրող եւ խաղաղութեան կողմնակից չկայ:
Մենք չենք ցանկացած պատերազմ, այս պատերազմը մեզի պարտադրած են, եւ պարտաւոր ենք պաշտպանելու մեր հայրենիքն ու ընտանիքները:
Իրավիճակի սրման համար ամբողջ պատասխանատուութիւնը կրելու է Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական իշխանութիւնը:
Տարածաշրջանին մէջ յղի մարդկային աղէտներուն պատասխանը պիտի տայ Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւը».յայտարարեց Յարութիւնեան:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Շուշան Ստեփանեան հրապարակեց տեսանիւթ մը, ուր հայկական զինուած ուժերը կ’ոչնչացնեն ազերի հրասայլեր եւ նախայարձակներ: