Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Շաբաթ, 17 Նոյեմբերին, Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպեցաւ բարերար Մայք Սարեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի մէջ զանազան ծրագիրներու իրականացման վերաբերող հարցեր: Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ առողջապահութեան ոլորտի զարգացումը:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր համարեց Սփիւռքի հայրենակիցներու մասնակցութիւնը հայրենիքի շէնացման եւ հզօրացման գործին՝ աւելցնելով, որ պէտք է նոր որակ հաղորդել գոյութիւն ունեցող փոխգործակցութեան՝ առաւել խորացնելով ու ընդլայնելով զայն:
Նշենք, որ Սարեան երկու շաբաթ առաջ Ստեփանակերտի մէջ հանդիպած էր նախագահ Սահակեանի հետ:
Նախագահ Սահակեան նոյն օրը հանդիպեցաւ նաեւ բարերար Վահէ Կարապետեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի մէջ զանազան ծրագիրներու իրականացման վերաբերող հարցեր:
Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնեց Վահէ Կարապետեանին՝ Արցախին միշտ աջակցութիւն ցուցաբերելուն համար, բարձրօրէն գնահատելով անոր հայրենանուէր գործունէութիւնը: