ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ստորագրեց կառավարութեան որոշումը` հաստատելով 27 Սեպտեմբեր 2020ին Արցախի Հանրապետութեան վրայ սանձազերծուած պատերազմական գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք զոհուած (մահացած) եւ անյայտ կորսուած նկատուող ընտանիքներուն, հաշմանդամ դարձած եւ (կամ) անօթեւան մնացած անձերուն բնակարան տրամադրելու ծրագիրը: Այս մասին նախագահը գրած է Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ։
Ստեփանակերտ քաղաքին մէջ արդէն իսկ կը կառուցուին բազմաբնակարան շէնքեր` շուրջ 1200 բնակարաններով: Հանրապետութեան գիւղական շրջաններուն մէջ կը կառուցուին առնուազն 20 նոր բնակելի թաղամասեր՝ 2297 բնակելի տուներ, առաւել քան 36 համայնքներու տեղահանուած բնակիչներուն համար:
Ծրագիրի ֆինանսաւորումը կը կատարուի Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պիւտճէի, Արցախի Հանրապետութեան պետական պիւտճէի, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի եւ օրէնսդրութեամբ նախատեսուած այլ միջոցներու հաշուոյն։