Արցախի պաշտպանութեան բանակը տեղեկացուց, թէ հինգշաբթի, 1 հոկտեմբերին արցախա-ազերիական հակամարտութեան գօտիի հարաւային հատուածին մէջ՝ Վարազաթումբ (Լելէ Թեփէ) տարածքին մէջ, վար առած է թշնամիի ուղղաթիռ մը, որ ինկած է Իրանի իսլամական հանրապետութեան տարածութեան մէջ:
Նշենք, թէ մարտական գործողութիւններ նաեւ տեղի կ’ունենան Իրանի իսլամական հանրապետութեան սահմանին շատ մօտ շրջաններու մէջ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտարարեց, թէ 1 հոկտեմբերի բախումներուն լոյսին տակ, թշնամիին մարդկային կորուստները 360-ի կը հասնին: Վերջին 24 ժամերուն ջախջախուած է թշնամիի 3 ուղղաթիռ, 15 տարբեր տեսակի զրահապատ, 1 Smerch, 6 անօդաչու թռիչքային սարք:
Յովհաննիսեան աւելցուց, թէ թշնամին դարձեալ սկսած է ռմբակոծել բնակելի վայրեր: Այս պահուն անոնք հրետանիով կը ռմբակոծեն Հատրութի շրջանը: Ռմբակոծումներէն մարմնական վնասուածք ստացած է «Արմենիա» հեռատեսիլի ընկերութեան նկարահանող Արամ Գրիգորեանը: Իսկ Արցախի Մարտունի քաղաքին մէջ ազերիական ռմբակոծութիւններուն հետեւանքով վիրաւորուած են ֆրանսական «Le Monde» պարբերականի երկու լրագրողներ: