Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ Արցախեան ազատագրական պայքարի 25-ամեակին եւ Վարդանանց ճակատամարտին նուիրուած նախաձեռնութիւններու պաշտօնական յայտարարութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 5 Փետրուար 2013-ին, առաւօտեան ժամը 7:30-ին, ներկայութեամբ վարժարանի աշակերտութեան եւ անձնակազմին:
Հաւաքին վարժարանի աշակերտական խորհուրդին անունով խօսք առաւ Մանուելլա Օհաննէսեան, որ նշեց, թէ հայ աշակերտները իրենց գործունէութեամբ եւ ծառայութիւններով պէտք է հետեւին հերոսներու սրբազան եւ նուիրական ուղիին: Օհաննէսեան աւելցուց, որ Վարդանանց ճակատամարտի եւ Արցախեան պայքարի նահատակները անմահ կը մնան, այնքան ատեն, որ ժառանգորդները կը մնան անոնց արժանի զաւակները:
Ապա Արցախի քայլերգի ունկնդրութեամբ տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որմէ ետք խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ ըսաւ, թէ Քրիստոսի եւ Հայրենիքի համար կռուեցան մեր քաջերը, որոնց երթը պիտի շարունակէ գալիք սերունդը: Պրն. Գալուստ հաստատեց, որ պիտի գայ օրը, երբ Մասիս սարը պիտի վերադառնայ իր մայր տիրոջ:
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, «Յ. Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց ճակատամարտին նուիրուած հանդիսութիւն, մասնակցութեամբ նախակրթարանի աշակերտութեան:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց 6-րդ դասարանի աշակերտուհի Կալի Խաշօլեան, որ նշեց, թէ 16 դարեր անցած են եւ տակաւին Վարդանանցը կը մնայ ուխտի եւ կամքի վերանորոգման առիթը. ուխտ` քալելու վարդաններու եւ ղեւոնդներու ուղիով, կամք` շարունակելու ազգապահպանման պայքարը:
Հանդիսութեան պատգամախօսն էր Հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան, որ ներկայացուց Վարդանանց ճակատամարտին հոգեւոր եւ ազգային արժէքն ու կարեւորութիւնը: Հայր Զահթէրեան շեշտեց, որ հայ աշակերտները պէտք է հպարտ զգան իրենց պատկանելիութեամբ եւ արժէքներէն երբեք զիջում չկատարեն ոչ պարսիկին, ոչ թուրքին եւ ոչ ալ ազերիին: Հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան ըսաւ, որ Արցախեան ազատագրական պայքարի յաղթանակը լաւագոյն ապացոյցն է հաստատելու, որ վարդաններու երթը կանգ չէ առած:
Վարդանանց տօնակատարութեան ընթացքին առաջինէն վեցերորդ դասարաններու աշակերտները ասմունքով եւ երգերով ստեղծեցին տօնական խանդավառ եւ ազգային մթնոլորտ: Աշակերտները նաեւ դիտեցին Վարդանանց ճակատամարտին նուիրուած տեսերիզ մը:
Աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ յայտնեց, թէ աշակերտները պէտք է հաւատարիմ մնան Վարդաններու կտակին եւ հաւատքով վերանորոգեն իրենց ուխտը:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ