ԱԶԵՐԻ ԶՕՐԱՄԻԱՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ԿՐԱԿԵՆ ԻՐԱՐՈՒ ՎՐԱՅ
Արցախի հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի յատուկ նշանակութեան միաւոր եւ «Կամաւորական շարժում» ջոկատը հիւսիսային սահմանագիծին վրայ ազատագրեցին Վարանթագաղ(Լուլասազ) կոչուող բարձունքը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Արցախի պաշտպանութեան բանակը Ճեպրայիլի հարաւարեւեւլեան շրջանին մէջ ազերի թշնամիին պատկան վառելանիւթի նոր շտեմարան մը ոչնչացուցած է այսօր առաւօտեան:
Միւս կողմէ, Արցախի նախագահի մամլոյ խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան յայտնեց, թէ ազերի բանակին միաւորները գրեթէ կազմալուծուած ըլլալով, խուճապ ստեղծուած է թշնամիին զօրամիաւորներուն մէջ եւ յաճախ կը կրակեն իրարու վրայ:
« Մեր ուժերուն ոգեւորութեան ալիքը հետզհետէ «անկառավարելի» կը դառնայ: Պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ փայլուն կերպով կատարել իր մարտական պարտականութիւնները: Թշնամիին գրեթէ կազմալուծուած զօրամիաւորները խուճապէն կորսնցուցած են իրավիճակին կառավարումը եւ կը կրակեն իրարու վրայ». նշած է Վահրամ Պօղոսեան, դիմատետրի իր էջին վրայ:
Թշնամին կը շարունակէ ռմբակոծել Ստեփանակերտը: