Արցախի հանրապետութեան նախագահի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան յայտարարեց, թէ պաշտպանութեան բանակը սահմանագիծի որոշ հատուածներու մէջ, մարտավարական նպատակով յետ քաշած է իր զօրքերը:
Պօղոսեան նշեց սոյն որոշումին հիմնական պատճառները.
Ա- Խուսափիլ աւելորդ զոհերէ
Բ- Աւելի մեծ վնաս հասցնել թշնամիի զօրքերուն
«Բանակի հրամանատարութիւնը կը շարունակէ արհեստավարժ կերպով վարել մարտերը եւ հեու չէ այն օրը, երբ կը տեսնենք թշնամիի կազմալուծուած բանակին խուճապահար նահանջը: Որոշումը արդէն ընդունուած է, մենք պիտի չկենանք» յայտնեց Պօղոսեան:
Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին մէկ տարուան ընթացքին զօրացրուած ծառայողներուն կոչ ըրաւ ներկայանալու կեդրոնական հաւաքակայան, զինուորագրուելու Հայոց բանակին:
Ան նշեց, թէ Արցախի եւ Հայաստանի նկատմամբ Թուրքիոյ աջակցութեամբ իրականացուող Ազրպէյճանի յարձակումը ոչ թէ ուղղակի Ղարաբաղի հարց է, այլ Հայոց ցեղասպանութիւնը շարունակելու քաղաքականութիւն:
«Այսօր մենք պէտք է ժողովուրդը պաշտպանենք ցեղասպանութենէն». շեշտեց Փաշինեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի իր պաշտօնակիցին Ժան Իվ Լը Տըրիանի հետ: Երկու նախարարները շեշտեցին ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու անհրաժեշտութիւնը:
Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի անձնակազմը յայտարարեց, թէ 4 հոկտեմբերին Ազրպէյճանի սանձած յարձակումներուն հետեւանքով մահացած է 19 քաղաքացի: Վիրաւորներուն թիւը կը հաշուէ 80: