Արցախի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Արթուր Սարգսեան յայտնեց, թէ ծանր բախումներ տեղի կ’ունենան սահմանագիծին երկարութեան:
Սարգսեան նշեց, թէ թշնամին ունի մարդկային եւ ռազմական մեծ կորուստներ: «Ճշդուած տուեալներով՝ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժինները, հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներ օգտագործելով վար առած են երեք ուղղաթիռ, շուրջ քսան անմարդ թռչող սարք, երեսուն հրասայլ եւ տասնեակաւոր մարտական մեքենաներ». յայտարարեց Սարգսեան: