ՍՏԵՓԱԿԱՆԵՐՏ, «Ապառաժ».- 25 Մարտէն սկսեալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտօնական լեզուներն են՝ գրական հայերէնը եւ ռուսերէնը: Այս մասին փոփոխութիւններու նախագիծը Արցախի Ազգային ժողովը ընդունեց 25 Մարտին տեղի ունեցած լիագումար նիստին:
Քննարկման լայն առարկայ դարձած օրէնքի նախագիծը բազմաթիւ բացասական արձագանգներ ունեցաւ եւ նկատուեցաւ «անտեղի քծնանք ու Արցախի հայկականութեանը սպառնացող երեւոյթ»: Քուէարկութեան օրը համահեղինակներէն Մետաքսէ Յակոբեան յայտարարեց, որ կը հրաժարի համահեղինակ ըլլալէ եւ պիտի չմասնակցի քուէարկութեան։
Հասարակական հնչեղութիւն ստացած նախագիծին վերաբերեալ Համահեղինակները միայն մէկ հանրային քննարկում կազմակերպեցին: Հասարակութեան տարբեր շերտերու կարծիքները լուսարձակի տակ առնելու համար, ինչպէս յիշեցինք այսօրուան թիւին մէջ այլ լուրով մը, կլոր-սեղան քննարկումի նախաձեռնեց նաեւ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութիւնը: Այդ քննարկման ներկաները նշեցին, որ օրինագիծը լրացուցիչ ուսումնասիրութեան կարիք ունի եւ ընդունելի չէ այդ բովանդակութեամբ վաւերացնել զայն:
Այնուհանդերձ, 27 թեր, 2 ձեռնպահ քուէներով օրէնքի փոփոխութիւններու նախագիծը ընդունուեցաւ: «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը ձեռնպահ քուէարկեց։