Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խորհրդարանի մամլոյ սպասարկութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի տարեկան դրամահաւաքի կազմակերպական աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով, Նոյեմբեր 15ին ճամբայ ելած է դէպի Լոս Անճելըս: Անոր պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մօտ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Ռոբերտ Աւետիսեան եւ ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութեան բազմակողմանի համագործակցութեան վարչութեան պետ Արմինէ Ալեքսանեան:
Նոյեմբեր 16ի առաւօտեան, պատուիրակութիւնը այցելած է Մեծի Տան Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանը եւ հանդիպած թեմակալ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Ազգային կեդրոնական ու թեմական վարչութեան անդամներու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ԼՂՀ ներքին կեանքին եւ Արցախ-Սփիւռք յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր:
Արցախի Ազգային ժողովի նախագահը ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն անունով շնորհակալութիւն յայտնած է հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն՝ Արցախի մնայուն աջակցութեան համար, եւ կոչ ըրած է շարունկելու ազգանուէր առաքելութիւնը:
Նոյն օրը, պատուիրակութիւնը «ԿաթՓրինթ» ընկերութեան տնօրէն Ռէյ Յարթունեանի հրաւէրով այցելած է այդ հաստատութեան գրասենեակը եւ ծանօթացած ընկերութեան արտադրական հնարաւորութիւններուն: Հանդիպման ընթացքին քննուած են Արցախի մէջ տպագրական աշխատանքներու զարգացման հեռանկարները: Ղուլեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ռէյ Յարթունեանին, Արցախի նուիրուած ծրագիրներու իրականացման գծով անոր աշխոյժ մասնակցութեան եւ կատարած զգալի ներդրումներուն համար:
Աշոտ Ղուլեան Նոյեմբեր 17ին հանդիպում ունեցած է նաեւ Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի վարչական մարմինի անդամներուն հետ՝ ատենապետ Վազգէն Խոդանեանի գլխաւորութեամբ:
Յաջորդ հանդիպումը տեղի ունեցած է Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան պատասխանատուներուն հետ՝ ատենապետ Յակոբ Նազարեանի գլխաւորութեամբ: Արցախի խորհրդարանի նախագահը հանդիպում ունեցած է նաեւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի պատասխանատուներուն հետ՝ Վիգէն Յովսէփեանի գլխաւորութեամբ:
Աւանդական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ քննարկուած են Արցախի Հանրապետութեան ներկայ ընկերատնտեսական իրավիճակը, տարածաշրջանային վերջին զարգացումները եւ Արցախ-Սփիւռք համագործակցութեան հեռանկարին վերաբերող հարցեր:
Հայ աւանդական կուսակցութիւններու պատասխանատուները տեղեկացուցած են, թէ իրենք արդէն իսկ կոչեր կատարած են համախոհներուն՝ այս տարուան պատկերասփիւռային դրամահաւաքին մասնակցելու համար, եւ վստահեցուցած են, թէ պիտի շարունակեն Արցախի զարգացման ծրագիրներուն օժանդակել:
Հանդիպումներուն մասնակցած են Ղուլեանի ընկերակցած պատուիրակութեան վերոնշեալ անդամները:
Օրուան երկրորդ կիսուն, Ղուլեան հանդիպում ունեցած է բարերար Անդօ Պաղդասարեանի հետ: Զրոյցի ընթացքին քննուած են դրամահաւաքին ու Արցախի տնտեսական զարգացման առնչուող հարցեր: Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը եւ կազմակերպութեան ԱՄՆ Արեւմտեան ափի գործադիր տնօրէն Սարգիս Քոթանճեանը:
Նոյեմբերի 18ին, Արցախի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան պատարագ մատուցած է Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ: Պատարագին ներկայ եղած է Արցախի պատուիրակութիւնը՝ Ղուլեանի գլխաւորութեամբ:
Պատարագի ընթացքին յայտարարուած է, թէ ամերիկահայ Գառնիկ Գալստանեանը Իրանի Ատրպատական շրջանէն գնած է 19-րդ դարու սկիզբը գրուած Աւետարան մը, զոր շուշեցի բնակիչ մը պատուիրած էր Ս. Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ համար: Նուիրատուն որոշած է Աւետարանը վերադարձնել տիրոջ՝ Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ, եւ այս առթիւ անիկա հանդիսաւորապէս յանձնուեցաւ Արցախի թեմակալ առաջնորդին:
Օրուան երկրորդ կիսուն, ԼՂՀ խորհրդարանի նախագահը ընդունած է Ազգային բարերար Վահէ Կարապետեանը: Զրուցակիցները քննարկած են Արցախի ընկերատնտեսական զարգացման հեռանկարները, համազգային ծրագիրներու իրականացման հնարաւորութիւնները եւ հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման հետ առնչուող հարցեր:
Երեկոյեան, Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը մասնակցած է «Հեռուստամարաթոն 2012»-ի շրջանակներուն մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր միջոցառման՝ նուիրուած Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի 20-ամեակին եւ գալիք պատկերասփիւռային դրամահաւաքին: Միջոցառման ընթացքին ելոյթ ունեցած է նաեւ Աշոտ Ղուլեան: