Արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հարաւարեւելեան (Կուրոպատկինոյ) ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերէն մէկուն պաշտպանական հատուածին մէջ 24 յունուարի գիշերը` ժամը 02:00-ի սահմաններուն, ՊԲ առաջապահ ուժերուն կողմէ հաւաստանշուած է հակառակորդի հետախուզուզական խումբի ներթափանցման փորձ: Ձեռնարկուած կանխարգելիչ գործողութիւններու արդիւնքով ատրպէյճանական յատուկ ջոկատայինները յետ շպրտուած են: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ԱՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն: Ըստ նախնական տուեալներու` հակառակորդին կողմէ կան կորուստներ: Մանրամասները կը ճշդուին: