ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան կայքը Ատրպէյճանի մէջ անհասանելի դարձաւ, կը հաղորդէ լրատու գործակալութեան թղթակիցը:
Այս իրողութիւնը կը կապուի Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանի հետ «ՌԻԱ Նովոսթի»ի հետ ունեցած հարցազրոյցին, որուն լոյսին տակ կարգ մը ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ տեղական իշխանութիւններուն կոչ ուղղած էին արգիլելու «Ռաշա Թուտէյ» միջազգային լրատու խմբակին պատկանող լրատուամիջոցները:
Իբրեւ պատասխան գործակալութեան հարցումին՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «Ռոսիա Սեկոտնիա»ն, իբրեւ թէ, շրջանառութեան մէջ կը դնէ Արցախի յայտարարութիւնները` նկատի ունենալով «ՌԻԱ Նովոսթի»ի թղթակիցին եւ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարին միջեւ զրոյցը:
Նախարարութիւնը կը կարծէ, որ ռուսական պետական գործակալութիւնները, իբրեւ թէ, կը տարածեն «զրպարտչական տեղեկատուութիւն», որ կը հակադրուի Ատրպէյճանի «տարածքային ամբողջականութեան» եւ կը խթանէ «անջատողական միտումները»:
«Այս բոլորը չեն համապատասխաներ Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու ոգիին եւ, հետեւաբար, լուրջ ափսոսանք կը յառաջացնեն», ըսաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Լէյլա Ապտուլայեւա:
Ըստ անոր, այդ իբրեւ թէ կը հակասէ Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ 1997ի բարեկամութեան, ապահովութեան եւ զինուորական գործընկերութեան համաձայնագիրի եւ 2022ի դաշնակցային համագործակցութեան մասին կէտերուն:
««ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութեան կողմէ այս սադրիչ յայտարարութիւններուն կրկնութիւնը նաեւ ստուերի տակ կը ձգէ յետ հակամարտութեան ժամանակաշրջանին տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու Ռուսիոյ ջանքերը», աւելցուց Ապտուլայեւա՝ առանց որեւէ ապացոյց ներկայացնելու այն մասին, թէ «ՌԻԱ Նովոսթի» անջատողականութեան քարոզչութիւն կը կատարէ: