Անցնող տարուան Յունուար-Հոկտեմբեր ամիսներուն արտերկրէն ժամանած զբօսաշրջիկներու թիւը Արցախի մէջ կազմած է 23 հազար. նախորդ տարուան համեմատ` այդ ցուցանիշը աճած է 41 տոկոսով:
Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Արտակ Գրիգորեան ըսած է, որ զբօսաշրջիկները հիմնականօրէն Արցախ կ՛այցելեն ճանաչողական նպատակով, քանի որ անոնց շատ կը հետաքրքրէ մեր պատմամշակութային հարուստ ժառանգութիւնը:
Այժմ զբօսաշրջային գործարկուներու թիւը Արցախի մէջ հասած է 8-ի, կան արտօնագրուած զբօսավարներ, որոնք պարբերաբար կը մասնակցին զբօսավարներու համար նախատեսուած դասընթացներուն: Արցախի մէջ ներկայիս կը գործէ 50 հիւրանոցներ:
Անդրադառնալով զբօսաշրջային տուներուն` Ա. Գրիգորեան նշած է, որ յատկապէս գիւղական համայնքներու մէջ 2018-ի համար կը նախատեսուի կիրառել նոր զարգացման ծրագիր` զբօսաշրջային ոլորտի մէջ գործունէութիւն ծաւալել ցանկացող շահառուներու համար թէ՛ վերապատրաստման դասընթացներու եւ թէ՛ համապատասխան գրականութեան տրամադրման ձեւով:
Խօսելով 2018 թուականին իրականացուելիք ծրագրի` «Tourist friends» համակարգի մասին` ան ըսած է, որ այս ձեւով պիտի փորձեն առաւելագոյնս դիւացնել զբօսաշրջիկներու կեցութիւնը Արցախի մէջ` ոչ միայն տեղեկատուութեան փոխանցման, այլ որեւէ բնագաւառի մէջ տեղեկութիւն ստանալու հարցով: Համակարգին մէջ պիտի աշխատին վերապատրաստած մասնագէտներ, որոնք պիտի ունենան հիմնական գիտելիքներ զբօսաշրջային բնագաւառէն, կարեւորութիւն պիտի տրուի նաեւ օտար լեզուներու իմացութեան:
«2018-ին մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձնենք ոչ միայն վերջին 10 տարիներու ընթացքին Արցախի մէջ բաւական զարգացած մշակութային զբօսաշրջութեան, այլեւ այլազանութիւն պիտի մտցնենք: Մեր գործառոյթներէն մէկը պիտի ըլլայ նոր զբօսաշրջային արտադրանքի ստեղծումը, զարգացումը եւ տարածումը զբօսաշրջիկներու եւ ընկերութիւններու մէջ: Նոր ուղղութիւնը պիտի ունենայ ժամանցային եւ արկածային բնոյթ, որ պիտի ապահովէ մեծ առաջընթաց, եւ այն ծրագիրները, որոնք պիտի նախանշուին գալիք տարի, աւելի պիտի խթանեն զբօսաշրջիկներու քանակի աւելացումը Արցախի մէջ»,- ըսած է ան: