Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ողջունած է Ռուսիոյ նախագահին կողմէ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններու անկախութիւնը ճանչնալու որոշումը: Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը այս մասին գրած է Դիմատետրի իր էջին վրայ:
Ռուսիոյ նախագահին որոշումը ողջունած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան: