ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոն Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայաստան-Ամերիկա բարեկամական խումբին եւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին միջեւ տեսակապի միջոցով 31 Յուլիսին տեղի ունեցած փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրութեան արարողութեան ընթացքին յայտնեց, որ Հայկական համախմբումը մօտէն կը հետեւի հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան եւ կը ջանայ հասնիլ այնպիսի լուծման, որ Արցախ ունենայ միջազգային կարգավիճակ եւ մնայ հայկական, միաժամանակ քննադատելով Պաքուի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը։
Յուշագիրը կնքուեցաւ վերահաստատելու համար Ամերիկա-Հայաստան գործընկերութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը:
Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ ստորագրեց Լիլիթ Մակունց, իսկ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին՝ Փալոն, յաջորդաբար Երեւանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան եւ Ուաշիկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ: Ներկայ էին նաեւ երկու երկիրներու դեսպանները,«Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էդմոն Մարուքեան եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահէ Էնֆիաջեան:
Դեսպան Լին Թրէյսի յայտնեց, որ ստորագրութեան արարողութեամբ պիտի խորացուի 28ամեայ գործընկերութիւնը՝ յիշեցնելով, որ Ուաշինկթըն ցարդ 2 միլիառ տոլարով աջակցած է Հայաստանին։
«Մենք լիայոյս ենք, որ այդ յարաբերութիւններն էլ աւելի կը խորանան եւ կը խորանան զուգահեռ ընդհանուր յարաբերութիւներին եւ այն ռազմավարական երկխօսութեանը, որ ծաւալւում է Ամերկայի եւ Հայաստանի միջեւ: Մենք ուրախ ենք, որ հիմա նոյնը նոր քայլերով տեղի կ՛ունենայ նաեւ օրէնսդիր մարմինների բնագաւառում», յայտնեց դեսպան Վարուժան Ներսէսեան:
«Այս փոխըմբռնման յուշագրով մենք վերահաստատում ենք Ամերիկա-Հայաստան գործընկերութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը 2019ի սկզբին մեկնարկած ռազմավարական գործընկերութեան շրջանակներում, որը երկկողմ համագործակցութեան նոր որակի վկայութիւնն է: Յուշագիրը նաեւ ամրագրում է այն արժէքային հենքը, որը երկուստէք կարեւորւում է յարաբերութիւնների յետագայ խորացման տեսանկիւնից», իր կարգին, շեշտեց Մակունց:
Փալոն ըսաւ, որ Հայաստանի մէջ թաւշեայ յեղափոխութենէն ի վեր գործադրուած ջանքերը նպաստած են յարաբերութեան սերտացման: «Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք նկատեցինք, որ Հայաստանի մէջ խորհրդարանը շատ աւելի էական դեր սկսած է ունենալ։ Ես կը փորձեմ նոյնը հոս իրականացնել: Ժողովրդավարութեան համար շատ կարեւոր է օրէնսդիր մարմինին՝ կարեւոր դեր ստանձնելը», եզրակացուց քոնկրեսականը: