Աւարտեց «Ոսկէ ծիրան» երեւանեան 11-րդ միջազգային փառատօնը, որն այս անգամ նուիրուած էր համաշխարհային կինոյի մեծագոյն վարպետներէն մէկուն` Սերգէյ Փարաջանովին: Հէնց Փարաջանովի «Նռան գոյնի» ցուցադրութեամբ ալ սկսած էր փառատօնը` մէկ անգամ եւս շատերուն հաճոյք պատճառելով, պարտադրելով թափանցել փարաջանովեան «Պոեդիկ կինոյի» ծալքերուն մէջ: Մէկ շաբթուան ընթացքին ցուցադրուեցան հարիւրաւոր շարժանկարներ, տեղի ունեցան վարպետութեան դասեր, հանդիպումներ նշանաւոր կինոգործիչներու հետ: Որքան փառատօնը անցաւ անշուք` իր շուրջ համախմբելով հիմնականին մէջ անոնց, որոնք հրաւիրուած էին փառատօնի տնօրինութեան կողմէ, այնուհանդերձ այս իւրատեսակ տօն էր, հայկական շարժանկարի համար ճանապարհ դէպի մեծ շարժանկարչութիւն: Ուստի շատերու ուշադրութեան կեդրոնին մէջ հէնց հայկական շարժանկարներն էին, որոնցմէ մաս մըն ալ իրապէս կը հաստատէր նոր մտածողութեան ծնունդը: Եւ ահա տեղի ունեցաւ ամենասպասուածը` «Ոսկէ ծիրան» 11-րդ միջազգային կինոփառատօնը ամփոփած եւ հրապարակած է կինոփառատօնի տարբեր անուանակարգերու մէջ մրցանակները:
«Միջազգային խաղարկային մրցոյթ» անուանակարգին «Ոսկէ ծիրանի» 1-ին մրցանակին արժանացած է Ուքրանիան ներկայացնող «Ցեղը» շարժանկարը, որու բեմադրիչն է Միրոսլաւ Սլաբոշպիցկին: Այս անուանակարգին մէջ «Արծաթէ ծիրան»` 2-րդ մրցանակին արժանացած է վրացի բեմադրիչ Լեւան Կոգուաշուիլին` իր «Կոյր ժամադրութիւններ» շարժանկարին համար: Ժիւրիի յատուկ մրցանակին այս անուանակարգին մէջ արժանացած է Մեծ Բրիտանիա–Իտալիա համատեղ արտադրութեան «Նատիւրմորտ» շարժանկարը, որու բեմադրիչն է Ուբերտօ Փազոլինին:
«Միջազգային վաւերագրական մրցոյթ» անուանակարգին մէջ առաջին մրցանակին արժանացած է Իտալիա-Ֆրանսա համատեղ արտադրութեան «Քարէ գետը» շարժանկարը, որուն բեմադրիչն է Ջիովանի Դոնֆրանչեսկոն, իսկ երկրորդ մրցանակին արժանացած է Լեհաստանի ու Գերմանիոյ արտադրութեան «Դոմինոյի էֆեկտը» շարժանկարը, որու բեմադրիչներն են Էլուիրա Նեւերան եւ Փեոտր Ռոսօլովսկին:
«Կորիզ» կարճամեթրաժ շարժանկարներու մրցոյթին «Ոսկէ ծիրան»` 1-ին մրցանակին արժանացած է «Թէեւ գիտեմ, որ գետը չորցած է» շարժանկարը, որու բեմադրիչն է Օմար Ռոբերտ Համիլթոն (Պաղեստին/Եգիպտոս/Քաթար/Մեծ Բրիտանիա): Այս անուանակարգին մէջ ժիւրիի յատուկ մրցանակը տրուած է Յունաստանը ներկայացնող Ասմինա Փրոեդրուի «Կարմիր Հալքը» շարժանկարին:
«Հայկական համայնապատկեր» անուանակարգին մէջ առաջին` «Ոսկէ ծիրան» մրցանակը հայ բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի լիամեթրաժ խաղարկային. «Թեւանիկ» շարժանկարին, Հայաստան-Լիթվա արտադրութեան: Եւս մէկ «Ոսկէ ծիրան» տրուած է բեմադրիչ Վահրամ Մխիթարեանի` «Կաթնեղբայր» կարճամեթրաժ խաղարկային շարժանկարին` Լեհաստան-Հայաստան արտադրութեան: Ի դէպ, այս շարժանկարը առաջին մրցանակ ստացած է նաեւ լաւագոյն սենարի համար:
Երկրորդ մրցանակ կամ «Արծաթէ ծիրան» ստացած է Արեգ Ազատեանի եւ Շողիկ Թադեւոսեանի «Ռոմանտիկները» լիամեթրաժ-խաղարկային շարժանկարը` Հայաստանի արտադրութեան: Վկայագիր տրուած է ԱՄՆ–ն ներկայացնող Հայկ Քոչարեանի «Նորմալ եղիր, խնդրում եմ» շարժանկարը: «Ֆիպրեսկի մրցոյթ» անուանակարգին մէջ կրկին մրցանակի արժանացած է «Ցեղը» շարժանկարը: Իսկ «Էկումենիկ» մրցոյթին` Հայաստանը ներկայացնող բեմադրիչ Լուսինէ Սարգսեանի «Շքամուտքը» շարժանկարը: Խրախուսական մրցանակ. «Կոյր ժամադրութիւններ», բեմ.` Լեւան Կոգուաշուիլի (Վրաստան):
Փակման արարողութիւնը նշանաւորուեցաւ նաեւ «Ոսկէ ծիրան» ՄԿՓ-ի կողմէ քանի մը յատուկ մրցանակներու շնորհմամբ: Մասնաւորապէս` փառատօնը «Փարաջանովեան թալեր» յատուկ մրցանակի արժանացուց փառատօնի այս տարուան պատուաւոր երկու հիւրերու` աշխարհահռչակ չինացի բեմադրիչ Ցզեայ Չժանկէին եւ միջազգային կինոփառատօններու ոլորտին մէջ մեծ վաստակ ունեցող անուանի կինոգէտ Մարկօ Միւլլերին: Նշենք, որ փառատօնի փակումը համընկաւ Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Ձմերուկի փառատօնին», որ հրաշալի առիթ էր` շատերուն ծանօթացնելու ձմերուկի զարդարուեստին:
Լ.Մ.