Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ հանդիպումի ժամադրութիւն խնդրած ըլլալու վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի պահանջին եւ անոր անպատասխան մնալուն մասին լուրերը յստակացնելու նպատակով, վարչապետ Միքաթիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ անցեալ երեքշաբթի օր Միքաթիի գրասենեակի տնօրէն Նեպիլ Շտիտ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է նախագահական պալատին հետ եւ ժամադրութիւն խնդրած:
«Շտիտ ստացած է հետեւեալ պատասխանը. «Քիչ ետք կը կապուինք ձեզի», սակայն ցարդ ոչ մէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն արձանագրուած է, ընդհակառակն` կը սպրդին անճիշդ լուրեր, եւ ապատեղեկատուութեան արշաւ մը կը կատարուի, թէ նախարարի պաշտօնակատար մը միջնորդի դերակատարութիւն ստանձնած է եւ այլն: Բարեբախտաբար սակայն տուեալ նախարարի պաշտօնակատարը անձամբ հերքած է այդ տեղեկութիւնը: Նշենք, որ հրապարակուեցան նաեւ լուրեր, թէ նախագահ Աուն կը շարունակէ հետեւիլ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին, հետաքրքրական է այս իմաստով հարց տալ, թէ արդեօք ան որո՞ւ հետ կը շարունակէ կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւնը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Միքաթիի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ վարչապետին կողմէ նախագահ Աունին ներկայացուած կառավարական նոր կազմին պատկերացումը արդիւնք է երեսփոխանական պլոքներուն հետ անոր ունեցած հանդիպումներէն եւ խորհրդակցութիւններէն գոյացած եզրակացութեան:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապները չեն արտօներ, որ վարչապետը յապաղում արձանագրէ իր ստանձնած պարտականութեան մէջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ վարչապետի պաշտօնին ուղղութեամբ արձակուած ցեխարձակումներուն, որոնք ազգային մակարդակի վրայ վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ կը նկատուին:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ վարչապետը յանձնառու կը մնայ երկրին եւ քաղաքացիներուն դիմագրաւած տագնապները լուծելու, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակէ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը նախագահելու իր պատասխանատուութիւնը` սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն շրջագիծին մէջ:
«Աւելի լաւ կ՛ըլլայ, որ ոմանք բեմագրութիւններ հեղինակելով զբաղելու փոխարէն` վարչապետին հետ գործակցին` կառավարութիւնը կազմելու համար, ապա գործակցին սահմանադրական ժամկէտին մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու նպատակով», կը նշէ հաղորդագրութիւնը: