ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Անթիլիասի Դպրեվանքի ուսանողութեանս առաջին տարին, 1961-ին, տեսուչ հայր սուրբը՝ Գարեգին Վարդապետ Սարգիսեանը, իր կողմէ շաբաթը անգամ մը կատարուող բարոյախօսութեան ընթացքին հետեւեալը ըսաւ.-
«Ան որ չի գիտեր եւ գիտէ թէ չի գիտեր, համեստ մըն է, սորվեցո՛ւր անոր:
Ան որ չի գիտեր եւ չի գիտեր թէ չի գիտեր, ամբարտաւան մըն է, հեռացի՛ր անկէ:
Ան որ գիտէ եւ չի գիտեր թէ գիտէ, քնացած մըն է, արթնցո՛ւր զինք:
Ան որ գիտէ եւ գիտէ թէ գիտէ, խելացի մըն է, հետեւի՛ր անոր»:
Տեսուչ հայր սուրբին համաձայն հնդկական ծագում ունի վերոնշեալ թելադրութիւնը: Կրնայ ըլլալ որ ան նաեւ համամարդկային տարողութիւն ստացած է, ինչպէս կեանքի փիլիսոփայութեան առնչուած բազմաթիւ խօսքեր, հաստատումներ կամ ասացուածքներ:
Ուսանողական նոթատետրիս մէջ արձանագրած յիշեալ իմաստուն խօսքը յետագային արձանագրեցի նաեւ իմ կեանքիս նոթատետրին մէջ: Մեր առօրեայ կեանքը շրջապատուած է նման տիպի մարդերով: Աւետարանը կ՚ըսէ. «Ականջ ունեցողը թող լսէ» (Մատթէոս 13.9):