Այլանդակութիւն մը եւս յայտնուեցաւ այս տարուան Եուրօտեսիլ երգերու մրցանակաբաշխութեան եզրափակիչներուն: Եւրոպական երգերու ՝ «Եուրօտեսիլ 2014» մրցանքը աւարտեցաւ Աւստրիան ներկայացնող Քոնչիթա Վիուրստի (Մօրուքաւոր Կին) յաղթանակով: Հայաստանը ներկայացնող Արամ MP-3 գրաւեց չորրորդ դիրքը եւ հաաւաքեց 176 կէտ: Հայաստանին,ամենաբարձր՝ 12 կէտ շնորհեցին Ֆրանսան, Աւստրիան եւ Վրաստանը: 10-ը կէտ՝ Մոնթենեկրօ, Լաթվիա, Պելառուս,Ուքրանիա: 8-ը կէտ՝ Ռուսիան եւ Մակեդոնիան: 7-ը կէտ՝ Ռումանիան, Յունաստանը, Հունգարիան: 6 կէտ՝ Գերմանիան, Սան Մարինիօն, Մալթան եւ Իսրայէլը:
Մեծ թիւով երկիրներ նիւթական միջոցներ չունենալու պատճառով բացակայեցան այս տարուան մրցանքէն: Ցաւով պէտք է յայտնել, որ Եուրօտեսիլ մրցանքը դուրս եկած է արուեստի եւ երաժշտութեան սատարելու առաքելութենէն, դառնալով գայթակղութիւններու, այլանդակութիւններու, քաղաքական հաշիւներ մաքրելու, ինչպէս նաեւ կաշառակերութեան սարդոստայնի մը: