Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ճէյհուն Պայրամով եւ Սերկէյ Լաւրով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած են:
Ազրպէյճանական պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հաղորդումով` կողմերը քննարկած են շրջանի ներկայ կացութիւնը, ներառեալ 9 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւններուն գործադրութեան հարցը:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին նախարարները միտքեր փոխանակած են Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած կացութեան, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման հարցերը:
«Քննարկուած է «3+3» (Ազրպէյճան-Հայաստան-Վրաստան+Ռուսիա-Իրան-Թուրքիա) շրջանային խորհրդատուական հարթակի հետագայ աշխատանքին վերաբերեալ ժամանակագրութիւնը», նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ աղբիւրին, Լաւրով եւ Պայրամով քննարկած են երկկողմանի համագործակցութեան լայն շրջանակ, ներառեալ` 22 փետրուարին երկու երկիրներու նախագահներուն կողմէ ստորագրուած դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիրի կէտերուն գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ ապրիլին Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան նախապատրաստութիւնը: