Միջազգային շարք մը նշանաւոր հասարակական գործիչներ առաջարկած են ատրպէյճանցի գրող Աքրամ Այլիսլին առաջադրել Խաղաղութեան 2014-ի Նոպէլեան մրցանակի թեկնածութեան՝ «Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն միջեւ թշնամութեան յաղթահարման իմաստով իր ունեցած զարմանալի խիզախութեան համար»: Այս լուրը հաղորդեց «APA» լրատուական գործակալութիւնը:
«Խաղաղ գործընթացը չի կրնար դուրս գալ փակուղիէն, այդպիսով փխրուն խաղաղութիւնը միշտ կրնայ վերածուիլ նոր պատերազմի: Միայն նշանաւոր մարդոց ձայները կրնան խրախուսել երկու ազգերը՝ զիրար քաջալերելու եւ, վերջապէս, համաձայնութիւն գոյացնելու: Պարոն Այլիսլին եղած է բաւական քաջ, որպէսզի այդ քայլը առնէր եւ ձեռքը մեկնէր հայերուն: Եւ մենք համոզուած ենք, որ Հայաստանի մէջ կան մարդիկ, որոնք պատրաստ են պատասխանելու նոյն ձեւով», «APA»ի համաձայն՝ գրուած է Նոպէլեան մրցանակի յանձնաժողովին յղուած դիմումին մէջ:
Դիմումը ստորագրած են Սերկէյ Ապաշինը (Ռուսիա), Անտրէյ Պիթովը (Ռուսիա), Կրեկ Քալխունը (Բրիտանիա), Գէորգի Դերլուգեանը (Արաբական Միացեալ Էմիութիւններ), Ալեքսանտր Տոտորխոթովը (Ռուսիա), Քեւըն Հերրիսը (Միացեալ Նահանգներ), Ռուսլան Խեսթանովը (Ռուսիա), Միխայէլ Մայացկին (Զուիցերիա), Վլատիմիր Մալախովը (Ռուսիա), Նիքոլա Փլոթնիքովը (Գերմանիա), Թէոտոր Շենինը (Միացեալ Նահանգներ), Էնտրիւ Վախթըլը (Միացեալ Նահանգներ), Էմմանուէլ Վելլերշթայնը (Միացեալ Նահանգներ), Հասան Եուսէյնովը (Զուիցերիա):
Հասան Եուսէյնովը Ատրպէյճանի Գրողներու Միութեան անդամ է, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր, արուեստի վաստակաւոր գործիչ Չինկիզ Եուսէյնովի որդին է:
Աքրամ Նաիպովը (Այլիսլի) Ատրպէյճանի ժողովրդական գրող (1998-էն) եւ արուեստի վաստակաւոր գործիչ է, Ատրպէյճանի «Շոհրաթ» (1997) եւ «Իսթիկլալ» (2002) շքանշաններու ասպետ։ «Քարէ Երազներ» վէպին մէջ Այլիսլին ականատեսներու աչքերով հանգամանօրէն նկարագրած է Ատրպէյճանի մէջ անցեալ դարասկիզբին՝ 1918-ին, Նախիջեւանի՝ Ագուլիսի մէջ, եւ 1988-1990 թուականներուն Սումկայիթի եւ Պաքուի մէջ կատարուած հայկական ջարդերն ու ատրպէյճանցիներուն վայրագութիւնները: Վէպը 201-ի Դեկտեմբերին հրապարակուած է ռուսական «Տրուժպա Նարոտով» հանդէսին մէջ: