Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի կիրակին Լիբանանի համար եղաւ ահռելի:
Առաւօտեան լիբանանցիները արթնցան ցնցիչ տեսարաններով, պենզինի սիթեռնին պատճառած հրդեհին հուրով հրկիզուող քաղաքացիներու, ածխացած դիակներու լուսանկարներով եւ վիտէոներով, որոնք ամբողջ օրուան ընթացքին շարունակուեցան` աւելի ուշ վերածուելով հիւանդանոցներէն հնչող աղաղակներու:
Սահմռկեցուցիչ ու ահռելի պատկերներ, որոնք իւրաքանչիւր քաղաքացի կը մղեն բարձրաձայն հարցնելու նոյն հարցումը` «Աստուած իմ, տակաւին ի՞նչ պիտի տեսնենք», եւ ներքուստ ապրելու «Արդեօք մեզի ի՞նչ աղէտ պիտի պատահի»-ի սարսափը:
Շաբաթէն կիրակի լուսցող առաւօտեան Աքքարի Թլէյլ գիւղաքաղաքին մէջ արձանագրուեցաւ պայթում մը, որ պատճառեց 28 զոհեր եւ 80 վիրաւորներ:
Բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, կիրակի առաւօտեան ժամը 2:00-ին Թլէյլի մէջ պայթած է պենզինի շտեմարանը, որ բանակին կողմէ գրաւուած էր` աքքարցիներուն բաշխելու անոր մէջ գտնուած պենզինը:
«Պայթումը պատճառած է մեծաթիւ մարդկային վնասներ` քաղաքացիներու եւ բանակայիններու շարքերուն մէջ: Պայթումին մասին հետաքննութիւն մը բացուած է` բացայայտելու համար անոր դրդապատճառները», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Այլ հաղորդագրութեամբ մը բանակի հրամանատարութիւնը հաստատեց, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալած է պահեստանոցի տիրոջ զաւակը եւ աւելի ուշ պահեստանոցին տէրը` Թրիփոլիի մէջ:
Այդ պահեստանոցը կը պատկանի Ժորժ Իպրահիմին, որ արտօնած է Ալի Սուպհի Ֆարաժի օգտագործել այդ հողը` հոն զետեղելու համար իրեր, փոխադրատար մեքենաներ, վառելանիւթի շտեմարաններ եւ այլն:
Նկատի ունենալով, որ Ալի Սուպհի Ֆարաժ շուրջ 115 օրէ ի վեր բանտարկուած է` մաքսանենգում կատարելու յանցանքով, անոր պահեստանոցին մէջ գտնուող պենզինը` 60 հազար լիթր, մնացած էր շտեմարաններուն մէջ, նկատի ունենալով, որ լիբանանեան բանակը չէր ներխուժած անոր պահեստանոցը, իսկ Ժորժ Իպրահիմ եւ անոր ընտանիքը անտեղեակ էին պենզինի գոյութենէն:
Թէեւ պայթումին մասին արձանագրուեցան բազմաթիւ վարկածներ, սակայն վստահելի աղբիւրներ կը հաստատեն, որ բանակը շաբաթ գիշեր ներխուժած էր այդ պահեստանոցը եւ իր սիթեռնը լեցուցած էր ու հեռացած: Անկէ ետք ժողովուրդը մօտեցած էր օգտուելու մնացեալ պենզինէն, եւ հոն արձանագրուած էր ապահովական միջադէպ մը, որ վերածուած էր կրակոցի ու պատճառած պենզինի սիթեռնին պայթումը:
Թլէյլի պայթումին պատճառած զոհերն ու վիրաւորները, որոնք ծանր այրուածքներ ունէին, փոխադրուեցան Թրիփոլիի, Հալպայի, Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի հիւանդանոցները:
Հիմնական աշխատանքը կատարուեցաւ վիրաւորները Ժեհթաուի հիւանդանոց փոխադրելու մէջ` նկատի ունենալով այդ հիւանդանոցին արհեստավարժութիւնը` այրուածքի պարագաներ բուժելու մէջ:
Հիւանդանոցներէն ուղղակի սփռուած պատկերները` վիրաւորներուն տնքոցն ու ընտանիքներուն լաց ու կոծը ահաւոր էին, սակայն բժշկական կազմին կողմէ կար հաստատում, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի փրկելու վիրաւորները:
Վիրաւորները դիմաւորող բոլոր հիւանդանոցները կոչ ուղղեցին օժանդակելու իրենց` մազութ, անթիպիոթիք եւ սերոմ, ցաւազրկիչ ու վիրակապ տրամադրելով անոնց:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան առողջապահական զօրաշարժ յայտարարեց` ապահովելու համար վիրաւորները հիւանդանոցներ հասցնելու եւ զանոնք այրուածքներէն բուժելու բոլոր կարելիութիւնները:
Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ան յայտնեց, որ Քուէյթ, Յորդանան եւ Թուրքիա պատրաստակամութիւն յայտնած են ծանր վիրաւորներ օդանաւերով փոխադրելու իրենց մօտ եւ բուժելու այդ պարագաները:
Ուշ երեկոյեան թրքական օդանաւ մը այրուածքի երեք պարագաներ փոխադրեց Պոլիս` զանոնք բուժելու նպատակով:
Հասան յայտնեց, որ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Եգիպտոսէն օդանաւ մը Լիբանանին տրամադրած է բժշկական օժանդակութիւն` դարմանելու համար Լիբանանի մէջ գտնուող վիրաւորները:
Բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը կիրակի երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Աքքարի պայթումին պատճառով վնասուած են 24 բանակայիններ, անոնցմէ երկուքը զոհուած են, 11 զինուորականներ ծանր վիճակի մէջ են, չորսը` անհետ կորսուած եւ 7-ն` թեթեւօրէն վիրաւորուած:
Երէկ կէսօրին պայթումի վայրին մէջ բացայայտուեցաւ ածխացած դիակ մը:
Նկատի ունենալով, որ Ալի Ֆարաժի դէմ կատարուեցան մեծ թիւով ամբաստանութիւններ, որոնց համաձայն` ան 2018-էն ի վեր Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Ուալիտ Պաարինիի հետ մաքսանենգում կը կատարէ եւ Մուսթաքպալ հոսանքի մօտիկ անձնաւորութիւն կը նկատուի, Պաարինի հաստատեց, որ ինք չ՛արտօներ իր դէմ արձանագրուած վարկաբեկումը` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահէն պիտի պահանջէ վերացնել իր անձեռնմխելիութիւնը, որպէսզի ներկայանայ դատավարութեան:
Իր կարգին, Աքքարի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ խոր վիշտ յայտնեց Թլէյլի մէջ արձանագրուած այդ աղէտին համար եւ հաստատեց, որ պահեստանոցին սեփականատէրը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամ չէ:
Ան շեշտեց, որ վառելանիւթ ամբարողը ոճրագործ է` մտավախութիւն յայտնելով, որ Աքքարի այս միջադէպը պիտի օգտագործուի ամբողջ երկրին մէջ սադրանքներ նախապատրաստելու:
Թլէյլ գիւղաքաղաքի հարիւրաւոր բնակիչներ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսան հաւաքուիլ այն բացատին շուրջ, ուր կը գտնուէր պենզինի պայթած շտեմարանը: Բանակը շրջափակած էր բացատը, ուր քրէական փաստահաւաքներն ու Լիբանանեան Կարմիր խաչը կը շարունակէին իրենց որոնողական աշխատանքը` կորսուած զոհերու հաւանական բեկորներ հաւաքելու իմաստով:
Աւելի ուշ, սակայն, հարիւրաւոր թլէյլցիներ, յատկապէս հարազատներ կորսնցուցած ցասկոտ երիտասարդներ ներխուժեցին Ալի Ֆարաժի պահեստանոցը, քարկոծեցին եւ հրկիզեցին հոն գտնուող բոլոր ինքնաշարժները, փոխադրատարները, ինչպէս նաեւ անոր բնակարանը: Անոնք արգիլեցին նաեւ, որ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժեր իրենց հրշէջ մեքենաներով մօտենան` հրդեհը յանգեցնելու համար:
Այս բոլորը պատահեցան լիբանանեան բանակին աչքերուն դիմաց` բարկութեան ալիքի մը մէջ:
Ապա ցուցարարները շարունակեցին իրենց բարկութիւնը եւ վար առին ճամբուն վրայ զետեղուած երեսփոխան Ասաատ Տըրղամի որմազդը` հաստատելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքը, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը եւ բոլորը համահաւասար են իրենց աչքին, եւ պետութիւնն է պատասխանատուն Աքքարը զրկանքի տարածքի մը վերածելու եւ քաղաքացիներուն տարրական կարիքները չհոգալու առումով:
Անոնք պահանջեցին շրջանի բոլոր երեսփոխաններէն հրաժարիլ` շեշտելով, որ այլապէս անոնց բնակարանները պիտի ուղղուին եւ քանդեն զանոնք:
Կիրակի գիշեր աքքարցի երիտասարդներ ուղղուեցան երեսփոխան Պաարինիի Թրիփոլիի գրասենեակին շուրջ եւ պահանջեցին անկէ հրաժարիլ` վարկաբեկելով լիբանանեան ներկայ իշխանութիւնները:
Պէյրութի մէջ Աքքարի սպանդէն բարկացած երիտասարդներ ուղղուեցան երեսփոխան Թարեք Մերեհպիի բնակարանը, յաջողեցան մուտք գործել բնակարան եւ քանդել զայն:
Ապա ցուցարարները ուղղուեցան վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Պէյրութի բնակարանը եւ քանդեցին շէնքին մուտքը:
Միքաթի հաստատեց, որ ինք կը հասկնայ ժողովուրդին ցաւն ու վիշտը, սակայն անկարգութիւններն ու աւերումը բողոքի խաղաղ արտայայտութիւններ չեն, այլ` քանդում, որ մերժելի է:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Աքքարի աղէտէն քանի մը ժամ ետք Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը հրաւիրեց արտակարգ նիստի մը` ներկայութեամբ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն զգուշացուց Աքքարի աղէտը քաղաքականացնելու եւ Թլէյլի պայթումի զոհերուն թափած արիւնը շահագործելու փորձերէն:
Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց այս դժուար պայմաններուն ընթացքին միասնական ըլլալու եւ երկփեղկումին վերջ տալու:
Ան նկատել տուաւ, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նախորդ նիստին ընթացքին ինք տեղեկագիր մը ներկայացուցած է հիւսիսային Լիբանանի մասին, յատկապէս ծայրայեղական խմբաւորումներու կողմէ քաոսի եւ ապահովական խախտումի առաջնորդելու ծրագիրներուն մասին, եւ ըստ այնմ պահանջած է ապահովական կառոյցներու պետերէն իրարու միջեւ համակարգելու աշխատանքը եւ այդ իմաստով եզրակացութիւններու յանգելու:
Իր կարգին, Տիապ շեշտեց, որ Թլէյլի աղէտը ազդանշան մըն է բոլոր անոնց, որոնք վաճառած են իրենց խիղճը եւ մաքսանենգումով կը զբաղին` ժողովուրդը զրկելով իր իրաւունքներէն:
Տիապ հրապարակեց հրամանագիր մը, որուն համաձայն, երկուշաբթի, 16 օգոստոս 2021-ը Ազգային սուգի օր հռչակուեցաւ` Թլէյլի պայթումին յիշատակին նուիրուած:
Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար նիստէն ետք յայտնեց, որ ապահովական կառոյցներէն պահանջուած է Աքքարի մէջ տիրող իրավիճակը հակակշռել, ուժանիւթի պաշարներուն հսկել եւ մէկ ամսուան համար անոնց բաշխումը կանոնաւորել:
Նշենք, որ նախագահ Աուն խոր վիշտ յայտնեց Թլէյլի աղէտին եւ անոր պատճառած տասնեակ զոհերուն համար, իսկ վիրաւորներուն ապաքինում մաղթեց:
«Աքքարը ցնցած այս աղէտը բոլոր լիբանանցիներուն սիրտերը ցաւցուցած է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ լիբանանցիները կը զօրակցին Աքքարի բնակիչներուն եւ կը բաժնեն անոնց ցաւը:
Նախագահ Աուն կիրակի առաւօտեան կանուխ ժամերէն հետեւեցաւ Աքքարի պայթումին մանրամասնութիւններուն եւ ցուցմունքներ տուաւ ապահովութեան ուժերուն զօրաշարժի ենթարկուելու, առողջապահական մարզին` վիրաւորները փոխադրելու հիւանդանոցներ, դարմանատուներուն` պէտք եղած դարմանումը կատարելու, ինչպէս նաեւ դատական իշխանութիւններուն` հետաքննութիւն բանալու եւ պայթումին ճշմարտութիւնը բացայայտելու, ինչպէս նաեւ վստահ ըլլալու, որ անհետ կորսուածներ չըլլան:
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ցաւակցական հեռագիր մը յղեց նախագահ Աունին` Աքքարի Թլէյլ գիւղաքաղաքի պայթումին պատճառած զոհերուն առիթով:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Թլէյլի աղէտին մասին ըսաւ. «Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն պատմութեան մէջ այլ սեւ եւ արիւնալի արշալոյս մը, այս անգամ` զրկանքի խորհրդանիշ Աքքարէն: Թլէյլ գիւղաքաղաքէն, որ վիշտ կ՛ապրի եւ բոլոր լիբանանցիներուն սրտերը ճմլած է: Ազգային այս աղէտին դիմաց Աքքարի եւ Թլէյլի բնակիչներուն, ինչպէս նաեւ բանակին ցաւակցութիւն կը յայտնենք, իսկ վիրաւորներուն` ապաքինում»:
Պըրրի իր խօսքը փակեց հարց տալով, թէ արդեօք այս սեւ գիշերը պէտք չէ՞ աւարտի այլեւս:
Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ շեշտեց, որ Թլէյլի պատահարը մարդկային աղէտ մըն է, ողբերգութիւն մը, որուն պատճառը փտածութիւնն է եւ երկրին իշխանութեան պարզած անկարող իրավիճակը:
Տիապ շեշտեց, որ ժամանակն է լիբանանցիները փրկող խղճի զարթնումին: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու հարազատներուն եւ Աստուծմէ խնդրեց պաշտպանել Լիբանանն ու լիբանանցիները:
Նշանակուած վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ Աքքարի աղէտը իրենց սիրտերը արիւն լացուցած է` հաստատելով, որ այդ աղէտին զոհերը վառելանիւթի չարաշահումով զբաղող փառամոլներուն զոհերն են:
«Այս աղէտալի միջադէպը բոլորին խիղճը կը ցնցէ` փրկելու համար լիբանանցիները, որոնք խրած են տագնապներու գիրկը: Ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք, որ Աքքար չարաշահումներ կատարողներուն դաշտը չդառնայ», ըսաւ Միքաթի:
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար եւ արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուէր Յորդանան, յայտնեց, թէ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը հաստատած է Լիբանանի նկատմամբ իր զօրակցութիւնը` աւելցնելով, որ Յորդանան պատրաստ է տարբեր մարզերու մէջ օժանդակելու Լիբանանին:
Ապտալլա Բ. թագաւորը ցաւ յայտնած է Աքքարի աղէտալի դէպքին համար եւ ցաւակցութիւն յայտնած զոհերու ընտանիքներուն ու շուտափոյթ ապաքինում մաղթած վիրաւորներուն:
Ապտալլա Բ. թագաւորը ընդգծած է Յորդանանի պատրաստակամութիւնը` ծանր այրուածքներ ունեցող պարագաները փոխադրելու Յորդանան եւ բուժելու զանոնք:
Աքըր երէկ ուղղուեցաւ Ժեհթաուի հիւանդանոց եւ այցելեց վիրաւորներուն` անոնց մաղթելով ապաքինում:
Աքըր բարձր գնահատեց հիւանդանոցին դերակատարութիւնը` հաստատելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի դեղորայք եւ բժշկական օժանդակութիւն տրամադրելու հիւանդանոցին:
Ան ցաւ յայտնեց Աքքարի դէպքին համար եւ յոյս յայտնեց, որ հետաքննութիւնը կը յաջողի բացայայտել այդ դէպքին դրդապատճառները:
Աքըր ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն, յատկապէս բանակային զոհերու հարազատներուն:
Նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորա, Սաատ Հարիրի, Թամմամ Սալամ եւ Նեժիպ Միքաթի առցանց հանդիպում մը կատարեցին եւ լիբանանցիներուն համբերութիւն մաղթեցին` ցաւակցելով զոհերուն ընտանիքներուն հետ:
Անոնք կոչ ուղղեցին դիւրացնելու Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ Աքքարի սպանդը չի տարբերիր Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի աղէտէն: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն եւ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:
Ան շեշտեց, որ եթէ մարդ արարածը յարգող պետութիւն ըլլար երկրին մէջ, ապա անոր պատասխանատուները կը հրաժարէին` սկսեալ հանրապետութեան նախագահէն մինչեւ վերջին պատասխանատուն:
«Համբերութիւնը հատած է, իսկ կացութիւնը` չափ ու սահմանը անցած: Լիբանանցիներուն կեանքն ու անոնց ապահովութիւնը առաջնահերթութեանց առաջնահերթութիւնն է», ըսաւ Հարիրի:
Անդրադառնալով Աքքարի մէջ ապահովական խախտումներ ստեղծել ջանացող կարգ մը խմբաւորումներու մասին հանրապետութեան նախագահին կատարած յայտարարութիւններուն` Հարիրի շեշտեց, որ Աքքարը Գանտահար չէ, եւ պահանջեց նախագահ Աունի հրաժարականը: «Կոչ կ՛ուղղեմ քեզի հրաժարելու, որպէսզի կեանքիդ աւարտին համար նուազագոյն արժանապատուութիւնը պահպանած ըլլաս», ըսաւ Հարիրի:
Միւս կողմէ, Հարիրի շարք մը կապեր հաստատեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Յորդանանի եւ Թուրքիոյ պատկան մարմիններուն հետ` Լիբանանին բժշկական օժանդակութիւններ տրամադրելու համար:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շեշտեց, որ Թլէյլի պայթումը ազգային եւ մարդկային աղէտ է` աւելցնելով, որ այդ ոճիրին պատասխանատու է Լիբանանի իշխող պետութիւնը, որ ամէն իմաստով անկարող է տնօրինել երկիրը:
Ան կոչ ուղղեց անմիջապէս կառավարութիւն կազմելու:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը խստիւ դատապարտեց տիրող քաոսը, որ քանդիչ է եւ պատճառ դարձած է Աքքարի Թլէյլ գիւղաքաղաքին մէջ արձանագրուած աղէտին:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց երկրին քաղաքական իշխանութիւններուն, ապահովական կառոյցներուն եւ դատական իշխանութիւններուն ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը` հակակշռելու համար կացութիւնը եւ պարզելու իրաւունքը:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց զոհերուն թափած արիւնը յարգելու եւ զայն համայնքային ու քաղաքական պազարի չվերածելու անհրաժեշտութիւնը:
Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն համար, ինչպէս նաեւ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:
Ռայի պատրիարքը բարձր գնահատեց բանակին դերակատարութիւնը` լիբանանցիներու իրաւունքը պաշտպանելու եւ փտածները զսպելու առումով:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ կոչ ուղղեց Աքքարը զինուորական գօտի յայտարարելու, ինչպէս նաեւ կասեցնելու Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի որոշումը, որուն հետեւանքներէն մէկն է այս աղէտը:
Պասիլ նկատել տուաւ, որ Հզօր Լիբանան համախմբումը երկու շաբաթ առաջ զգուշացուցած է, որ Աքքար վերածուած է շրջանի մը, որ պետութեան գերիշխանութենէն դուրս կը գործէ` նկատի ունենալով վառելանիւթի աւազակախումբերը, որոնք ճամբաներն ու կայարանները կը փակեն եւ վառելանիւթի սիթեռններ կ՛առեւանգեն:
Ամալ շարժումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ցաւակցութիւն յայտնեց Թլէյլի պայթումի զոհերուն եւ շեշտեց, որ այդ աղէտները պատասխանատուութեան բացակայութեան պատճառով կ՛արձանագրուին:
Ամալ շարժումը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն փրկութիւնը արագացնելու:
Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը կը նշէ, թէ Աքքարի ազգային այս աղէտը պէտք է հզօր ազդակ մը ըլլայ` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնելու:
Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ հաստատեց, որ Աքքարի մէջ պատահածը ցաւալի է եւ աղէտալի` հաստատելով, որ այդ դէպքը պատահած է պատասխանատուութեան բացակայութեան եւ խիղճի չգոյութեան պատճառով:
Ան կոչ ուղղեց պատասխանատուութիւն ստանձնելու եւ կառավարութիւն կազմելու, որովհետեւ այս կացութեան գինը երկիրն ու քաղաքացին կը վճարեն:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին արտակարգ նիստ մը գումարելու եւ վճռական որոշումներ տալու` լիբանանցիներուն դէմ գործուող հաւաքական սպանդները կասեցնելու, ինչպէս նաեւ զանոնք իշխող աւազակախումբէն փրկելու առումով: