ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Սուրիոյ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու կանանց թեւը զգուշացուցած է Թուրքիան, որ ռազմական գործողութիւններ սկսած է քիւրտերու վերահսկողութեան տակ գտնուող սուրիական Աֆրին շրջանին մէջ:
Քրտական ANF լրատուական գործակալութեան թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ նշեալ ջոկատներու կանանց թեւին կողմէ հրապարակուած գրաւոր յայտարարութեան մէջ ըսուած է.
«Այսօր (Յունուար 25) 6րդ օրն է, երբ Թուրքիան եւ անոր հովանիին տակ գտնուող հրոսակները կը շարունակեն անդադար յարձակիլ Աֆրինի վրայ: Մենք եւ Աֆրինի ժողովուրդը պատմական դիմադրութիւն կը ցուցաբերենք: Աֆրինի հողերը Թուրքիոյ եւ հրոսակներուն համար գերեզման պիտի դարձնենք, անոնք պիտի զղջան, որ հոս ոտք դրած են»։
Յայտարարութեան մէջ նաեւ ըսուած է, որ թրքական ուժերը այս քանի մը օրերուն ընթացքին իրենց վրայ յարձակած են հրասայլերով եւ ռազմական ինքնաթիռներով, սակայն իրենք դիմած են պատասխան գործողութիւններու:
«Այս տարածքներուն մէջ, այս օրերուն, ուժեղ մարտեր կ՛ընթանան եւ դեռ կը շարունակուին: Այս մարտերուն, թուրք հրոսակները մեծ կորուստներ կրած են, սակայն անոնք կը թաքցնեն իրենց կորուստները: Անոնց մամուլին մէջ կը հրապարակուին սուտ լուրեր, իբր թէ քրտական կողմը ունի շատ կորուստներ: Մինչ վերջին 5 օրերուն կռիւներուն, մենք տուած ենք միայն 7 զոհ: Խօսք կու տանք, որ պիտի պաշտպանենք մեր հողերը եւ մեր ժողովուրդը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Մինչ այդ, Աֆրինէն քրտական աղբիւր մը «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, թէ քրտական կողմը կ՛ողջունէ սուրիական կառավարութեան հետ համաձայնութեան մը ծիրէն ներս՝ սուրիական բանակին մուտքը Աֆրին:
Աղբիւրը յայտնած է նաեւ, որ քիւրտերը զէնք բարձրացուցած են «ինքնապաշտպանութեան համար, այլ ոչ թէ սուրիական կազմին իբրեւ թշնամանք», շեշտելով, որ քիւրտերը «չեն փորձեր Սուրիոյ պետութենէն անջատուիլ, այլ անոնք սուրիական ազգային հասարակութեան մէկ մասն են»:
Ըստ նշեալ քրտական աղբիւրին, սուրիական բանակին Աֆրին մուտքին դիմաց՝ քիւրտերը կը պահանջեն «մաս կազմել քաղաքական հոլովոյթին»: Ինչ կը վերաբերի քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու զէնքին, ապա «ատիկա պիտի վերադարձուի սուրիական պետութեան, որովհետեւ արդէն անոր կը պատկանի»:
«Անջատողական ծրագիր չունինք, այլ մեր առաւելագոյն ձգտումը հայրենիքին մէջ մեր իրաւունքներուն մէկ մասը ունենալն է», նշած է քրտական աղբիւրը։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ բանտերուն մէջ գտնուող քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կին համանախագահն ու այլ կին պատգամաւորներ ու քաղաքապետներ, Աֆրինի գործողութեան դէմ եռօրեայ հացադուլի սկսած են: