Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ ՊԱՅՔԱՐ 193
Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.ի Հրատարակութեանց Լոյսին Տակ – թիւ 17
Եգիպտոսի արաբական մամուլը անցեալ դարու սկզբնաւորութեան անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան, անոր ծալքերուն եւ հետեւանքներուն, Հայաստանի աշխարհագրութեան ու պատմութեան, ինչպէս նաեւ հայկական հարցին մասին լի ու լի բացատրութիւններով, որ ինքնին բաւարար է հաստատելու Հայասպանութեան փաստը: Եթէ երբեք այսօր ներկայ Թրքական Հանրապետութիւնը պատմական թիւրիմաստ ձեւով ճանչցուած է իբրեւ Թուրքիա, սոյն մամուլի էջերուն մէջ կը կարդանք առարկայականօրէն տրուած եւ իբրեւ սովորական դարձած «Հայաստան» անուանումը՝ Օսմանեան Պետութեան, ապա ներկայ Թրքական Հանրապետութեան տարածքին մէջ եղող արեւելեան նահանգներուն, որոնք Հայաստանի արեւմտեան հատուածը կը կազմեն: Այդ մամուլը յստակօրէն կը գործածէ «Հայաստանի աշխարհագրութիւն», «Հայաստանի պատմութիւն» եւ «Հայկական Հարց» եզրերը: Նոյն այս մամուլին մէջ բազմիցս կը կարդանք նաեւ «Կիլիկիոյ Ռուբինեան իշխանութիւնը» կամ «թագաւորութիւնը» եզրը:
Եգիպտական արաբական այդ ժամանակաշրջանի մամուլի ուսումնասիրողներն ու ընթերցողները կը ծանօթանան Հայկական հարցին, շնորհիւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Գահիրէի վարչութեան որոշումով 2001ին ուսումնասիրուիլ սկսած «Հայաստան Եւ Հայերը 1876-1923 ժամանակաշրջանի Արաբական Մամուլին Մէջ» գիտական հետազօտութեան ծրագիրին, որուն նպատակն է վերոյիշեալ ժամանակաշրջանի հայոց հետ կապուած կարեւոր դէպքերն ու անոնց արձագանգները վաւերագրել ըստ եգիպտական եւ արաբական մամուլի մէջ լոյս տեսած լուրերու եւ յօդուածներու: Այս հատորաշարքին առաջինը կը կրէ «Միջազգայնացում Եւ Բարենորոգումներ 1876-1893» խորագիրը, Գահիրէ, 2015, 550 էջ, որուն սկիզբը այդ գործին մասին տեղեկութիւններ կու տայ եւ զայն կը ներկայացնէ եգիպտահայ ազգային գործիչ ու տեղւոյն Հ.Բ.Ը.Մ.ի վարչութեան նախկին ատենապետ Պերճ Թերզեան: Ան կ’ըսէ թէ Վարչութիւնը այս գործը վստահեցաւ եգիպտական Տամանհուր Համալսարանի նորագոյն եւ ժամանակակից պատմութեան դասախօս՝ դոկտ. Մուհամմատ Ռիֆաաթ Ալ-Իմամի գլխաւորութեամբ գիտական հետազօտական խմբակի մը: Աւելի քան տասը տարուան պրպտումներու իբրեւ արդիւնք, արաբական մամուլի մէջէն երեւան եկան 36,000 էջ կտրօններ հայոց եւ Հայաստանի մասին: Սոյն վաւերագրութիւնները օգտագործուեցան կազմելու համար «Հայկական Հարցը 1876-1923 Ժամանակաշրջանի Արաբական Մամուլին Մէջ» ընդհանուր խորագրեալ հատորաշարքը, որուն նիւթերը հաւաքուած են 253 թերթերէ, եւ որուն եօթերորդն է սոյն հատորը, խորագրուած՝ «Համաձայնութիւններն Ու Դաշնագիրները 1919-1923», (Գահիրէի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Սաթենիկ Չաքըր Ֆոնտի հրատ., Գահիրէ, 2019, 595 էջ):
Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.-ի վարչութիւնը հաստատած է արաբերէն www.arminmedia.com յատուկ կայքէջը, որ կը պարփակէ «Հայաստան Եւ Հայերը Արաբական Մամուլին Մէջ 1876-1923» ընդհանուր խորագրով հատորներու շարքին ամբողջ բովանդակութիւնը: Վարչութեան ատենապետ տոքթ. Վիգէն Ճիզմէճեան, որ մղիչ ոյժն է սոյն կայքէջի իրագործումին, կը յուշէ թէ կարելի է այդ կայքէջին մէջ որոնումներ եւ ուսումնասիրութիւններ կատարել՝ թուականով, նիւթի խորագրով, թերթի կամ հեղինակի անունով, կը տեղեկացնէ տիար Պերճ Թերզեան:
Եօթերորդ հատորի յառաջաբանին մէջ Մուհամմէտ Ռիֆաաթ Իմամ ժամանակագրականօրէն 1919-ի նախորդող դէպքերը կը ներկայացնէ: Ան կը սկսի հայկական նահանգներու բարեկարգումները լայնօրէն բացատրելով, նաեւ Հայոց Մեծ Եղեռնի եւ հայ վերապրողներու վիճակին մասին անդրադառնալով: Իբրեւ եզրակացութիւն ան այդ դէպքերուն պատմական բացատրութիւնը կու տայ եւ «Ազգի Մը Բնաջնջումը» (էջ 22) ենթավերնագիրին տակ կ’ըսէ. «1921-ի ընթացքին «Ազատ անկախ Հայաստանի» գաղափարը չքացաւ հայոց մտքերէն որովհետեւ արեւելեան Անատոլուն [Հայաստանի արեւմտեան հատուածը-Յ.Ի. ] ամբողջովին եւ Ռուսական Հայաստանէն [Հայաստանի արեւելեան հատուածէն-Յ.Ի.] մասեր բռնագրաւուեցան թուրքերու կողմէ: Հարիւր հազարաւոր հայեր չկրցան իրենց տուները վերադառնալ եւ նախապէս Կիլիկիա կամ արեւելեան Անատոլու վերադարձած հայեր կրկին բռնագաղթուեցան: 20 Հոկտեմբեր 1920-ին Ֆրանսա Թուրքիոյ հետ հաշտութեան դաշինք մը կնքեց, որով առաջինս Թուրքիոյ խոստացաւ վերադարձնել հայկական Կիլիկիան, նաեւ Այնթապի, Եդեսիոյ եւ Մարտինի շրջանները: Երբ Մուսթաֆա Քեմալ կռուեցաւ յոյներու դէմ եւ Իզմիր քաղաքը այրեց, որուն մէջ հայկական թաղը [Իզմիրի հայկական թաղը ծանօթ է Հայնոց անունով- Յ.Ի.], հազարաւոր յոյներ ու հայեր սպաննեց, որմէ ետք այլեւս Թրքական Հանրապետութեան մէջ հայկական ներկայութիւն չմնաց [բացի Կ. Պոլսէն- Յ.Ի.]» (էջ 23):
Մուսթաֆա Քեմալ Սեւրի Դաշնագիրի պատճառով իր դիւանագիտական պայքարը կորսնցնելէ ետք, Ֆրանսա, Մեծն Բրիտանիա եւ Ռուսիա, անշուշտ Գերմանիան ալ իրենց շահերէն ելլելով փութացին անոր վարկը վերականգնել եւ օգնեցին որպէսզի ստորագրուէր Լոզանի դաշնագիրը:
Վերդառնալով 1919-ի սկզբնական շրջանի դէպքերուն, յատկանշական է թէ նոյն տարուան Յունուար ամսուան մէջ թուքրերը Կ. Պոլսոյ եւ գաւառներուն մէջ սկսան տարաձայնութիւններ տարածել, թէ հայոց կոտորածները պիտի վերսկսին մօտ ատենէն: Այս լուրը կը կարդանք «Ալ Ահրամ» օրաթերթի 9 Փետրուար 1919 թուագրեալ թիւ 12713-ի մէջ (էջ 21): Այս տարաձայնութիւններու ետին թուրքերուն նպատակն էր հայերը հեռացնել իրենց ստացուածքներէն ու ինչքերէն, որպէսզի տիրանան անոնց: Կար նաեւ երկրորդ նպատակ մը՝ Հայասպանութեան պատասխանատու Երիտթուրք ղեավարները զերծ պահել պատիժէ: Թուրքերը ուրկէ՞ եւ ինչէ՞ն այսպիսի համարձակութիւն կ’ունենային, երբ պարտուած ու ջախջախուած կացութեան մէջ էին: Անոնք լաւ գիտէին թէ Արեւմուտքի համար թէ ՛դաշնակից եւ թէ՛ թշնամի նախկին Օսմանեան Պետութիւնը՝ ներկայիս Թրքական Հանրապետութիւնը, զօրաւոր պատուար մըն էր Ռուսիոյ առջեւ: Թուրքերը լաւ գիտէին թէ Արեւմուտքը իրենց պէտք ունի ռազմավարականօրէն՝ դէմ դնելու համար Ռուսիոյ, որ այժմ Խորհրդային Միութեան վերածուած էր:
Եգիպտական արաբական մամուլին մէջ պարբերաբար կը հանդիպինք Հայասպանութեան ոճրագործներու պատիժի լուրերուն: Սկիզբը այս հարցը շատ լուրջ բնոյթ կը ստանայ: Այդ պատիժները, որոնք գործադրուեցան Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ, կարճ ժամանակ ետք մեղմացան եւ ապա չքացան: Մեծ տէրութիւններու սեփական շահերը մղեցին զիրենք հայոց հանդէպ վարուելու անարդար եւ միակողմանի, աւելի ճիշդը՝ անբարոյ ու ապերախտ: Անոնք շուտով ուրացան իրենց փոքր դաշնակից Հայ Ազգը եւ լքեցին զայն:
Հայասպանութեան ոճրագործ պատասխանատուները պատժելու գործին նախորդեց Երիտթուրք ղեկավարութեան մասին հրապարակաւ բացայայտումներ: Անոնք քօղազերծուեցան իբրեւ փտածութեան, անբարոյականութեան, ոճիրի եւ կողոպուտի հեղինակներ: Այս ուղղութեամբ եգիպտական արաբատառ «Ալ Ահրամ» օրաթերթի 21 Փետրուար 1919 թիւ 12725-ը կը հաղորդէ, թէ փարիզեան թերթերը կը հրատարակեն Կ. Պոլսէն հասած հեռագիր մը, որուն մէջ կ’ըսուի, որ թրքական կառավարութիւնը բռնագրաւած է Միութիւն Եւ Յառաջդիմութիւն կուսակցութեան ստացուածքները, ինչպէս նաեւ անոր շարժուն եւ անշարժ հարստութիւնները: Միւս կողմէ թերթը կը հաղորդէ որ ըստ «Պալքան» հեռագրական գործակալութեան, Թուրքիոյ ելեւմուտքի նախարարը հարցազրոյցի մը մէջ կ’ըսէ, թէ Էնվեր փաշա պատերազմական նախարարի պաշտօնը վարած միջոցին, իր եղբօր անուան մեծ գումարներ փոխանցած է դրամատնային ճամբով: Փոխանցումը կատարուած է երկու հանգրուաններով: Առաջին հանգրուաին 9 միլիոն ֆրանք փոխանցուած է իսկ երկրորդին՝ 19 միլիոն ֆրանք: «Ալ Ահրամ»ի նոյն այս թիւը կը հաղորդէ թէ Կ. Պոլսոյ մէջ մինչեւ 1 Փետրուար 1919 քառասուն իթթիհատական պատասխանատուներ ձերբակալուած են:
Միւս կողմէ «Ալ Ահրամ» օրաթերթի 19 Յուլիս 1919-ի 12866 թիւը կը հաղորդէ, թէ բրիտանական զինուորական իշխանութիւնը Հալէպի մէջ վեց իթթիհատական ոճրագործներ կախաղան բարձրացուցած է, իբրեւ Հայասպանութեան պատասխանատուներ: Բրիտանական զինուորական իշխանութիւնը հայերէն պահանջած է իրենց նիւթական կորուստներուն ցանկը ներկայացնել հատուցում կատարելու նպատակով:
Թէեւ ֆրանսացիներու եւ անգլիացիերու կեցուածքը Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատու ոճրագործները պատժելու արաքին մէջ լուրջ եղած է սկիզբը, սակայն աւելի ուշ անոնք իրենց շահերէն մեկնելով բարեկամական կապեր հաստատեցին Մուսթաֆա Քեմալի հետ եւ իրենց թշնամի ու պարտուած Օսմանեան Պետութիւնը՝ իրենց բարեկամ Թրքական Հանրապետութեան վերածեցին, ապերախտաբար մոռնալով իրենց փոքր դաշնակից Հայ Ազգի ծառայութիւնները Ա. Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին:
Եւրոպական երկիրներու եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու հարցին մասին եգիպտական թերթերը օրին կը հրատարակեն լուրեր եւ մանրամասնութիւններ: «Ալ Ատլ» օրաթերթի 19 Օգոստոս 1919-ի թիւ 1575-ի մէջ Ֆրանսայի կեցուածքին մասին կը կարդանք հետեւեալը. «Ֆրանսական իշխող կարծիքը այն է թէ արեւելեան հարցին մէջ ոչ մէկ փոփոխութիւն պէտք է մտցուի, բացի Օսմանեան Պետութեան կառավարման ձեւէն: Ֆրանսա կ’ուզէ Թուրքիոյ անկախութիւնը պահպանել: Ֆրանսա պիտի չուզեր որ Թուրքիա Կ. Պոլսոյ եւ արեւելեան Անատոլուի [Հայաստանի արեւմտեան հատուած- Յ. Ի.] իր շահերը կորսնցնէ եւ օտար միջամտութիւն ըլլայ իր գործերուն մէջ, բացի հայկական հարցի նկատմամբ» (էջ 120):
Իբրեւ հետեւանք Ֆրանսայի այս եւ նման կեցուածքներուն, ինչպէս նաեւ եւրոպական այլ երկիրներու նոյնանման կեցուածքներուն, Մութաֆա Քեմալ թեւեր կ’առնէ ու շատ առաջ կ’երթայ: Ասոր մասին «Ալ Ատլ»ի վերոյիշեալ նոյն թիւին մէջ կը կարդանք. «Կ. Պոլսէն հասած լուրերու համաձայն, Կարինի, Վանի, Բաղէշի, Խարբերդի, Տիգրանակերտի, Սեբաստիոյ եւ Տրապիզոնի թուրք ներկայացուցիչներու Համաժողովի գլխաւորը՝ Մուսթաֆա Քեմալ կը պահանջէ Թուրքիոյ ազատութիւնն ու անկախութիւնը» (էջ 121):
Ահաւասիկ հոս է որ անարդարօրէն կը դրուին Թրքական Հանրապետութեան հիմերը, բռնագրաւելով Հայաստանի արեւմտեան հատուածը ամբողջութեամբ եւ արեւելեան հատուածէն մասեր, որոնք կը կատարուին Թուրքիոյ նախապէս թշնամի, ապա բարեկամ Եւրոպական երկիրներու օգնութեամբ, մասնաւորաբար Ֆրանսայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ օրհնութեամբ:
—————————————-