(Շար. 3 եւ վերջ)
Նկարուելու պատրաստ, շիտակ, ժպտուն կայներ են բոլորը – հայր մայր, չորս երիտասարդ երիտասարդուհի, տղաքը փողկապներով։
«Մէկու մը հարսանիքին նկարուեր են։ Լաւ որ պատերազմը չսկսած գացին, Լիբանանին թոքախտը չտեսան։ Ամբակումին քոյրը կանչեր էր զիրենք։
– Փաշայի պէս ալ մեծցեր են տղաքը։
– Դուն հոգեւոր-մոգեւոր կարծէ. Յիսունէն ետքը անա՜նկ սազ մը նուագեց մարդը, Անայիսը չո՛րս հատը ետեւ ետեւի շարեց։ Օր մըն ալ ուիքէնտին մեր գիւղի տունն էին, Զարեհս զարմացած եկաւ կը հարցնէ կոր որ՝ մամա՛, ինչո՞ւ հորքուրը քերայրին վրան է։ Գարեգինին ըսի որ՝ ասանկ պիտի շարունակեն նէ թող երթան պանդոկ ապրին, աստեղ հայկական տուն է։
Չորս հատ ունեցան, երկու մանչ երկու աղջիկ, ամէն ինչ թուաբանութիւն, հաշիւով։ Անգամ մը, դեռ առաջին տղան չէր ծնած, գացի իր տունը, ցերեկը կ՚երթայի որ մարդը չտեսնեմ, ամիսը անգամ մըն ալ Գարեգինին հետ կ՚երթայինք – իրենք մեր տունը չէին գար որովհետեւ իտալական արձաններ եւ քիչ մը մերկ նկարներ կային – գացի որ Անայիսը սարմա կը համրէ կոր։ «Քա աղջիկ, ի՞նչ կ՚ընես» ըսի. «հաշիւ ըրինք որ հարիւրերեք սարմա կը բաւէ երկուքիս երկու օր» ըսաւ։ Աղջիկը երկու ձեռքերը մոմ կտրած ադ մարդուն ղահիրը կը քաշէ կոր։
Տունը երբոր երթայի՝ փըրըլ-փըրըլ, շոգեկառքի կայանին քովն էին բայց պատուհանները մաս մաքուր, խոշորացոյցով՝ փոշի չես գտներ տունը։ Արտաքինին հէչ հոգ չի տարաւ, ադ տարիքին նէնէի պէս էր, ուռած-մուռած, մազերը տափակ, գոց գոյն, վիզը գոց հագուստներ. օժիտին ինչե՜ր տարեր էր, բան մըն ալ չհագաւ, շրթունքներուն անգամ ռուժ չէր դներ. «Աստուած քեզի առանց ռուժի ստեղծեց նէ, առանց հագուստի ալ ստեղծեց, ինչո՞ւ կը հագուիս կոր։ ինքզինքիդ հոգ տար» կ՚ըսէի։ Գիտէի որ մարդուն աչքը դուրսը պիտի չըլլայ, բայց «սատեղ ազգականներ կան, դրացիներ կան, սանկ նոր հարսի պէս հագուէ շքուէ՛. Վերջը աս գորշ գոյները դեռ շատ պիտի հագուիս», կ՚ըսէի, մեղմ- մեղմ կը ժպտէր։ Տարին չանցած իր այդ աղուոր քահքահը մոռցած էր, փափուկ անմեղ անանկ կը ժպտի, սրտիդ մէջ դնելդ կու գայ։
Մինչեւ հիմա ալ անանկ մնացեր է, ադ պատմող-խնդացող աղջիկը, ամենուն վրայ մայմունութիւն ընող աղջիկը հիմա ամենուն գթալու ելեր է։ Մարմինը ըսես նէ՝ առաջուանին երկու անգամը, էրիկը՝ փորը տնկած , գլուխը դեռ աւելի ետեւ գացեր է հպարատութենէն։ Անայիսը հիւանդ կ՚այցելէ, ծերերուն Սուրբ Գիրք կը կարդայ, ադ սուլթանին չորս կողմը ֆըրըլ-ֆըրըլ կը դառնայ. ինչ է եղեր՝ Աստուած գրեր է որ համեստ եղիր, ամուսինիդ հնազանդ եղիր։ Աստուած չէ գրած որ՝ կինե՛ր, գոմէշ եղէք։
Արդէն անոր համար ալ ափալ-թափալ ելանք գացինք։ Անայիսը մեծ աղջիկը ամուսնացուց, հայրը չգնաց պսակին, որքան աղաչեցինք համոզեցինք՝ ինա՜տ, ծուռ ծառի պէս մարդ մըն է, չի՜ի՜ փոխուիր, վասսելէ՜մ, չգնա՛ց։ Ինչ է եղեր՝ ոգելից ըմպելի պիտի խմեն, պիտի պարեն։ Խնամիները ունեւոր են, ասանկ էքսանթրիք բաներ չունին։ Անայիսը մէկ խելացի բան ըրաւ նէ՝ աղջիկը անոնց տուաւ։ Պսակէն առաջ գացինք հասանք որ հայրը մէջտեղը չխառնէ։ Չեկաւ, աղջկան օրը չտեսաւ։
Հարսանեկան հագուստը աստեղէն տարի, պուպրիկ եղած էր աղջիկը, ճիշդ մօրը ժպիտը ունի, փեսան ալ կամաց-կամաց հայերէն պիտի սորվի։ Մօրը ծնողքը Էրզրումէն են, քա ձեզի ազգական չելլե՜ն, խենթացան որ ասանկ հայ եւ ընտանիքի աղջիկ մը առին։ Անայիսին զոռով կը մշտէի կոր որ ուրախ ձեւանայ, ճիկերը այրած է բայց ամուսինը ինչ որ ըսէ «ճիշդ ես» կ՚ըսէ։
Տե՛ս, ասոնք ալ տղաքն են, լաւ որ զաւակները իրեն քաշեր են։ Մեծը փաստաբանութիւն կ՚ուսանի կոր, պզտիկն ալ քիմիագէտ պիտի ելլէ։ Անանկ լաւ հայերէն կը խօսին։ Անայիսը ամէն օր մէկուկէս ժամ հանրակառք առաւ, զաւակները հայկական դպրոց տարաւ։ Ադ յոգնածն ալ ծեր էր արդէն՝ տունը նստեցաւ, հոգեւոր քարոզչութիւն ըրաւ։ Հոգին ելած է աղջկան տարիներով ուսուցչութիւն ընելէն, այլեւս հոլի պէս կը շարժի կոր։ Ծօ մենք բոլորս ալ Աստուծոյ զաւակներն ենք, ինքը բերանը բանալ խօսիլ գիտէ ըսելով այսինքն ի՛նչ կը կարծէ կոր ինքզինքը։ Ամմա չըսուիր որ ըսես, վնասը Անայիսին կ՚երթայ։
Անա՜նկ պարտաճանաչ է, գիշերները հելլաք եղած կը նստի, ամուսինին պարագաներուն նամակ կը գրէ։ «Ո՞ւր կ՚երթաս» կ՚ըսէինք, «դժբախտները կը մխիթարեմ» կը պատասխանէր։ Աչքերը կուրցեր են, ինքզինքը չի տեսներ կոր. ըսի որ՝ Գարեգի՛ն, աղջիկը ինքզինքը մխիթարելու համար կ՚ընէ կոր, ոչ թէ միւսները, «դժբախտները»։ «Հանգիստ ձգէ, -ըսաւ, – ինքը ուրախ է»։ Ամմատա՛ ուրախ, ես իր ծուծը կը հասկնամ։ Հէ՜չ, հէ՜չ գիտցած աղջիկդ չէ։
Գալերնէս ետքը գրեց որ ամուսինը երկու անգամ գործողութիւն եղեր է. քաղցկեղէ կը տառապի, ինքն ալ անկողինին սնարէն չի հեռանար կոր։ Գաբրիէլեանին դժբախտ աղջկան համար ադ մարդուն ըսածը սուրի պէս միտքս է. «հարկաւ Աստուած բան մը գիտէ, պարապ տեղ պատուհաս չի տար» պիտի գրեմ իրեն, ձեռքս չ՚երթար կոր։ Ինչ ալ ըլլայ՝ մեր ընտանիքէն է, զաւակ ունի, կին ունի, պահապան հրեշտակի պէս կին ունի։ Բայց աղջիկը ասոր համար ծնած չէր, տանտիկի՛ն էր՝ նէնէ չէր, ոչ ալ տուտույի պէս տունէ տուն մտնելիք քարոզելիք աղջիկ էր…
Բա՜խտ, ո՞ր մէկերնուս երազածը եղաւ, կ՚երազես՝ երբեմն երազիդ համար ալ փառք կու տաս։ Ես կեանքին համը հոտը չառած՝ երեք տղայ փաթթուեցան գլխուս, սիրեցի մեծցուցի, մէյ մըն ալ թռան գացին։ Ան ի՛նչ աղմկոտ երկիր էր, գիշեր չկար ցերեկ չկար։ Հիմա ինկեր ենք աշխարհին ա՛ս ծայրը, գերեզմանին քովը եղող տունի պէս լուռ – դուն աս ճոխութեան մի նայիր – նորէ նոր զիրար պիտի հասկնանք։ Աս ալ լաւ փորձառութիւն է, բայց ալ շատ խօսելիք չունինք իրարու հետ։ Նորէն Աստուծոյ փառք կու տամ որ ամուսինս յարգս գիտցաւ, ես ալ ձեռքէս եկածը ըրի որ հանգիստ պահեմ օճախս։ Բայց դուն ձեռքէդ եկածը կ՚ընես՝ մարդդ շուն է նէ՝ շուն է»։
Զգաց որ աւելի խօսեցաւ։ Շաքէն կամաց մը դարձուց գլուխը աւազանին կողմը եւ վրդովումը չհասկցնելու համար «Ճիշդ ես» ըսաւ։
Յանկարծ երեւցող ուրուականի պէս՝ զարմացաւ Շաքէն աս զգացումին գոյութեան համար։ Մարած աւարտած բան մը կ՚արտաշնչէր պահուան մէջ, այսքան անտեղի։ Դիմադրելու փափաք իսկ չէր ունեցած, ինքզինք չէր հարցաքննած, ընդունած էր եղած մէկ օրէն, կեանքի ձեւ մըն էր իրը։ Ինք ընտանիքը ամուր պիտի պահէր, մարդը հացը պիտի հայթայթէր։ Այս ընթացքին պատահած խզումները բնական երեւոյթներ են. խորքը պէտք չէ տարտղնել, մակերեսէն հանդա՜րտ ընթանալու է։
Առաջին օրէն սորվեր էր դրամին ոյժը, հոգեկան սնունդը, բարեկամութիւն գնելու կարողականութիւնը։ Զաւակները նիւթական ոչ մէկ բանի կարօտ մնացին, իր կեանքը ապահովուած էր, հիմա ուզածին պէս կը պտըտէր Շաքէն մէկ ընկերուհիէն, մէկ ազգականէն միւսը, արժեքաւոր նուէրներով։ Մտիկ կ՚ընէր անոնց պատմութիւնները, ինք պատմութիւն չունէր որ պատմէր. ինչպէ՛ս թէ չունէր՝ ինքզինքին իսկ չէր պատմեր, չէր ուզեր ինքզինքին հետ խօսիլ, անկէ փախուստ մըն էր այս անհատնում պտոյտներու ցանցը, ուր հագուած շքուած կ՚երթեւեկէր ուրիշներու դռներէն ներս։ Իր տան դուռը կղպած վերջացուցած էր։ Յակոբին գերեզմանին շքեղ շիրմաքար մը դնել տուաւ, Վեհարանին նուէր մը ըրաւ, Մնաք Բարով-ի շարքը ամբողջացուց, եկաւ Ամերիկա աղջկան ապրած նահանգը։
Այն ատեն ալ սա ինքնիրենը փուշի պէս մեծցող պարապը չէր զգացած։ Ապրեր էր ընտանիքին քովի թաղը։ Օր մը մայրը մսավաճառէն կ՚ելլէր իր տունը կու գար, գիշեր մը հայրը կու գար նարտի կը խաղար դրացիին հօրը հետ, օր մը քոյրը պզտիկները կը հաւաքէր կու գար քովը կ՚անցընէր օրը։ Իր աղջկան եւ տղուն առօրեայի հոգերը կային անշուշտ, Սուք Թաուիլի, Համրայի, Ֆրանսայի նորաձեւութեան վերջին նմուշները իր պահարանին մէջ կախուած էին։ Լսեր էր որ իրենպէսները ուրիշ երկիրներու մէջ՝ ամուսնական խորհրդատուի կը դիմեն, բայց ինք գիտցած էր հայ տղամարդու արժանապատուութեան փխրուն թելը չկտրել, արդէն վերջին հաշուով հոգն ալ չէր։
Մարդ միայն հոգիով չ՚ապրիր. ահա աշխարհի մէջ սիրահարուածներուն մեծ մասը դժբախտ վերջաւորութիւն ունեցեր է, չքաւորութիւնը ուրիշ անբաղձալի դռներ կը բանայ. Փառք Աստուծոյ, ամուսինին գործը տեղն է, եթէ քաղաքն է՝ առտուան վեցն ալ ըլլայ՝ տուն կու գայ։ Արդէն ամուսնալուծման դատաստանական խորհուրդի միակ կին ներկայացուցիչին պատմածներէն՝ իրը դժբախտութիւն չէր համարեր, այս պարզ բացակայութիւն մը բարդ բանի մը, որուն ներկայութիւնն ալ նոյքան վտանգաւոր կրնար ըլլալ։
Զարմանալի է, Յակոբին մահուընէ ետք անոր բացակայութեան համար հաշի՛ւ ուզեր էր պահանջել, ուզեր էր ճանչնալ ո՞վ էր այդ մարդը, ինչո՞ւ չսիրեց զինք, ինչո՞ւ իրաւ ամուսին չեղաւ, կը հասկնա՞ր ան որ ինք նոյն վայրկեանին իսկ կը գիտացէր անոր խօսած սուտերուն։ Կ՚ուզէր որ իրեն բացատրէր այդ հաճոյքի տապտաղումը, իրեն ալ տուած ըլլար ու տա՜ր՝ դրամէ զատ, ապահովութենէ զատ այն միւսը որ «ընտանիք կազմել»է առաջ է, ու կը կոչուի ամուսնութիւն։ Հիմա մարդը գերեզմանին մէջ հանգի՜ստ պառկած էր։
Դուռը բացած էր Շաքէն երբ այլեւս մարդ չէր մնացած։ Երբ այլեւս իր կեանքի առաջուան լոյսը չկար, մայրը մեռեր էր, հայրը ծերանոց դրեր էին, «աչքերուն կապոյտ ջուր կ՚իջնէ կոր» ըսեր էր ակնաբոյժը. անցագիր չէին տուած որ Ամերիկա գայ։ Քոյրը Զուիցերիա փոխադրուած էր, եղբայրը ամերիկուհիի մը հետ ամուսնացած էր։ Ամէնքը տեղ մը անշարժացեր, տեղ մը փոխուեր էին, միայն սա նկարէն՝ մեղմ տխուր աչքերով Անայիսն էր որ կեանքը կը շարունակէր նոյն հեւքով, անխափան – զաւակները փողկապներով, ամուսինը ինքնահաւան – ամէն ինչ նոյն ձեւով ընթացեր էր, ուրիշ բան չէր պատահած որ՝ տարբերութիւնը գար պահանջատէրի պէս ցցուէր Անայիսին առջեւ։
Չէ՛, չպատահած բան մը պատահած էր, միայն ինքը գիտէր։ Պէյրութի մէջ Շաքէին եղբօրը աչքին զարկած էր Անայիսը, հետը դուրս ելլել առանձին խօսակցիլ ուզած էր, ընտանիքը չէը արտօնած. «մեր աղջիկը պատուաւոր է, տո՛ւն թող գայ զինք տեսնելու» ըսեր էին։ Եղբայրը ինքնավստահ «ես իմ ձեւս ունիմ» պնդեր էր. Շաքէն իրար անցած՝ Անայիսին հետ գաղտնի խօսած էր, դեռ տասնըինը տարեկան էր ան. «ես կ՚ուզեմ Տիկին Շաքէ, բայց եղբայրս գիտնայ նէ՞ վերջին օ՜րս է»։ «Եկուր քեզի մեզի տանիմ, հանդիպեցէք, յետոյ իրար հաւնիք նէ՝ կու գայ ձեր տունը, ձեռքդ կը խնդրէ, կը նշանուիք։ Բայց եղբայրս հետդ քանի մը անգամ դուրս չելած՝ քայլ չ՚առներ, Ամերիկա տեսած տղայ է։ Յետոյ գիտե՞ս, որ եթէ նշանը ետ ըլլայ՝ քու անունիդ համար գէշ է։ Այս ձեւով երկուքդ ալ յստակ կը գիտնաք, եկուր մեզի տանիմ»։
«Պապաս մամաս զիս մեծցուցած, հոս հասցուցած են, իրենց կամքին հակառակ ինչպէ՞ս երթամ. չե՜մ կրնար գաղտնի ելլել հետը»։
Շաքէն դիտեր էր զինք ձեռքը ծնօտին – անմեղ աղջիկ էր Անայիսը։ Բախտը ամէն օր իր պարտէզէն անցնող պարիկ էր կարծես, կեանքը ոչ խաղ ունէր ոչ խորհուրդ, թերեւս անկողինին ինչ եղածն ալ չէր գիտեր։ Նուարդ երրորդ զաւակին ծննդաբերութեան համար հիւանդանոց եղած օրերուն, Շաքէն հոն էր երբ Անայիսը ըսեր էր Նուարդին պզտիկներուն՝ մաման ծովէն պէպէք մը բերաւ։ Եւ երբ քահ-քահ խնդացեր էր Շաքէն, Անայիսը շփոթահար իրեն նայեր էր՝ կամար յօնքերը աղեղած։ Այդ անցեալէն միայն ա՛ս մնացեր է նկարին մէջ – կամար յօնքերը։
Նայեցաւ նկարին եւ զգաց որ բան մը զինք կը կապէր այդ կնկան, բան մը որ յուշէ յիշատակէ անդին է։ Նկարը մօտեցուց իրեն, ուզեց հասկնալ՝ այդ հեռու հեռաւոր Անայիսը ուրա՞խ է թէ տխուր։ Չկրցաւ հասկնալ, կարծես ինքզինքը կը տեսնէր անոր լայն հագուստներուն մէջ. «Աս Անայի՛սն է» ըսաւ բարձրաձայն, որպէսզի հաւատայ։
Յետոյ երեւակայեց Շաքէն որ այդ հեռաւոր Անայիսը՝ հնհնուքի ոստայնին մէջ, անվերջ հոգացողի դերերէն ետք, թոռը կերակրելէ ետք, կամ գիշեր մը ամուսինը խռկացած պահուն, կամ ալ ուշ գիշեր մը երբ հիւանդանոցի անոր սնարը ձգած տուն եկած է, զաւակներուն վրան գոցելէ ետք, հեռատեսիլը բացած՝ սիրային ֆիլմ մը խռովահար դիտա՞ծ է արդեօք, ժամանակ տուա՞ծ է ինքզինքին այնքան – Քերի Կրէնթը կը սիրէր ատենին – կամ ոեւէ գեղադէմ սիրահար մը դիտած պահուն մտածա՞ծ է, որ իր կեանքը, կրնար իր սեփական կեանքը այսքան մաքուր, այսքան աստուածահաճոյ չըլլալ, բայց անո՜յշ եղած կրնար ըլլալ…
***
Վեհանոյշ Թեքեան
«ՏՈՀՄԱԾԱՌ»