ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մուրթատայի, որուն հետ 1 ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին քննարկեց Լիբանանի թատերաբեմը յուզող ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական հարցերը, կառավարութեան նիստերու կայացումը եւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կնճիռը:
Յատուկ ուշադրութեան նիւթ դարձաւ Լիբանանի մշակութային այլազանութեան պահպանման խնդիրը, ինչպէս նաեւ մշակոյթը քաղաքական եւ քարոզչական պարանաձգութենէ հեռացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Բագրատունի նախարար Մուրթատային ներկայացուց Լիբանանի պետական երաժշտանոցի պարզած պատկերը, պաշտօնէութեան գործադուլի խնդիրը, վէճերու հրապարակայնացման վտանգը, որոնք ոչ մէկ ձեւով կը նպաստեն տասնամեակներու ներդրում ունեցող այս հաստատութեան ամուր գոյատեւման:
Նախարար Մուրթատա բարձր գնահատեց Լիբանանի հայութեան դերակատարութիւնը երկրի ընդհանուր հիւսուածքին մէջ եւ կարեւորութեամբ ընդգծեց անոր առաջնակարգ ներդրումը Լիբանանի մշակոյթի իւրայատուկ դիմագիծի պահպանման կապակցութեամբ:
Յատուկէն ան գնահատեց Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական միութեան տիրական ներկայութիւնը` պատրաստակամութիւն յայտնելով տրամադրել նախարարութեան եւ իր զօրակցութիւնը: