ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային հարցեր:
Բագրատունի ՄԱԿ-ի պատուիրակին ներկայացուց Լիբանանի ներկայ կացութեան գնահատումը` միաժամանակ բացատրելով ՀՅ Դաշնակցութեան եւ հայ համայնքի կեցուածքներն ու տագնապէն դուրս գալու միջոցները:
Արծարծուեցան Լիբանանի նկատմամբ ՄԱԿ-ի ունեցած մօտեցումները, ինչպէս նաեւ շրջանային թէ միջազգային մակարդակի վրայ կատարուող փոփոխութիւններու անդրադարձը Լիբանանի վրայ:
ՄԱԿ-ի պատուիրակը յոյս յայտնեց, որ աստիճանաբար, բայց մանաւանդ քաղաքական ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին օժանդակութեամբ, կարելի ըլլայ Լիբանանի մէջ տեսնել դրական հոլովոյթ:
Կարեւորութեամբ քննուեցաւ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնները նախատեսուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը` ժողովրդավարական, ազնիւ եւ թափանցիկ ձեւով:
Քննութեան նիւթ դարձան նաեւ Լիբանանի մէջ յառաջիկայ փուլին ՄԱԿ-ի եւ իր տարբեր հաստատութեանց գործունէութեան դաշտերը, ուր երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց կրթական, կենցաղային, մշակութային եւ երիտասարդութեան մարզերը առանձին եւ ուշադիր հոգածութեան առարկայ դարձնելու կարեւորութիւնը: