ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Խաղաղութեան աղբիւր»-ը կը բխի ահաբեկչութեան պետութենէն: Թուրքիա կը ներթափանցէ սուրիական տարածք եւ կը բռնագրաւէ, մինչ «քաղաքակիրթ» աշխարհը կը դիտէ:
Ո՛չ դատապարտումը, ո՛չ ալ հաղորդագրութիւնները կը փոխեն բռնագրաւման եւ ահաբեկչութեան իրականութիւնը:
Պահանջուածը արաբական միասնական կեցուածք է թրքական գաղութատիրութեան դէմ, ինչպէս նաեւ միասնական կեցուածք` արաբական շրջանի ժողովուրդներուն, որոնք տակաւին կը յիշեն օսմանցիներուն պատճառած աղէտները եւ արաբական Ալեքսանտրէթի սանճաքին բռնագրաւումը:
Նոյնիսկ Սուրիոյ մէկ մասին բռնագրաւումը, ճամբայ կը հարթէ բռնագրաւելու արաբական այլ տարածքներ եւ Օսմանեան կայսրութեան վերադարձին: