Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան, որ բազմաթիւ աշխատութիւններու հեղինակ է, յունուար 18-ին դարձաւ Հայաստանի Գրողներու միութեան պատուաւոր անդամ եւ գրական վաստակին համար արժանացաւ Հայաստանի Գրողներու միութեան մետալին:
Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ծանօթացած եմ հեղինակին «Դանիէլ Վարուժան` հոգեբանութեան ծիրէն ներս» գիրքին, որուն մէջ բազմաթիւ հարցումներու պատասխաններ գտած եմ: Այս հրաշալի գիրք է, եւ ես զարմացած եմ, որ գրուած է համահայկական միջավայրի մէջ, սակայն գիտական աշխատանքներու պատշաճ չեն արձագանգած: Մենք կը կարծենք, որ կը ճանչնանք մեր սփիւռքահայ ստեղծագործողները, սակայն բացթողումներ կ՛ըլլան: Կան մեծանուն ստեղծագործողներ, սակայն անոնց անունները եւ ստեղծագործութիւնները այնքան ալ տարածուած չեն»:
Անոր խօսքով, Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան աւելի քան 70 աշխատութիւններու հեղինակ է: Ըստ Միլիտոնեանի, ան մեծ ներդրում ունի հայ գրական, մշակութային, հոգեւոր ասպարէզներու զարգացման գործին մէջ:
Ձեռնարկին ներկայ էր Մարոքի եւ Թունուզի Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արշակ Փոլատեանը, որուն միջնորդութեամբ կազմակերպուած էր պարգեւատրման արարողութիւնը: Դեսպանը իր աշխատանքային գործունէութեան ընթացքին բազմիցս հանդիպած է Մեսրոպ վրդ. Թոփալեանին հետ եւ միշտ հիացած է անոր գիտական հետազօտութիւններով ու` զարմացած, որ այսպիսի բարձրակարգ մտաւորական մը հայաստանեան շրջանակներու մէջ այնքան ալ յայտնի չէ: «Ճիշդ այդ մղեց զիս փորձել ծանօթանալ անոր կատարած վիթխարի աշխատանքին: Ան միայնակ ամբողջ հիմնարկի մը աշխատանքը կատարած է: «Դանիէլ Վարուժան` հոգեբանութեան ծիրէն ներս» հաստափոր հատորը անոր լայնածաւալ գործունէութեան պերճախօս վկայութիւնն է», ընդգծեց Փոլատեան` բեղուն գործունէութիւն մաղթելով Մեսրոպ վրդ. Թոփալեանին, որուն շարք մը գիրքերու հրատարակման աջակցած է Գրիգոր Ճապուրեանը:
Ճապուրեան իր պարտքը կը համարէ հայ գրականութեան, հայ մշակոյթի զարգացման իր ուժերու ներածին չափով աջակցիլը: Կը կարծէ, թէ հայոց լեզուն, որ ճկուն ու ճարտար է, պէտք է պատշաճ ներկայացուի դպրոցներու, համալսարաններու եւ այլ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ: «Շատ հարուստ լեզու ունինք, մեր գիրն ու գրականութիւնը մեր ազգի ժառանգութիւնն են. այնպէս որ, պէտք է տիրապետենք մեր լեզուին եւ ներկայանանք բոլոր ոլորտներուն մէջ: Իբրեւ հայ` իմ պարտքը կը համարեմ հայ ազգին օգտակար ըլլալը», նշեց ան:
Գրողներու միութեան անդամակցութեան տոմսն ու Հայաստանի Գրողներու միութեան շքանշանը ստանալէ ետք Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան խոստովանեցաւ, որ յուզուած ու քաջալերուած է եւ առաւել եռանդով աշխատելու, գործելու պատասխանատուութիւն կը զգայ:
Իբրեւ աստուածաբան եւ եկեղեցապատմագէտ` ան շարք մը աշխատութիւններ գրած է տարբեր նիւթերու մասին: «Յատկապէս ներկայիս սիրանիւթս է, նոր բառ կ՛ըսեմ, որ պէտք է յաճախ գործածել, Մարիամ Սիրամօր, որ կրկին նոր բառ է, որ արդէն գրականութեան մէջ մտած է այս մասին գրելը: Ես մարիամաբան, մարիամագէտ եմ, այսինքն մեր մատենագրութեան մէջ, մեր սուրբ հայրերու եւ հոգեւոր մատենագիրներու շրջանին մէջ կը փնտռեմ, կ՛ուսումնասիրեմ Տիրամօր մասին գրութիւններ եւ կը համարձակիմ ըսել, որ մեր ազգը մարիամական, մարիամասէր է», նշեց Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան:
Ան նշեց, որ մեր մատենագրութեան մէջ ճառերը, շարականները անթիւ են ու մէկը միւսէն գեղեցիկ, բայց մոռացութեան մատնուած են. ինչո՞ւ, չի գիտեր:
«Պեղած եմ հայ աշխարհիկ բանաստեղծութիւններու ստեղծագործութիւններ, եւ անակնկալի կու գաք, եթէ ըսեմ, որ գրեթէ չկայ հայ բանաստեղծ մը, որ գոնէ քառեակ մը կամ տուն գրած չըլլայ Աստուածամօր մասին: Այդ մասին երկու աշխատութիւն արդէն հրատարակած եմ, որոնց մէջ կ՛անդրադառնամ աշխարհիկ հայ բանաստեղծներու` Տիրամօր (Սիրամօր) մասին գրած գործերուն: Այդ գրողներէն են` Դանիէլ Վարուժանը, Պարոյր Սեւակը, Ռազմիկ Դաւոյեանը, ֆրանսահայ Բիւզանդ Թոփալեանը, Միսակ Մեծարենցը եւ ուրիշներ», նշեց ան:
Հայր Մեսրոպ շեշտեց, որ «Դանիէլ Վարուժան` հոգեբանութեան ծիրէն ներս» գիրքին մէջ քանի մը գլուխ նուիրուած է Տիրամօր: Վարուժանի նամակներուն, քառեակներուն մէջ ակնյայտ է Տիրամօր` հզօր բարեխօսի ներկայութիւնը: «Իմ հարցս է Տիրամօր նուիրուած անդրադարձները ներկայացնել հանրութեան. չեմ փափաքիր մարդու մասին գրել: Յառաջիկային պէտք է հրատարակեմ մարիամագիտական հատոր մը` Տիրամայրը հայ բանաստեղծութեան մէջ, Տիրամայրը հայ մատենագրութեան մէջ, Տիրամայրը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի, Ներսէս Շնորհալիի գործերուն մէջ», շեշտեց վարդապետը:
Ան հայ ժողովուրդը յորդորեց չվհատիլ` վստահեցնելով, որ ծանր ժամանակները կ՛անցնին, պէտք է ապաւինիլ Աստուծոյ զօրութեան եւ խնդրել Տիրամօր բարեխօսութիւնը: