Երէկ` ուրբաթ, 13 մայիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի Փոլիկարպոսի կառատունը ժամադրավայրն էր լիբանանահայութեան, այն լիբանանահայութեան, որ գիտէ զանազանել ճիշդը սխալէն, ընտրել արժանին անարժէքէն, ընտրել մնայուն կերպով իրեն նեցուկ հանդիսացողը զինք շահագործել փորձողէն, գիտէ, որ իր իրաւունքներն ու շահերը հետապնդողը պարագայական անձ կամ կողմ չի կրնար ըլլալ, այլ կրնայ ըլլալ այն կուսակցութիւնը, որ լիբանանահայութեան համար մնայուն տէր է ու ծառայ միանգամայն, որ իր կողքին է բոլոր առիթներուն եւ բոլոր ժամանակներուն, լաւ, պայծառ, սակայն յատկապէս դժուար ու մռայլ օրերուն: Անգամ մը եւս համախմբուած էր լիբանանահայութիւնը իր կուսակցութեան շուրջ, անգամ մը եւս բազմամարդ շարքերով եկած էր հաստատելու, որ ՀՅԴ-ի Լիբանանի կառոյցն ու անոր որոշումով առաջադրուած երեսփոխանական թեկնածուները առանձին չեն, այլ իրենց հետ ունին լիբանանահայութեան ձայնն ու քաջալերանքը, որովհետեւ գիտակից իւրաքանչիւր լիբանանահայ լիովին կը հաւատայ, թէ գաղութը կը պահուի, կը գոյատեւէ եւ արժէք կը ստանայ ՀՅԴ-ով եւ անոր հովանիով:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ կայացած ընտրական այս մեծ հաւաքին բացումը կատարեց Համազգայինի «Գուսան» արական երգչախումբը` Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Ապա ցուցադրուեցան Հայկական երեսփոխանական պլոքին եւ Դաշնակցութեան կողմէ նախորդ տարիներուն տարուած աշխատանքներուն ամփոփ ու ընդհանուր պատկերը ներկայացնող տեսերիզներ: Անկէ ետք լիբանանահայութեան իրենց սրտի խօսքերը ուղղեցին Ալեքքօ Պէզիքեան, Խաժակ Գուլաճեան, Վիգէն Դարբինեան, Հրայր Ճէպէճեան եւ Սեւակ Քեթենճեան:
Գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին հայրենի երգիչներ Արսէն Գրիգորեան (Մրրօ), Եւա Եկանեան եւ Վարդան Պատալեան, իսկ բեմավարութիւնը կատարեցին Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան եւ Գէորգ Եագուպեան:
Կառատունը եւ զուգահեռ փողոցը լեցուցած լիբանանահայերուն խօսք ուղղեց եւ անոնց հետ մտերմաբար «զրուցեց» ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ողջունեց Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը, որ կը զօրակցի հայկական կուսակցութիւններուն առաջադրած թեկնածուներուն, ողջունեց Հնչակեան կուսակցութիւնը, որ իր թեկնածուով կը մասնակցի այս ընտրութիւններուն` մրցակցութեան դրական ոգիով, նաեւ ողջունեց ժողովուրդը, որ միշտ հաւատարիմ եղած է ինքնիրեն` ամէն բանէ առաջ, ոչ մէկ ատեն կասկածի տակ առած է իր արժանապատուութիւնը, կամքն ու ազատութիւնը: Ան շեշտեց, որ կիրակի օր կառատան մէջ գտնուող թէ իրենց տուները մնացած լիբանանահայերը պիտի ուղղուին քուէատուփ` ըսելու, որ իրենք` իբրեւ Լիբանանի հաւատարիմ քաղաքացիներ, Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան հաւատացող Լիբանանի քաղաքացիներ, հայկական ծագումով Լիբանանի քաղաքացիներ, իրենց «այո՛»-ն պիտի ըսեն Լիբանանը կերտող, Լիբանանն ու Լիբանանի դրօշը միշտ բարձր պահող բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան Լիբանանի գերիշխանութեան, անկախութեան, հողային ամբողջականութեան եւ միասնական գոյակցութեան, անոնք պիտի հաստատեն, որ իրենք այնպիսի քաղաքացիներ են, որոնք գործած են միայն ի շահ Լիբանանի բարգաւաճման ու ծաղկման: «Կիրակի օր բոլորին պիտի ըսենք, որ Լիբանանի հայութիւնը արժանապատիւ համայնք է, որ այս ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար աշխատած է, չէ քանդած, չէ գողցած Լիբանանը, չէ սպաննած լիբանանցին, չէ առեւանգած, չէ յափշտակած, չէ այրած լիբանանեան դրօշը, այլ տեւաբար բարձր պահած է զայն, որովհետեւ լիբանանցի հայը գիտէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայրենիք, գիտէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայրենիք կորսնցնել, գիտէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ անկախութիւն եւ գիտէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ զայն կորսնցնել: Հայրենիքի համար արիւն տուած ժողովուրդը գիտէ ինչպէ՛ս պաշտպանել հայրենիքը», յայտնեց Բագրատունի: Ան աւելցուց, որ կիրակի օր պիտի ճշդուի լիբանանահայութեան ապագան, լիբանանահայ յառաջիկայ սերունդներու ապագան, լիբանանահայութեան դերակատարութիւնը, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ուժեղ մնայ ի խնդիր սփիւռքահայութեան, ի խնդիր Հայաստանի, ի խնդիր Արցախի: «Քանդել լիբանանահայութիւնը կը նշանակէ քանդել սփիւռքի ամէնէն կարեւոր օճախը, արիւնատար երակը», նշեց Բագրատունի:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը ըսաւ, որ դժուար օրեր կ՛ապրի այսօր լիբանանահայութիւնը, բայց եւ այնպէս, այս գաղութին զաւակները Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Լիբանան հասնելէ ի վեր միշտ ալ դաժան պայմաններու մէջ եւ մեծ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կանգնած են, համտեսած են գաղթականի ծանր կեանքը, սակայն կրցած են շրջանցել այդ փուլը եւ գաղթակայանները վերածել գոյատեւման ամրոցներու, ապրած են լիբանանեան եղբայրասպան կռիւներու տխուր իրականութիւնը, արաբեւիսրայէլեան պատերազմը, քաղաքացիական պատերազմը, բայց եւ այնպէս երբեք չեն մասնակցած երկիրը քանդող պատերազմներուն, Լիբանանի մէջ, լիբանանցիներով մղուած ուրիշներու պատերազմներուն` իրենց այս կեցուածքին գինը երբեմն սուղ վճարելով, որովհետեւ մարդիկ չկրցան հասկնալ այս դիրքորոշումին խորքը: Ան դիտել տուաւ, որ խաղաղ օրերուն եւս լիբանանահայութիւնը գործեց ամենայն նուիրուածութեամբ` թումբ կանգնելով ամէն տեսակ ներթափանցումներուն դէմ, ապա վրայ հասաւ 2019 թուականը, երբ ժողովուրդը պոռթկաց, փողոց իջաւ, բայց եւ այնպէս այդ իսկ շահագործուեցաւ նոյնինքն երկիրը շահագործողներու կողմէ, անոր յաջորդեց «Քորոնա»-ն եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը: Ան շեշտեց, որ այս բոլորին մէջ լիբանանահայութիւնը մեծապէս տուժեց, բայց կրցաւ ոտքի մնալ ու կը շարունակէ այդպէս ըլլալ, որովհետեւ կը հաւատայ ինքնիրեն, որովհետեւ կը հաւատայ, որ ամուր լիբանանահայութիւնը անհրաժեշտութիւն է Լիբանանին ու սփիւռքին, որ առանձին չձգեց Լիբանանի իր քոյր-եղբայրները, կանգնեցաւ անոնց կողքին: Բագրատունի լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ տնտեսական ծանր պայմաններու բերումով փորձ կատարուեցաւ լիբանանահայը վերածել մուրացկանի, սակայն Դաշնակցութիւնը եւ լիբանանահայութիւնը չեն հաւատար, որ այդ մէկը կրնայ իրականութիւն դառնալ եւ այս գաղութէն կարելի ըլլայ խլել իր ինքնուրոյն դիմագիծն ու արժանապատուութիւնը:
Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ այս երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ ընդհանրապէս Դաշնակցութեան ու լիբանանահայութեան պայքարը հիմնական քանի մը խորագիրներու ներքեւ կը մղուի: «Անհատակեդրո՞ն, թէ՞ հաւաքական ներկայացուցչութիւն. ո՞վ կրնայ կոտրել այս հաւաքականութեան կամքը. երբ հաւաքուած ենք բոլորս միասին, երբ մէկ բռունցք ենք, դժուար է ճզմել մեզ, բայց երբ անհատ ենք, դիւրին է ծունկի բերել զայն, դժուար է ծունկի բերել այս մեծաթիւ ժողովուրդը, դիւրին է ծունկի բերել մէկ անհատը: Այսօր ծրագրուած յատուկ ճիգ կայ` ծունկի բերելու ձեր բոլորը, հաւաքականութիւնը, որպէսզի անհատներու միջոցով կարենան ղեկավարել մեր ժողովուրդը: Ինչո՞ւ, որովհետեւ հաւաքականութեան կամք պարտադրելը, օտարի որոշում պարտադրելը, այլոց քաղաքականութիւնը պարտադրելը դժուար է, անկարելի է, մանաւանդ երբ այդ հաւաքականութիւնը հայկական հաւաքականութիւն է», շեշտեց Բագրատունի` աւելցնելով, որ անհատը կը գնուի, սակայն հաւաքականութիւնը` անկարելի է, երբ կայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ տասնամեակներ ամբողջ ոչինչ զլացած է իր ժողովուրդին: Ան նշեց, որ քանդեցին հայկական թաղամասերը, հայու արիւն հոսեցաւ ամէնուրեք, սակայն լիբանանահայութիւնը մնաց Լիբանանի մէջ, որովհետեւ ունէր ապաւէն ու պաշտպան` ՀՅԴ-ն, որ այսօր եւս կը շարունակէ այդ դերը ու այդպէս ալ պիտի շարունակէ: «Ահա թէ ինչո՛ւ աշխատանք կը տարուի, որ Դաշնակցութեան թեկնածուները` ձեր իրաւ ներկայացուցիչները, չհասնին խորհրդարան, որովհետեւ լաւ գիտեն, թէ Դաշնակցութիւնը թեկնածուներու ձեւով չէ, որ կը ներկայանայ, թեկնածուներու անձով չէ, որ կը ներկայանայ, այլ` հաւաքական ներկայացուցչութեամբ, որուն պատասխանատուն Դաշնակցութիւնն է, այսինքն դո՛ւք էք, սիրելի՛ ժողովուրդը, դո՛ւք, որ կիրակի օր պիտի ընտրէք Դաշնակցութիւնը», շեշտեց Բագրատունի: Ան ըսաւ, որ փափաքը հաճոյակատար անձեր երեսփոխանական աթոռին հասցնելն է, իսկ Դաշնակցութիւնն ու անոր առաջադրած թեկնածուները երբեք այդպէս չեն, որովհետեւ անոնք ժողովուրդը կը ներկայացնեն, հաւաքական շահերուն եւ իրաւունքներուն տէրն են, որովհետեւ անոնք հաշուետու են կուսակցութեան ու ժողովուրդին, եւ ոչ անհատներու նման, որոնք մէկ դիրքէն միւսը, մէկ կուսակցութենէն միւսը կրնան անցնիլ ամենայն պարզութեամբ, առանց երբեք մտահոգ ըլլալու լիբանանահայութեան շահերուն պաշտպանութեամբ:
Դաշնակցութեան եւ լիբանանահայութեան մղած պայքարի երկրորդ խորագիրը ժամանակաւորին, անցողակիին ու մնայունին միջեւ է, դիտել տուաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` նշելով, որ թեկնածուները կը փայլին ու կը մաշին, երեսփոխանները կու գան ու կ՛երթան, սակայն հաւաքականութիւնը կը մնայ, կուսակցութիւնը կը մնայ, դէմքերը կը փոխուին, քաղաքական ուղղուածութիւնը, կեցուածքները կը մնան, որովհետեւ կը բխին ժողովուրդին եւ ոչ թէ անհատին շահերէն: Երբ հաւաքականութեան հետ եւ անոր համար կը գործես, մարդիկ կը գիտնան, թէ ո՛վ է մնայունը, ո՛վ է անցողակին: «Մնայունը այն է, որ տասնամեակներ ամբողջ իր ժողովուրդին կողքին կեցած է, մնայունը այն է, որ իր ժողովուրդի ցաւը չէ շահագործած, մնայունը այն է, որ իր նահատակներուն արիւնը չէ ծախած, մնայունը այն է, որ ամէնէն դժուարին օրերուն ժողովուրդին ըսած է` դուն տունը մնայ, մենք կու գանք քովդ, մնայունը այն է, որ առանց հեռատեսիլի կայանի լրագրողներու կը շրջի, որ տարիներ շարունակ կ՛օժանդակէ առանց խօսելու, երբ տակաւին չկային ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները, չկային ընկերային ցանցերն ու անոնց քարոզչութիւնը: Մնայունը այն է, որ հարիւր տարի առաջ բարեսիրական միութիւն ստեղծած է, հարիւր տարի առաջ մարզական, մշակութային միութիւն ստեղծած է, դպրոց, եկեղեցի, ակումբ կառուցած է: Այս բոլորը ըրած է իր ժողովուրդին համար, այդ բոլորին համար արիւն ու քրտինք տուած է: Իսկ ժամանակաւորը այն է, որ գոյութիւն ունեցող եկեղեցւոյ դրան ուր ըլլալը չի գիտեր, դպրոցին կողքով կ՛անցնի առանց ներս իսկ նայելու, որ կը խոստովանի, թէ ինք միայն անձնաթուղթով հայ է, հայկական մթնոլորտի մէջ չէ ապրած իսկ», դիտել տուաւ ան: Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յիշեցուց Արամ Ա. վեհափառին խօսքը, ուր ան ըսաւ, թէ համայնքային երկիր եղող Լիբանանի մէջ հայ երեսփոխանը հայ համայնքը կը ներկայացնէ, իսկ ան որ հայկական համայնքին մէջ ներկայութիւն չէ, պատահական անձ է, չի կրնար մեր համայնքը ներկայացնել:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը դիտել տուաւ, որ այս երեսփոխանական ընտրութիւններուն շատ ցեխ, շատ թոյն, շատ սուտ ու կեղծիք կայ մեր շուրջ: Ամէն օր հարիւրաւոր գրութիւններ, գրառումներ, վիտէոներ կը թափին ընկերային ցանցերուն մէջ, կորսուած են արժէքները, ամէն ինչ արտօնուած ու ընդունելի կը նկատուի: Ան այս բոլորին մէջ ամէնէն ահաւորը նկատեց այն, որ փորձ կը կատարուի մարդոց նկատմամբ կասկած յառաջացնելու, որովհետեւ խորքին մէջ ընտրակաշառք կայ, իրականութիւն է, որ հսկայական գումարներ կը ծախսուին, բայց յստակ է, թէ ովքե՛ր են մեծաքանակ դրամ վատնողները, ընտրակաշառք բաժնողները: Բագրատունի հաստատեց, որ ընտրակաշառքը ոչ մէկ դրական փոփոխութիւն կրնայ բերել, այլ մարդոց հոգին ու արժանապատուութիւնը կը քանդէ: Ան հարց տուաւ, որ կիրակի օր այդ ընտրակաշառքով քուէարկող հայրը ինչպէ՞ս յաջորդ օր պիտի նայի իր զաւակին աչքերուն մէջ եւ ըսէ, թէ անոր ապագայի քանդումին մէջ մասնակից եղած է: «Մենք ալ կ՛ուզենք փոփոխութիւն, որովհետեւ մենք տառապած ժողովուրդ ենք, բայց այդ տառապանքը մեզ կը վերածէ բազուկի, կը վերածէ բռունցքի, որպէսզի կարենանք մարդոց ըսել` ո՛չ, ձեր դրամով չէ, որ այս երկիրը կը կառուցուի, այս երկիրը կը վերականգնի, այլ այս երկիրը կը վերականգնի մեր ճակտի քրտինքով, մեր հաւատարմութեամբ, մեր ծառայութեամբ», նշեց ան: Առ այդ, Բագրատունի զգուշացուց հաւաքին մասնակիցները` մատնանշելով, որ տեղի ունեցածը Լիբանանի քաղաքացին տկարացնելու միտումով է, որպէսզի ան 200 տոլարով ծախէ իր քուէն` մոռնալով, որ այդ քուէն իր իսկ խիղճն է, իսկ երկուշաբթի կամ երեքշաբթի օր 4 տարի ամբողջ պիտի ծախսէ, որպէսզի կարենայ ապրիլ: «Մէկ օրուան համար իր խիղճը ծախողը իր խիղճը ծախած կ՛ըլլայ ցմահ», ըսաւ ան` շեշտելով, որ արժանապատիւ լիբանանահայ ժողովուրդը երբեք այդ տեսակը չի կրնար ըլլալ, որ լիբանանահայութիւնը գիտէ, որ Դաշնակցութեան հետ կարելի է երաշխաւորել գոյատեւումը, որովհետեւ առանց այս միասնականութեան ոչինչ կարելի է ընել:
«Մեր ժողովուրդը մեզ երբեք յուսախաբ չէ ըրած, երբեմն թերեւս կը տկարանանք, երբեմն մեր հաւատքը կը կորսնցնենք, բայց այսօր ահա դուք, դուք լաւագոյն պատասխանն էք բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան, որ մեր ժողովուրդը տկար է: Կրնան տկար հոգիներ, անձեր ըլլալ, բայց չի կրնար տկար հայութիւն ըլլալ, երբ Լիբանանի մէջ տակաւին կայ մայր, որ իր երեք զաւակները նահատակ տուած է հայութիւն, չի կրնար ըլլալ տկար հայութիւն, երբ կան մարդիկ, որոնք կու գան ըսելու` մեր զաւակը մեր ժողովուրդին համար ծառայ, թող զոհուի անոր համար», նշեց Յակոբ Բագրատունի` աւելցնելով, որ այս բոլորին անգիտակիցները թէեւ կը փորձեն այսօր հայութեան աթոռին տիրանալ, սակայն անոնց ինքնութիւնը յստակ կ՛արտացոլայ, երբ իրենք կը խոստովանին, որ միայն փաստաթուղթերով հայեր են: Ան ըսաւ, որ կուսակցութեան եւ լիբանանահայութեան ծառայողները կը դադրին անհատ ըլլալէ, այլ կը դառնան հաւաքականութեան ներկայացուցիչ ու ծառայ:
«Կիրակի օր բոլորս պիտի յաղթենք, պիտի յաղթել Լիբանանի հայ քաղաքացին, մեր յաղթանակով պիտի յաղթէ Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը, պիտի յաղթէ հաւատարմութիւնը, պիտի յաղթէ միասնականութիւնը: Պիտի չարտօնէք, որ Պոլսոյ մէջ գրասենեակ ունեցողը կամ Լիբանան-Թուրքիա մնայուն եռուզեռի մէջ եղող մը, ինքնիրեն ձեզ չնմանող նկատող մը ձեզ ներկայացնէ: Թող նմաններուն ուրիշներ քուէարկեն, անոնք հայութեան ներկայացուցիչ չեն կրնար ըլլալ», շեշտեց Յակոբ Բագրատունի` աւելցնելով, որ պէտք է ազատ ձգել ժողովուրդը ընտրելու իր սրտով, միտքով, հոգիով ու խիղճով, իր արեան կանչին անսալով:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը ըսաւ, որ ամէն ինչի մեղաւորը Դաշնակցութիւնը նկատելու մնայուն փորձ կը կատարուի, արդեօք կուսակցութիւնը մեղաւո՞ր է, որ, հակառակ իրենց կամքին, կ՛ուզէ լիբանանահայութիւնը հայ պահել, կ՛ուզէ մեր դպրոցներուն դարպասները բաց պահել, հայկական եկեղեցիներուն կոչնակները մնայուն կերպով հնչած պահել, կ՛ուզէ, որ մեր հայ զաւակները հայկական պար պարեն եւ հայկական մարզական միութիւններու մէջ ըլլան, կ՛ուզէ տարբեր ախտերէ հեռու պահել ժողովուրդը: «Ի՛նչ քաղցր է այս մեղքին լուծը, բոլորդ մեղաւոր էք, սիրելինե՛ր, որովհետեւ կ՛ուզէք հայ մնալ: Պահեցէ՛ք այդ մեղքը, անով ապրեցէ՛ք, այդ մեղքը ժառանգած ենք մեր ծնողներէն, մեր մեծ հայրերէն ու մեծ մայրերէն, զայն ժառանգած ենք Տէր Զօրի անապատի աւազներուն վրայ այբուբենը գրող հայ մամիկէն, այդ մեղքը պիտի շարունակենք կտակել մեր զաւակներուն ու թոռներուն, որպէսզի բարձր մնայ հայ ժողովուրդին դրօշը` Լիբանանէն մինչեւ Արժանթին, Մոսկուա, Լոս Անճելըս, Աւստրալիա, Ծոցի երկիրներ, մինչեւ Սուրիա, Իրան, Երեւան ու Արցախ, որպէսզի մարդիկ գիտնան, որ կարելի չէ, ընդունելի չէ, եւ մեր ժողովուրդը չ՛արտօներ քանդել իր ազատութիւնը, կամքը, ինքնուրոյն կեցուածքները: Պիտի չարտօնէք, սիրելինե՛ր, որ թոյն դրուի ձեր հոգիներուն մէջ, ոչ ալ կանաչ դրամ` ձեր գրպանները: Բոլորս միասին` մայիս 15-ին դէպի յաղթանակ», եզրափակեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Ապա կրկին բեմ բարձրացան Արսէն Գրիգորեան (Մրրօ), Եւա Եկանեան եւ Վարդան Պատալեան, որոնք ճոխացուցին մթնոլորտը:
Սրտի Խօսքեր
Իւրաքանչիւր քաղաքացիի իրաւունքն է քուէարկել, սակայն պէտք է յստակ ըլլայ, որ մեր պատմական, գաղափարական կուսակցութիւնը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, աւելի քան 120 տարի ծառայած է եւ կը շարունակէ ծառայել Լիբանանի մէջ: Անիկա կրնայ, պատահաբար սխալներ ալ գործած ըլլալ, մարդկային է, որովհետեւ գործողն է, որ կը սխալի, անգործութեան մատնուածը արդէն սխալելու առիթ ալ չունի:
Ուստի, ան, որ ինքզինք անմեղ կը նկատէ, թող առաջին քարը ի՛նք արձակէ:
Ես բոլորիդ կոչ կ՛ուղղեմ` քուէարկելու փորձառու եւ ծառայող Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներուն:
Կեցցէ՛ հայութիւնը, կեցցէ՛ Լիբանանը:
ԱԼԵՔՔՕ ՊԷԶԻՔԵԱՆ
Սիրելի՛ լիբանանահայ քոյրեր եւ եղբայրներ,
Բոլորս ալ քաջ կը գիտակցինք, որ Լիբանանը եւ լիբանանահայ գաղութը այսօր կ՛ապրին իրենց պատմութեան ամէնէն դժուար ժամանակաշրջաններէն մէկը: Մէկ կողմէ տնտեսական ահաւոր տագնապին, միւս կողմէ քաղաքական-քաղաքացիական ու ընկերային մեծ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կանգնած ենք:
Այս կիրակի, 15 մայիսին բոլորս կը պատրաստուինք երեսփոխանական ընտրութիւններուն. արժէ, որ բոլորս միասին լաւապէս գիտակցինք այն հսկայական պատասխանատուութեան, որ դրուած է մեր բոլորին ուսերուն: Երբ կ՛ըսեմ բոլորս, նկատի ունիմ ընտրողները, թեկնածուները, ապագային ալ` երեսփոխանները, մենք միասնաբար պէտք է ժրաջան կերպով աշխատինք, որպէսզի Լիբանանը դուրս բերենք իր այս դժուարին եւ քաոսային վիճակէն: Ասոր զուգահեռ, լիբանանահայ գաղութի անդամ իւրաքանչիւր անհատ, նաեւ ազգային, եկեղեցական, միութենական, կուսակցական, կրթական ու ընկերային բոլոր հատուածներու վերակազմակերպումի մեծ գրաւականին ու անհրաժեշտութեան դէմ յանդիման կանգնած է:
Այս իմաստով, եթէ մենք բոլորս միասին պիտի աշխատինք` ընտրողներ ու ընտրուողներ, պէտք է իրազեկ ըլլանք, որ այս բոլորը իրականացնելու պատասխանատուութեան բեռը մեր ուսերուն դրուած է: Բոլորս ալ քաջ գիտենք, որ լիբանանահայ գաղութը սփիւռքեան իրականութեան տրոփող սիրտն է, ամուր կռուանն է, այս իմաստով ալ լիբանանահայ գաղութը պէտք է վերագտնէ եւ վերապրի սփիւռքեան կարեւոր տարր ըլլալու իր գիտակցութիւնն ու պատասխանատուութիւնը: Ուստի կարեւոր է, որ վերակազմակերպենք, վերաշխուժացնենք լիբանանահայ գաղութը: Իսկ այս երեսփոխանական ընտրութիւնները լաւագոյն միջոցներէն են այդ մէկը ընելու:
Այս գիտակցութեամբ պէտք է ուղղուինք քուէատուփեր, որպէսզի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վերակազմակերպենք մէկ կողմէ Լիբանանը, միւս կողմէ ալ անպայմանօրէն` լիբանանահայ գաղութը:
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Սիրելի՛ լիբանանահայութիւն,
Արժանապատի՛ւ լիբանանահայութիւն,
Որքա՛ն պիտի փափաքէի ձեզի հետ ըլլալ այսօր, որքա՛ն հպարտ եմ, որ ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ անսացիք Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կոչին եւ այս ընտրական հաւաքին եկած էք` զօրակցելու համար այս կուսակցութեան:
Հաւատացէ՛ք, ամբողջ էութեամբս ձեզի հետ եմ: 8 մայիսին Թորոնթոյի մէջ ընկերներս ու ես քուէարկեցինք յօգուտ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան թեկնածուներուն, որպէսզի ամրագրուին Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ Հայ դատի կռուանները:
Մեզ պահողը, սիրելինե՛ր, Դաշնակցութիւնն է: Ձեզ տեսնեմ մայիս 16-ին: Յաջողութի՛ւն, հայրենակիցներս:
ԽԱԺԱԿ ԳՈՒԼԱՃԵԱՆ
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Կարօտով ձեզի կը յայտնեմ սէրս, նաեւ` մեր աննման երկիր Լիբանանին:
Հաւատքով եմ միշտ, որ պիտի մնանք եւ գոյատեւենք, ինչպէս միշտ ըրած ենք: Մեր կուսակցութիւններուն, դպրոցներուն, եկեղեցիներուն եւ օճախներուն կը մաղթեմ յաղթանակ այս ընտրութիւններուն:
Աւա՜ղ հեռու եմ, բայց միշտ ձեզի համար կ՛երգեմ, մանաւանդ` «Զարթիր լաօ»-ն:
Լիբանանն ու լիբանանահայ գաղութը օճախն են հայոց պայքարին, օրինակ են Հայաստանին:
ՎԻԳԷՆ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Երբեք չէի երեւակայեր, որ այսքան հեռուէն պիտի խօսիմ ձեզի հետ, բայց կեանքի պայմանները երբեմն կը ստիպեն:
Դարձեալ ընտրական ժամանակաշրջան է եւ դարձեալ հակադաշնակցական դէմքերը սկսած են իրենց ձայնը բարձրացնել` փորձելով կոտրել այն կապը, որ կայ ժողովուրդին եւ կուսակցութեան միջեւ:
Այն կուսակցութեան, որուն ընդմէջէն կերտուած են հայ, ազգային, յեղափոխական եւ ըմբոստ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք միշտ եղած են առաջին գիծի վրայ` պաշտպանելու համար հայ ժողովուրդին ձայնը:
Մենք այսօր անգամ մը եւս առիթ մը ունինք մեր ձայնը պաշտպանելու եւ ըսելու, որ հայ ժողովուրդը պիտի ներկայացուի իր ներկայացուցիչներով, ու մէկ քայլ անդին երթալով պիտի ըսենք, որ ապազգային ուժերուն եւ անոնց ներկայացուցիչներուն համար տեղ չունի լիբանանահայութիւնը:
ՍԵՒԱԿ ՔԵԹԷՆՃԵԱՆ