Հազարաւոր հայեր եւ օտարներ, այսօր՝ չորեքշաբթի, 7 հոկտեմբերին բողոքի ցոյց կազմակերպեցին Եւրոխորհրդարանին առջեւ՝ պահանջելով, որ Եւրոպական Միութիւնը բարձրաձայն դատապարտէ՝ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ՝ Արցախի դէմ սանձազերծած յարձակումները, չըլլայ խուլ եւ համր,գործէ անյապաղ՝ կանխելու արիւնահոսութիւնը:
Ցուցարարները վանկարկումներով շեշտած են, որ Էրտողանը ահաբեկիչ է, Ազրպէյճանը՝ ներխուժող: Անոնք բարձրացուցած են «Ճանչցէք Արցախի անկախութիւնը», «Կեցուցէք Էրտողանը», «Կեցուցէք Ալիեւը», «Արցախը Հայաստան է», գրութիւններով պաստառներ:
Ցոյցը տեղի ունեցաւ այն պահուն երբ Եւրոպական Խորհրդարանը կը քննարկէր Արցախի դէմ թուրք-ազերիական յարձակումը: