Այսօր՝ հինգշաբթի առաւօտեան ժամերէն դիրքային նշանակութիւն ունեցող բախումներ տեղի կ’ունենան Արցախ- Ազրպէյճան սահմանագիծի բոլոր գօտիներուն մէջ:
Ազերի թշնամին առաւօտեան վաղ ժամերէն սկսաւ ռմբակոծել Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: Գիշերը՝ Ազրպէյճան քանի մը տասնեակ հրթիռներ արձակած էր Ստեփանակերտի, Մարտունիի, Ասկերանի ուղղութեամբ: Ականատեսներու վկայութեամբ, թշնամին օդարշաւ կատարած է Մարտունիի վրայ:
«Արմենփրես» հաղորդեց, թէ Արցախի պաշտպանութեան բանակը ծանր մարտեր կը մղէ Ասկերանի շրջանի Ատարանոց, Սղնախ եւ Ակնաղբիւր հատուածներուն մէջ: Արցախի նախագահի մամլոյ խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան յայտնեց, թէ թշնամին ունի կենդանի ուժի ծանր կորուստներ:
Արցախի պաշտպանութեան բանակը գուժեց թշնամիին դէմ հայրենիքի պաշտպանութեան ընթացքին զոհուած 51 անուններ: 27 սեպտեմբերին թուրք-ազերիական յարձակումին դէմ դնելու ընթացքին ինկած նահատակներուն թիւը 1119-ի բարձրացաւ:
Միւս կողմէ, ռուսաստանաբնակ հայ գործարար, «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի հիմնադիր Սամուէլ Կարապետեան խոստացաւ վերականգնել ազերի հրոսակներու կողմէ ռմբակոծուած Ստեփանակերտի ծննդատունը: « Ես կ’ուզեմ հաւաստիացնել արցախցիներուն, որ մենք անպայման կրկին պիտի կառուցենք, նոր ժամանակակից ծննդատուն Ստեփանակերտի մէջ: Այստեղ նորէն նոր կեանքեր պիտի ծնին». յայտարարեց Կարապետեան:
Տաւուշի մէջ կազմուեցաւ առաջին աշխարհազօրային ստորաբաժինը: Տաւուշի մարզպետարանը հաղորդեց,թէ թշնամիին հետ 350 քմ. սահման ունեցող Տաւուշի շրջանին համար խիստ կարեւոր է ունենալ աշխարհազօր ուժեր:
Դիւանագիտական գետնի վրայ, ռուսական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն 30 հոկտեմբերին, Ժընեւի մէջ նախատեսուած հանդիպումը ջնջուած է: Հանդիպումը կազմակերպուած էր ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահներուն 26 հոկտեմբերի նիստին:
Քիչ առաջ, հայկական միասնական տեղեկատուական հարթակը հրապարակեց 27 սեպտեմբերէն առ այսօր Ազրպէյճանի ռազմական կորուստները՝ 220 անօդաչու թռչող սարք, 16 ուղղաթիւռ, 25 ինքնաթիռ, 632 զրահապատ, 6՝ TOC: Մարդկային կորուստները կը գնահատուին 6.854: