ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա 30 Նոյեմբերին անհիմն որակեց Պաքուի դժգոհութիւնները՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի Մոսկուա կատարած այցելութեան վերաբերեալ:
Պատասխանելով այս մասին ատրպէյճանցի լրագրողի մը հարցումին՝ Զախարովա ըսաւ, որ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Սահակեանի այցելութիւնը պաշտօնական բնոյթ չունի, անիկա «չի հակասեր Ռուսիոյ օրէնսդրութեան, Մոսկուայի միջազգային պայմանաւորուածութիւններուն եւ Լեռային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով Ռուսիոյ միջնորդական առաքելութեան: Ուրեմն, ատրպէյճանական կողմի Ռուսիոյ ուղղուած դժգոհութիւնները, մեր կարծիքով, անհիմն են»:
Իբրեւ պատասխան Զախարովայի հաստատումին՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Լէյլա Ապտուլաեւա հեգնական արտայայտութիւն մը ունեցաւ՝ ըսելով, եթէ հետեւինք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մեկնաբանութեան տրամաբանութեան պէտք է հաւատանք, որ Արցախի նախագահը Պայքալ այցելած է հանգստանալու համար, եւ ոչ թէ Մոսկուա, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Արցախի նախագահի կարգավիճակով:
Ըստ ատրպէյճանական «Հաքքին» լրատուական կայքին՝ Ապտուլաեւա աւելցուց, որ այդ այցը կարելիէ չէ նկատել անձնական այցելութիւն: Ան նաեւ յիշեցուց Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ ապահովութեան մասին պայմանագիրին 5րդ կէտը, ուր կ՛ըսուի. «Կողմերը պարտաւոր են չաջակցիլ անջատողական շարժումներուն, ինչպէս նաեւ արգիլել այն անձերուն գործունէութիւնը, որ ուղղուած է այլ երկրի ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ»:
Նշենք, որ Արցախի Հանրապետութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն հաղորդուած էր, որ նախագահ Բակօ Սահակեան 24 Նոյեմբերին մեկնած է Մոսկուա, որմէ ետք Պաքու յայտարարած էր, թէ Սահակեանի մուտքը Ռուսիոյ տարածք վնաս կը հասցնէ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ գործընթացին եւ կը հակասէ Ռուսիոյ միջնորդական առաքելութեան:
Միւս կողմէ, ատրպէյճանական «Armenia.az» կայքը կը տեղեկացնէ, թէ Զախարովա նոյն մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նաեւ տեղեկացուց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Միլանի մէջ առարկայական քննարկումներ պիտի ունենայ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ, 6-7 Դեկտեմբերին, այդ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք ԵԱՀԿի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին առիթով, Իտալիա այցելելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակիցներուն հետ։