ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 24 Յուլիսին ներքաղաքական եւ արտաքին հարցերու շուրջ խորհրդակցութիւններու ծիրին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Արցախեան շարժման խումբ մը գործիչներու եւ պետական կառավարման ոլորտի ներկայացուցիչներու հետ: