Սօսի Հաճեան
Համաճարակին բերած «բարիքներէն» մին եղաւ ժուժկալութիւնը, ունեցածով բաւարարուելու համոզումը, որպէս հետեւանք՝ ընկերութեան պարտադրուած խիստ միջոցառումներուն, մանաւանդ, երբ համաճարակը հասած էր իր գագաթնակէտին, հազարաւոր կեանքեր խլելով: Սահմանափակումը ի զօրու դարձաւ բոլոր բնագաւառներուն մէջ,սկսելով փողոցին մէջ շրջագայելէ,բացի անհրաժեշտ պարագաներու. զգալի եղաւ յատկապէս ընկերային մարզէն ներս.հարազատներ եւ բարեկամներ տեսնելու ,միասին ըլլալու, զիրար վայելելու հաճոյքէն զրկուեցանք: Չյիշենք տակաւին կրթական մարզին մէջ իր պատճառած աւերը թէ՛ աշակերտութեան, թէ՛ուսուցչական կազմին,ինչպէս նաեւ ծնողներուն. շարքը երկար է տակաւին, բայց այսքանով բաւարարուինք :
Համաճարակը տակաւին ներկայ է, թէեւ նուազ վտանգաւոր.բայց մինչեւ այսօր առանց դիմակի արտօնուած չէ փակ վայրեր մտնել: Հիմա, որ գրեթէ վերադարձած ենք մեր սովորական առօրեային, կը տեսնենք, որ բարեկամական մեր փոխադարձ յարաբերութիւնները եւս վնասուած դուրս եկան այս երկարատեւ կղզիացումէն. իր նախկին համն ու հոտը որոշ չափով կորսնցուց ոչ միայն բարեկամութիւնը, այլեւ ինք՝բարեկամը :
Անցեալները թերթին մէջ յօդուած մը ուշադրութիւնս գրաւեց . կարդացի եւ շատ հաւնեցայ. «Բարեկամութիւնը Համաճարակի Ժամանակ» խորագրով. ժխտական երեւոյթ մը. մենք այլեւս առաջուան նման չենք փնտռեր մեր ընկերները. կը բաւարարուինք բջիջայինով կապուիլ իրենց հետ, գրաւոր, կամ բանաւոր պատգամ մը ձգել, յաճախ ոչ իսկ կը հեռաձայնենք: Խոստովանիմ, որ ես եւս վարակուեցայ ընկերային այս «նորաբոյր» ախտէն . առանց անդրադառնալու, չեմ գիտեր ինչպէս, տեսայ, որ դադրած էի շարք մը ծանօթներու հետ կապ պահելէ, քաղաքավարութեան տուրք տալու սիրոյն:
Ինչ որ է. շատ երկար եղաւ ներածականը:
Շուրջ երեք տարիէ ի վեր՝ իրարու չէինք հանդիպեր. այսինքն Քորոնա Վիրուս կոչուած փորձանքէն առաջ: Երկուքս ալ պահուըտած էինք լռութեան պատին ետին. երկուստեք անհոգութիւնը արձանագրած էինք որպէս չքմեղանք:
Սակայն անցեալ ամիս՝ առտու մը, երբ փոշեկուլով եւ իր հանած անտանելի աղմուկով տունը կը մաքրէի, հազիւ կրցայ լսել հեռախօսին զանգը .Վերոնիքան էր, համակրելի աղջիկ մը, որուն հետ քանի մը տարի մշակութային միութեան մը մէջ աշխատած էինք. կը փափաքէր, որ անպայման միասին ճաշի երթայինք :
Հրաւէրը ընդունեցի առանց երկար բարակ մտածելու. պահանջքը կը զգայի նորէն դուրս ելլելու եւ ընկերային կեանքի վերադառնալու:
-Ժամանակը ինչ արագ կը սահի -ըսաւ – երեւակայէ երեք տարի անցած է արդէն մեր վերջին հանդիպումէն. դուն ալ ինծի պէս քիչ մը փոխուեր ես:
– Աւելի երիտասարդացած եմ, չէ՞,- ըսի քմծիծաղով. դուն չես փոխուած անհոգ եղիր. շատ երիտասարդ ես::
Հայելին արդէն անվերապահ եւ բիրտ կերպով (հիմա բի՞րտ եղաւ) կը ցոլացնէ դէմքս. աչքէս չեն վրիպիր դէմքիս կրած փոփոխութիւնները անցնող տարիներուն հետ. անշուշտ ընթացող ժամանակին բնական հոլովոյթն է .բայց հաւատացէ՛ք, հոգս չէ. համաճարակը մեզի սորվեցուց առաջնահերթը զանազանել երկրորդականէն: Հիմա առողջութիւնն է կարեւորը. որքան երիտասարդ կեանքեր ճզմուեցան հիւանդութեան ծանր մոյկերուն տակ:
Վերոնիքան հազիւ առաջին պատառը կուլ տուած՝ սկսաւ պատմել այս վերջին տարիներուն իր գլխուն եկած փոձանքները եւ ուրախ պատահարները: Ըստ երեւոյթին՝ հիմա որոշ չափով յաղթահարած էր այդ դժուարութիւններուն, եւ իր տարած յաղթանակով պարծենալու առիթ կը փնտռէր, իրեն մտիկ ընող ականջ մը:
Ինք առեւտրական կեդրոնի մը մէջ, ծանօթ մակնիշի մը՝ կանացի զգեստներու վաճառատան մը ընդհանուր պատասխանատուն էր: Յաճախորդները ընդհանրապէս բարեկեցիկ խաւին կը պատկանէին.եւ ինք շատ գոհ էր թէ՛ իր գործէն եւ թէ՛ վաճառատան տիրոջմէն, որ շատ լաւ կը վարձատրէր զինք:
Սակայն համաճարակին պարտադրած անհանդուրժելի սեղմումները պատճառ դարձան, որ յաճախորդներ դադրին գնելէ եւ երկրորդ տարին չվերջացած՝վաճառատան տէրը, ինչպէս շատեր, վերջնականապէս փակէ իր խանութը. յառաջացած տարիքն ալ որոշ չափով դեր խաղաց այս պարագային.և որպէսզի Վերոնիքան նեղ կացութեան չմատնուէր կանխիկ վճարեց յառաջիկայ ամիսներու աշխատավարձը:
Վերոնիքա սկիզբը շատ չազդուեցաւ այս ստեղծուած կացութենէն, այն յոյսով, որ երբ արգելքները վերցուէին, նոր գործ մը պիտի փնտռէր: Սակայն օրերը կ’անցնէին, եւ փոխանակ վիճակը բարելաւուելու, կը վատթարանար: Թէեւ ինք դրամատան մէջ, կոկիկ գումար մը պահ դրած էր, բայց ատիկա անձեռնմխելի էր, միայն ծայրայեղ պարագաներու ատեն գործածելու համար:
Կարծես անգործութիւնը չբաւէր, մէկ օրէն միւսը բնակած յարկաբաժնին վարձքը աւելցուցին: Երբ տեսաւ, որ այլեւս ի վիճակի չէր այդքան բարձր գումար վճարելու, որոշեց աւելի մատչելի գինով տուն մը փոխադրուիլ:
Երկու շաբաթ յետոյ, թերթին մէջ տեսաւ իր փնտռած տան պայմանները լրացնող պզտիկ յարկաբաժնի մը ծանուցումը: Իր բնակած տան մօտ էր, աւելի փոքր եւ աւելի աժան վարձքով.մէկ ամիս յետոյ փոխադրուեցաւ: Գոհ էր տունէն, շէնքին դրացիները կիրթ էին, եւ շատ մանուկներ ալ չկային, որ աղմկէին: Երբեմն իր նախկին տունը կը կարօտնար, հոն գեղեցիկ յիշատակներ ետին ձգած էր : Իր կեանքին այս ոչ հաճելի փոփոխութիւնը, առաւել անգործութիւնը աւելի շեշտեցին իր մինակութիւնը: Մտածեց զբաղում մը գտնել, որպէսզի աւելի տանելի ըլլար և նիւթական եկամուտ մը ունենար:
Բաւական խորհելէ յետոյ, որոշեց զանազան կերակուրներ, անուշեղէններ պատրաստել եւ ծախել: Սկսաւ ընկերային ցանցերու մէջ ծանուցանել, ընկերներ եւ ծանօթներ ալ քաջալերեցին զինք, գովազդը տարածելով եւ իրմէ գնելով: Կամաց –կամաց ապսպրողներուն թիւը սկսաւ աճիլ: Վերոնիքա ուրախ էր.միայն ուտեստեղէններ գնելը բաւական տաղտկալի էր. կէս ժամ տեւելիք գնումը կը վերածուէր երկու ժամուան արարողութեան. վրան ալ աւելցնել վարակուելու վախը. որքան կարելի էր կը հեռանար մարդոցմէ, ոչ մէկ հպում,դիմակները ամուր կապուած դէմքերուն, երբեմն անճանաչելի դառնալու չափ :Բայց երբ տուն վերադառնար եւ կերակուրի պատրաստութեան լծուէր, դուրս կը մնային անհաճոյ վայրկեանները :
Իր բախտէն, շատ կարճ տեւեց այս խանդավառութիւնը. նոր դրացիներ փոխադրուեցան իրեն կից յարկաբաժինը:
Վերջերս գաղթականներու հոսանք մը ծայր տուած էր հարաւային ցամաքամասի մի քանի երկիրներէն դէպի Արժանթին: Ընդհանրապէս համեստ, քաղաքավար, պարտաճանաչ մարդիկ էին, որոնք շուտով գործ կը գտնէին. խանութներ, սրճարաններ, բժշկական կեդրոններ եւ այլ ասպարէզներ իրենք սկսան լեցնել: Դիմագիծերէն եւ սպաներէնի շեշտէն կարելի էր զիրենք զանազանել տեղացիներէն: Իր քովի նորեկ դրացիները անոնցմէ էին. բայց այդ դրական յատկութիւններէն զուրկ էին:
Գիշեր մը արթնցաւ քովի շատ բարձր աղմուկէն, կ’երգէին, կը պարէին, կը ճչային: Ժամը երեք էր. սպասեց թերեւս լռէին. փորձեց գլուխը բարձին տակ պահել. չեղաւ:
Քիչ մը վարանոտ, քիչ մը վախով գնաց ըսելու, որ այդքան բարձր չլսէին երաժշտութիւնը: Դուռը զարկաւ, չբացին. հաւանաբար աղմուկէն չլսեցին, կամ չուզեցին բանալ, անգամ մը եւս զանգին կոճակը սեղմեց. դուռը բացողը շատ թուխ եւ խոշորակազմ մարդ մըն էր, որ վերէն վար չափեց զինք. գինիին հոտը բերնէն դուրս կը ժայթքէր: Վերոնիքա վախցաւ անոր ահարկու նայուածքէն, բայց յանդգնեցաւ քաղաքավարութեամբ խնդրել, որ շատ ուշ էր եւ չէր կրնար քնանալ: Մարդը բարկաճայթ ձայնով անհասկնալի բաներ մը պոռպռաց եւ ձեռքով նշան ըրաւ, որ երթար, ապա դուռը ուժգին փակեց ետեւէն, ամբողջ շէնքը դղրդացնելով:
Վերոնիքա զղջաց գացած ըլլալուն համար, հապա եթէ իրեն բան մը ընէին: Մանաւանդ, որ նոյն յարկի միւս դրացիներէն ոչ ոք ելաւ բողոքելու. անոնք խոհեմ գտնուած էին: Վերջապէս աղմուկը դադրեցաւ, բայց ինք հիմա մտմտուքի մէջ մտաւ եւ մինչեւ առտու աչքերը չփակեց: Քաղաքի ծայրամասերուն մէջ ոճիրները բազմապատկուածէին, գողութիւն, մարդասպանութիւն, բռնաբարութիւն:Որքան որ ոստիկանութիւնը աչալուրջ կը հետապնդէր չարագործները, անոնք շուտով նորէն կը բուսնէին :
Օր մը տանտիրոջ պատմեց պատահածը.բայց ան պատճառաբանեց, որ քանի որինք հոն չ’ապրիր,իրաւունք չունի միջամտելու. թող շէնքի վերհասկիչին երթար բողոքելու: Վերոնիքա չուզեց գործած սխալը կրկնել:
Այլեւս հաշտուեցաւ անոնց գիշերային հաւաքոյթներուն, պոռչտուքներուն եւ կռիւներուն: Շարունակեց իր կերակուրի պատրաստութիւնը, բայց հանգիստ չէր. կը խուսափէր այս նորեկներուն հանդիպելէ. մանաւանդ որ մինակ էր եւ անոնք գիտէին ատիկա:
Անգամ մը վերելակին մէջ հանդիպեցաւ այդ սարսափազդու մարդուն, ինք իր վրայ կծկուեցաւ եւ անմիջապէս դուրս ելաւ: Մտահոգութենէն սկսաւ անհանգստանալ: Եթէ նիւթապէս ի վիճակի ըլլար, այս տունէն կ’ելլէր, այս վտանգաւոր մարդոցմէն կը փախչէր: Սկսան ուրիշներ ալ գանգատիլ ասոնց անկիրթ վարմունքէն,սպառնալիքներէն. կամ պէտք էր ոստիկանութեան բողոքէին եւ կամ ալ հանդուրժէին:
Օր մըն ալ իր ընկերուհին, որ Պրազիլ պիտի ճամբորդէր գործով մէկ տարուան համար, խնդրեց իրմէ, որ իր տունը մնար մինչեւ իր վերադարձը. որովհետեւ իր շրջանի փողոցային ստահակները, որոնք ուշի ուշով կը հետեւին մարդոց, եթէ գիտնան, որ տունը բնակող չկայ, կրնան մտնել եւ կողոպտել ամէն բան: Վերոնիքային անչափ ուրախութիւն պատճառեց այս լուրը: Ընկերուհիին մեկնելէն յետոյ, շուտով անոր տունը կայք հաստատեց. ի վերջոյ կրցաւ հանգիստ շունչ առնել:
Իր խօսելէն յետոյ,երբ սուրճն ալ խմածէինք, պաղպաղակն ալ կերած, ինծի չատ բան չմնաց ըսելիք: Ես ալ իմ կարգիս, տարբեր բնոյթի հարցեր ունեցած էի այդ ամիսներուն, կամ տարիներուն, բայց բարեբախտաբար ամէն բան վեր ի վարոյ լուծումի մը յանգած էր : Քիչ մըն ալ թարմ լուրեր,( ոչ բամբասանք) տուինք իրարու, սարէն ձորէն խօսեցանք եւ վերստին հանդիպելու խոստումով բաժնուեցանք իրարմէ:
Այս անգամ շատ արագ եղաւ վերահանդիպումը:Վերոնիքան էր նորէն հեռաձայնողը: Ձայնէն հետեւցուցի, որ ուրախ բովանդակութեամբ ըսելիքներ ունէր:
-Վերջապէս ծանօթացայ շատ համակրելի եւ ազնիւ մէկուն-ըսաւ ժպտելով: Երբեմն չսպասուած վայրկեանի մը,կեանքը հաճելի անակնկալներ կ’ընէ մեզի եւ մեր երազները իրականութեան վերածելու անհուն երջանկութիւնը կը պարգեւէ:
Է՜հ ինչ լաւ է, որ դրական եւ յուսատու իրադարձութիւններ պատահին մեր կեանքին մէջ, այս պարագային՝համաճարակին ձգած բացասական հետքերը ջնջելուեւ մեր սիրտերը լաւատեսութեամբ եւ բերկրութեամբ լեցնելու համար: