Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ բանակցութիւններուն մէջ փոխադարձ զիջումները վերջնականապէս պիտի որոշուին համաուքրանական հանրաքուէով: Անոնց շարքին են Տոնպասի եւ Խրիմի ժամանակաւորապէս բռնագրաւուած տարածքներու անվտանգութեան երաշխիքներու հարցերը: Այս մասին «Սուսփիլնի»-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի:
«Իսկ պատասխանը շատ յստակ է: Մենք բոլորս արդէն կը հասկնանք: Մեզ չեն ընդունիր ՕԹԱՆ-ի մէջ, որովհետեւ Ռուսիայէն կը վախնան: Ահա եւ վերջ: Եւ մենք պէտք է հանգստանանք եւ ըսենք. «Լաւ` անվտանգութեան այլ երաշխիքներ»: Անվտանգութեան երաշխաւոր ըլլալ ուզող ՕԹԱՆ-ի երկիրներ կան, որոնք դժբախտաբար չեն կրնար մեզի 100 առ հարիւր անդամակցութիւն ապահովել, սակայն պատրաստ են ընելու անհրաժեշտ ամէն բան, ինչ որ պիտի ընէր դաշինքը, եթէ մենք դաշինքի անդամ ըլլայինք: Եւ կը կարծեմ, որ ատիկա բնական փոխզիջում է», աւելցուցած է ան:
Զելենսքիի համաձայն, անվտանգութեան երաշխիքներու հարցերուն մէջ ուշադրութեան կեդրոնը պիտի ըլլան սահմանադրական փոփոխութիւններն ու ուքրանական օրէնսդրութեան մէջ փոփոխութիւնները:
Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի խորհրդական Ալեքսէյ Արեսթովիչ իր կարգին յայտարարեց. «Ուքրանիոյ մէջ ռուսական զօրքերուն դէմ զինուորական գործողութիւնները կրնան աւարտիլ երկու-երեք շաբաթէն»:
Անոր համաձայն, զինուորական գործողութիւնները շուտով կրնան աւարտիլ, որովհետեւ ռուսական զօրքերը ոչինչ պիտի ունենան իրենց դէմ կռուելու համար:
«… Անոնք յառաջ պիտի երթան մինչեւ վերջ, եւ արագ պիտի սպառին, ես երկու-երեք շաբաթ ժամանակ կու տամ գործօն զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու համար, որովհետեւ կռուելու համար ոչինչ պիտի մնայ: Այն, ինչ որ հինգ օրուան ընթացքին տեղի կ՛ունենայ, փոքր բնորդ է, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ երեք շաբթուան ընթացքին. գործնական դադարի ժամանակ պիտի ըլլայ… Երեք շաբաթէն ամէնուր այսպէս պիտի ըլլայ, իսկ երբ կանգնին, մեզի աւելի յարմար պիտի ըլլայ զանոնք ոչնչացնել», յայտնեց Արեսթովիչ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ անոր ֆրանսացի պաշտօնակից Ժան Իւ Լը Տրիան «քննարկեցին ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան գործընկերներուն Ուքրանիոյ օժանդակութիւն տրամադրելու ջանքերը»:
«Պլինքըն դատապարտեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մարտավարութիւնները, որոնք ուքրանացի քաղաքայիններու սպանութեան կը յանգեցնեն», նշեց նախարարութիւնը` աւելցնելով, որ ան «իր ֆրանսացի պաշտօնակիցին հետ քննարկեց Ռուսիան եւ Պիելոռուսիան հաշուետուութեան կանչելու համար յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատելու առիթները, ինչպէս նաեւ անոնք քննարկեցին ՕԹԱՆ-ի արտակարգ վեհաժողովը եւ արեւելեան կողմին մէջ դաշնակիցներու պաշտպանութեան համակարգերը ամրապնդելու հարցերը»:
Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Տրակի իր երկրին խորհրդարանին առջեւ յայտարարեց. «Իտալական իշխանութիւնները Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցներու ցուցակին վրայ ներառուած ռուս գործարարներու պատկանող աւելի քան 800 միլիոն եւրոյի հաշիւներ սառեցուցին»:
Նետերլանտներու ելեւմուտքի նախարար Սիկրիտ Քաակ իր կարգին յայտարարեց Հոլանտայի մէջ շուրջ 400 միլիոն եւրօ արժէքով ռուսական հաշիւներու սառեցումը:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես կոչ ուղղեց վերջ տալու Ուքրանիոյ մէջ «անհեթեթ պատերազմին», որ կը պատճառէ «մարդկային սարսափելի տառապանքներ», որոնք «կ՛աւելնան» եւ «ժամ առ ժամ աւելի անկանխատեսելի» կը դառնայ:
Ան ըսաւ, որ այս պատերազմին մէջ յաղթողներ չկան, եւ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի գլխաւոր գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին բանակցութիւններու դիմելու կոչ ուղղեց:
«Տարբեր դերակատարներու հետ իմ հաղորդակցութիւններէս քանի մը առանցքային հարցերու շուրջ դիւանագիտական յառաջընթացի տարրեր երեւցած են», ըսաւ ան: Անոր համաձայն, որովհետեւ միլիոնաւոր ուքրանացիներ ստիպուած եղած են լքել իրենց տուները, «պատերազմը ոչ մէկ տեղ պիտի հասցնէ»:
«Եթէ նոյնիսկ Մարիուփոլը իյնայ, Ուքրանիան կարելի պիտի չըլլայ քաղաք առ քաղաք, փողոց առ փողոց, տուն առ տուն գրաւել: Սեղանին դրուածը բաւական է, որպէսզի զինուորական գործողութիւնները հիմա դադրեցուին… եւ հիմա լուրջ բանակցութիւններ սկսին», շարունակեց ան: «Քանի՞ ուքրանացի եւ ռուս պիտի սպաննուի, մինչեւ որ բոլորը հասկնան, որ այս պատերազմին մէջ յաղթողներ չկան, այլ` միայն պարտուողներ»:
Միւս կողմէ, Տոնեցքի տեղեկատուութեան պատասխանատու Տանիիլ Պոզոսոնով յայտնեց. «Ռուսական զինեալ ուժերն ու Տոնեցքի ժողովրդային ուժերը ուքրանական Մարիուփոլ շրջանի շուրջ կէսը ազատագրեցին»` նշելով. «Ուքրանական կողմը Մարիուփոլի մէջ ահաւոր կորուստներ կ՛ունենայ»:
«Մարիուփոլ գտնուող ուքրանացի ազգայնական զինեալները կը փորձեն քաղաքային բնակիչներու մէջ պահուըտած դուրս գալ քաղաքէն», նշեց ան:
Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ալեքսէյ Ռեզնիքով իր կարգին յայտարարեց. «Մարիուփոլ քաղաքը երեք շաբաթէ ի վեր շարունակ ռմբակոծումի կ՛ենթարկուի, եւ այդտեղ շարք մը կառոյցներ ամբողջովին քանդուած են»:
«Ռուսիան Մարիուփոլի մէջ հաւաքական բնաջնջում կը գործէ», աւելցուց ան:
Ուքրանիոյ ենթակառոյցներու նախարար Քորաքով Աուլիքսանտր նախապէս յայտարարած էր. «Հարաւային Ուքրանիոյ Մարիուփոլի, Պերտենսքի, Սոքատոսվսքի եւ Խերսոնի նաւահանգիստները ներկայիս փակ են»: