ՎԵՀԱՆՈՒՇ ԹԵՔԵԱՆ
Դժուար է ընդունիլ, նոյնիսկ` հարիւր տարուան հազուադէպ սահմանը անցնելէ ետք, թէ Ժագ Յակոբեան պիտի հեռանար Երկիր մոլորակէն: Գնաց` ամէն օր Աստուծոյ փառք տալով առաւօտեան զարթնումին համար: Խաչեալ Քրիստոս չհեռացաւ սրտէն, ոչ ալ աստուածատուր ոսկէ գրիչը` ձեռքէն:
Գնաց քերթողը, մնաց իր հոգիին գիրն ու աւիշը, որ ողողած էր սփիւռքը ծայրէ ի ծայր: Հոգեկան սնունդ սերունդներու համար եւ հայաշաղախ հաց հայոց տուներու եւ վարժարաններու մէջ:
Եւ հիմա ի՞նչ մնաց. ինչ որ տուաւ ուրիշին, մնա՛ց: Ինչ որ ուրիշը տուաւ իրեն ա՛ն ալ մնաց: Իր աշակերտներուն համար անմոռանալի էր իբրեւ հայերէնի դասատու: Բժիշկ մը տարիներ առաջ ըսաւ. «Ո՛չ հայր, ո՛չ մայր. աշխարհի մէջ մէ՛կ հոգի կը յարգեմ միայն, ուսուցիչս` Ժագ Յակոբեանը»: Բայց Յակոբեան կը խուսափէր փառք ու փառաբանանքէ. «Փառքը միայն Աստուծոյ պէտք է մատուցուի», կ՛ըսէր: Իբրեւ նկարագիր` հսկայ մըն էր իր մարդասիրութեամբ, ազնուութեամբ, համեստութեամբ, Աստուածաշունչի եւ մեր գիրի ու պատմութեան հմտութեամբ: Օ՜, մանաւանդ` մեսրոպաշունչ ներշնչումով: Ամէն տող հայ մարդու իր մաղէն կ՛անցնէր: Դարերէ՜ն կու գար եւ կ՛առաջնորդէր դէպի հաւատք ու պայքար:
Եւ հիմա հանգչած է ալեւոր քերթողը, որ զօրավարն էր իր ժողովուրդին եւ զինուորը Աստուծոյ: Խաղաղած է խռովայոյզ հոգին, որ գուրգուրաց Հայաստանին` սփիւռքի մէջ, բայց երբեք չտեսաւ Հայաստանը այնպէս ինչպէս, բազում արժանի ու անարժան գրողներ տեսան: Պառկած է` խաչը կուրծքին, ժպիտն ու խաղաղութիւնը` դէմքին: Համբուրենք այդ խաչը եւ իր արեամբ գրած բանաստեղծութիւնները բերենք տուն, որ լուսեղէն մնայ Տունը, եւ կանգուն` քերթութեան Տաճարը:
Ուղերձը, զոր գրած էի իր հարիւրամեակին առիթով, լաւագոյնս կը յայտնէ ինչ որ ըսել կ’ուզէի Ժագ Յակոբեանին:
Սիրելի՛, շա՜տ սիրելի Ժագ Յակոբեան,
Ձեր անցած գրեթէ հարիւր տարիներու ընթացքին դուք հարիւր անգամ ապրեցաք տարուան չորս եղանակները. հետեւաբար կը հաւատանք, եթէ ըսէք մեզի, տարին միայն չորս եղանակ չունի, այլ` քառասուն, եւ այդ քառասունին երեսունինն հայո՛ւն համար կը ստեղծուի:
«Հայ» բառին երեք տառերը Սուրբ Երրորդութեան նման փոխանցեցիք մեր ազգին, եւ ձեր 36.200 օրերուն իւրաքանչիւրը ապրեցաք իբրեւ հայ ուխտաւոր եւ աստուածատուր առաքեալ:
Չեմ կրնար չմտածել, թէ Դանիէլ Վարուժան նահատակուեցաւ 1915-ի օգոստոսին, եւ դուք ծնաք ճիշդ երկու տարի ետք` 1917-ի օգոստոսին: Այն օրէն, որ Նիկոլ Աղբալեան լուսազօծեց ձեր տաղանդը, դուք ութսուն տարի առանց դադար` Աստուծոյ ձեզի շնորհած մէկ տաղանդը վերածեցիք հարի՛ւրի:
Ձեր նորահարսին հետ երգեցիք մեղրալուսինը: Քերթողութեան գաղտնի Ճամբայէն անցնելով` վառեցիք ճրագները մեր նախնիներուն, նահատակներուն, տօներուն եւ աւանդութիւններուն, ձեր սերունդին եւ յաջորդող սերունդներուն համար: Մեր տուներուն հարազատ բոյրը եղան ձեր ժագափունջերը: Հայաբոյր մարգարտաշարներ են, ինչ որ քերթողած էք ձեր մօր ու հօր եւ ձեր հինգ զաւակներուն մասին:
Իբրեւ սփիւռքի բանաստեղծ` ներբողեցիք հայկական կազմակերպութիւնները եւ մանաւանդ` հայ վարժարանը: Ու հակառակ ձեր դեղագործի վկայականին, երբ որ հարկ էր, մտաք հայկուկներու դասարաններէն ներս եւ անոնց հոգիին հաւատք ու մտքին լոյս ջամբեցիք ինչպիսի՜ գուրգուրանքով ու հմտութեամբ: Ձեր հազարաւոր աշակերտներէն ոմանք կը վկայեն, թէ ինչպէ՛ս սիրցուցիք հայոց լեզուն, հայութեան հայրենիքը, հայկականութեան գիտակցութիւնը:
Իբրեւ բանաստեղծ` առաջին օրէն ունեցաք ինքնուրոյն ոճ մը` կուռ եւ առոյգ, պատկերներու խտութեամբ ու յուզականութեամբ, բառերու շքերթով, որ յաղթանակող բանակի մը քալուածքին կշռոյթը կը յուշէ: Երբեմն շեփորահար, երբեմն սրնգահար, սպարապետ ու քուրմ, արդարադատ ու սրտազեղ, միշտ հայոց հին ու նոր պատմութեամբ թաթաւուն:
Ինչ որ կատարեցիք, լաւագո՛յնը ըրիք: Լաւագոյն կողակից ու հայր, որդի եւ բարեկամ, քարոզիչ ու դաստիարակ, աստուածապաշտ ու մարդկայնասէր, բանաստեղծ եւ տեսիլքի ռահվիրայ:
Աւա՜ղ, դուք, որ երկնեցիք Մասիսածին-ը, դուք, որ Արարատը բարձրացուցիք սփիւռքի բոլոր անկիւններուն, ուր հազարաւոր ընթերցողներ ունէիք, դուք որ սփիւռքի եւ Հայաստանի հաւատքի երգիչն էք, երբեք չհրաւիրուեցաք հայրենի հողին վրայ ոտք դնելու, ֆիզիքապէ՛ս հաղորդուելու: «Հիմա արդէն ուշ է», ըսիք քանի մը տարի առաջ անհուն բարութեամբ ու մղկտացող սիրտով, «Ես հոգեկան աչքերով ամէ՛ն օր կը տեսնեմ զայն»: Ափսո՜ս, հազա՛ր ափսոս:
Սակայն դուք միշտ երիտասարդ մնացիք: Ո՞ր ութսունինը տարեկան ալեւորը կը հրատարակէ իրեն վաթսունհինգ տարուան կողակից Լիլուշին ձօնուած հատոր մը. կը յիշեմ` ի՜նչ խանդաղատանքով կարդացիք զանոնք Նիւ Ճըրզիի սրահի մը մէջ` զարմացնելով սէրը տարիքի հետ շփոթող ունկնդիրները: Շատեր չեն գիտեր, որ զուարթ էք բնաւորութեամբ եւ բացառիկ հիւմըրի տէր: Ամէն հեռաձայնելուս նոր հատոր մը կա՛մ հրատարակուած է, կա՛մ մամուլի տակ է: «Այլեւս ո՞վ պիտի կարդայ» կ՛ըսէք եւ® անդադրում կը գրէք: Նման չէք այլ գրողներու, դուք ունիք ո՛չ թէ հարց ու հարցումներ, այլ` պատասխաններ:
Հարիւր տարին անբաւարար է այսքան նուաճում կատարելու, բայց Աստուծոյ օրհնութիւնը ձեր մտքին իմաստութիւն եւ գրիչին քաջութիւն տուաւ: Ձեր մեծագոյն սէրը մնաց Յիսուս Քրիստոս: Սուրբգրային վերլուծումներու եւ բանաստեղծութեան ջահակիրն էք հոգեւոր թերթերու մէջ: Սիրուած քերթողը` մեր բեմերուն ու մամուլին:
Աստուածաշունչով արբշիռ` ստեղծեցիք բազմաթիւ կարկաչուն վտակներ ու գեղահունչ յաւիտենականութիւն: Քարոզեցիք, մխիթարեցիք անմխիթարները, անկարները, անտեսուածները, յուսահատները, միայնակները, կարեկից եղաք ու շալկեցիք անոնց վիշտը: Խաղաղ կեանքէ զրկուած մարդոց Աստուծոյ դեղագիրը տուիք: Գառնուկի նման` քալեցիք Յիսուսի հետ, բայց առիւծի՛ պէս պաշտպանեցիք Քրիստոսը մամուլով, բեմերէն, բանիւ եւ գործով, անոնց դէմ, որոնք կը թերագնահատէին կամ կ՛արհամարհէին խաչեալ Փրկիչը: Ձեր փոյթը իսկ չէ, թէ ձեզ «Ռուհճի» կ՛անուանեն. ընդհակառակը, կ՛ուրախանաք, որ հոգեւոր կը նկատուիք: Մինչեւ հիմա կը զարմանամ, թէ ինչո՞ւ Գրիգոր Նարեկացին «ռուհճի» չի կոչուիր:
Դուք, որ մի՛շտ խուսափեցաք փառք ու պատիւէ` պնդելով, որ միայն Աստուա՛ծ արժանի է անոր, այս երեկոյ ընդունեցէ՜ք այս սկիհը` սիրոյ ու յարգանքի, որովհետեւ դուք հոգեհա՛յրն էք Հաւատքի եւ Հաւատարմութեան: Այս սկիհին մէջ միախառնուած են հայ ժողովուրդէն բխած սիրոյ մարգարիտ, կարօտի ձայն եւ խաղաղութեան օրօր:
Եւ օր մը, երբ Հայր Աստուած որոշէ բարձրացնել ձեզ այս աշխարհէն, պիտի ըսէ. «Եկո՛ւր, որդեա՛կ, դուն, որ հաւատքը պահեցիր, բարի գործերը կատարեցիր, մտի՛ր քու Տիրոջդ արքայութեան մէջ»: