Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
1.Գուցէ
Արդի հայերէնի մէջ գուցէ(=միգուցէ)-ով կ’եղանակաւորենք այնպիսի միտքեր, որոնք կասկած, շփոթ, անորոշութիւն ու մանաւանդ բացասական իրողութիւններ կ’արտայայտեն. ինչպէս՝
Գուցէ փորձանքի հանդիպեցաւ:
Գուցէ երբեք չհասնինք մեր նպատակին:
Գուցէ եղանակը խստանայ ու չնաւարկեն:
Հոմանիշ է թերեւս-ին, որով կ’եղանակաւորենք աւելի դրական միտքեր. ինչպէս՝
Թերեւս բախտերնիս բերէ ու յաջողինք:
Թերեւս աւելի յարմար առիթի մը կը ներկայանայ:
Ծագումով եղած է շատ հին բայ մը, որուն սկազբնաձեւն էր գոլ, որ կը նշանակէ «գոյութիւն ունենալ»,– պակասաւոր բայ մը, որ հազիւ քանի մը ձեւեր ունի, մինչ գրաբարեան որեւէ լիարժէք բայ կ’ունենայ 32-34 ինքնուրոյն ձեւեր:
Սահմ. ներկայ ու անցեալ՝ գոմ-գոս-գոյ-գոմք-գոյք-գոն եւ գոյր-գոյին
(գոյութիւն ունիմ …գոյութիւն ոււնէր)
Առաջին ապառնի՝ գուցէ-գուցեն
(գոյութիւն ունենայ…գոյութիւն ունենան)
Ուրեմն աշխարհաբարի գոյ բառը, որ կը նշանակէ «գոյութիւն», կը յառաջանայ այս բայի եզակի երրորդ դէմքէն, որ ներկայիս բնութիւն փոխելով դարձած է գոյական, իսկ բայական ոչ մէկ կիրարկութիւն մնացած է:
* * *
Գուցէ-ն գրաբարի մէջ երկփեղկուած էր. պահելով հանդերձ բայական յիշեալ նշանակութիւնը՝ գոյութիւն ունենայ, միաժամանակ կը կիրարկուէր իբրեւ եղանակաւորող բառ, որուն ակնարկեցինք յօդուածիս սկիզբը եւ յատուկ է նաեւ աշխարհաբարին:
Հետեւեալ օրինակը շատ լաւ ցոյց կու տայ այդ երկւութիւնը.
«Եւ ասէ Աբրահամ. “Զի ասացի, թէ գուցէ ոչ գուցէ աստուածապաշտութիւն ի տեղւոջս յայսմիկ”» (Ծնունդք, Ի/11):
Այսինքն՝ «Եւ Աբրահամ ըսաւ. “Քանզի ըսի, որ գուցէ աստուածապաշտութիւն գոյութիւն չունենայ այստեղ”»:
Շատ զարմանալի խաղեր կը խաղայ լեզուն. ահա երկիմաստ բառ մը, որուն բնիկ իմաստը անհետացած է ժամանակի ընթացքին, եւ գոյատեւած է անոր ոչ-բնիկ՝ փոխաբերական իմաստը միայն:
2.Գոգ
Այս ալ ուրիշ բայ մը, որ նշանակած է ըսել, եւ որուն սկզբնաձեւը ոչ իսկ յայնի է. գոգ-ը այդ անծանօթ սկզբնաձեւին միայն արմատն է:
Սա իր կարգին մաշած՝ պակասաւոր բայ մըն էր, որ գրաբարի մէջ ունէր հետեւեալ կիրարկութիւնները.
—Ապառնի՝ գոգցես-գոգցէ եւ գոգցուք-գոգջիք-գոգցեն:
(ըսես-ըսէ …ըսենք-ըսէք-ըսեն)
—Հրամայական՝ գո՛գ-գոգջի՛ր… գոգէ՛ք-գոգջէ՛ք:
(ըսէ՛…ըսէ՛ք)
Աշխարհաբարի մէջ այս կիրարկութիւններն ու նշանակութիւնը կորսուած են, եւ ապրած է միայն գոցցես բառաձեւը, որ այլեւս բայական նշանակութիւն չունի, այլ վերածուած է եղանակաւորող բառի ու կը նշանակէ գրեթէ, կարծես (թէ), իբր (թէ):
Օրինակ՝ «Կը փառաւորէին զայն ազգային յատկանիշի մը հաւատարիմ գտնուելու համար գոգցես» (Տիգրան Կամսարական):
Հաւանաբար պէտք է աւելցնենք, որ աշխարհաբարն ալ կամաց-կամաց,– եթէ ոչ վաղուց,– մոռնալու վրայ է զայն: Ատեն մը մխիթարեաններուն բերնէն յաճախ կը լսուէր, այդ ալ չմնաց հիմա: Մեր բառարանները հատ ու կենտ տեղ կու տան անոր:
3.Գոնէ
Սա իր կարգին եղանակաւորող բառ մըն է եւ զիջում ցոյց կու տայ թէ՛ գրաբարի, թէ՛ աշխարհաբարի մէջ. օրինակ՝ «Այնքան կորուստէ ետք՝ գո՛նէ այս մէկը մնար»:
Ըստ Աճառեանի՝ անհետացած բայի մը հրամայական մնացորդն է՝ գոնեա՛[1] ձեւերով, Ջահուկեան կ’ենթադրէ, որ ՝ գոնել է այդ բային սկզբնաձեւը,– որ իր բայական բնութիւնը արդէն կորսնցուցած էր նախագրային հայերէնի մէջ իսկ:
- Գրեթէ, կարծես(թէ)[2], համարեա
Ահաւասկ երբեմնի երեք ուրիշ բայեր, որոնք իրենց կարգին եւ ա՛յս ձեւով միայն դարձած են եղանակաւորող[3] բառեր.
Գրեթէ բոլոր հարցումներուն պատասխանեց:
Կարծես (թէ) սկսաւ բան մը գուշակել:
Երբեմնի դժուարութիւնները համարեա յաղթահարեց:
Ինչպէս կը նկատենք, ասոնք մօտաւոր հոմանիշներ են՝ գրեթէ հասանք=կարծես հասանք=համարեա հասանք:
Միւս կողմէ՝ նախորդ երկուքէն կը տարբերին անով, որ իրենց ծնունդ տուող մայր բայերէն բոլորովին խզուած չեն. անոնք, այդ մայր բայերը՝ գրել, կարծել, համարել կը շարունակեն կենսունակ մնալ արդի հայերէնի մէջ եւս:
5.Հասցէ
Սա գրաբարեան հասանել բային ապառնին է՝ հասից-հասցես-հասցէ:
Այս բառը նախորդներուն կ’առնչուի այնքանով, որ ինք եւս բայաձեւ մըն է, ու այսքան միայն,– իսկ բնութեամբ՝ ախարհաբարի մէջ հասարակ գոյական մըն է:
Հասցէ-ին գոյականացումը տեղի ունեցած է հետեւեալ պայմաններուն մէջ. հեռաւոր անցեալին մարդիկ սովորութիւն ունէին իրենց նամակին վրայ գրելու՝ «Հասցէ թուղթս այս…»,– եւ կ’աւելցնէին անունը անոր, որուն ուղղուած էր թուղթը, այսինքն՝ նամակը. ուրեմն՝ «Թող այս նամակը հասնի…»,– ու կ’աւելցնէին անոր անունը, տեղին համեմատ բնակարանին թաղն ու թիւը կամ այլ հանգամանքներ…
Անշուշտ որեւէ մէկը կրնար ըլլալ նամակագիրը, թագաւորէն մինչեւ յետին ռամիկը, եթէ գրել գիտէր ան: Թող որ օրին նամակագիրները ընդհանրապէս գրել չէին գիտեր, եւ անոնց նամակը կը գրէր յատուկ գրաճանաչ մը, որ կը վարձատրուէր ատոր համար կամ թաղին ու գիւղին մէկ գրոց-բրոցը:
Ամէնէն հաւանականը այն է, որ այսպիսի նամակները առաքուէին պանդխտութեան գացած եւ տունէ-տեղէ հեռու ապրողներու կողմէ, եւ յանձնուէին հայրենիք վերադարձող ընկերոջ մը, որ յանձն առնէր տեղ հասցնել զանոնք: Ու անգամ մը տեղ հասած՝ յանձնէր զանոնք ըստ հասցէ-ին: Ահա այսպէս է որ ժամանակին հետ բայական իմաստը խամրած է բառիս մէջ, եւ ան ընկալուած է իբրեւ գոյական:
Յ. Գ.
Եւրոպական adresse-adress գոյականը նմանապէս ունի բայական ծագում (adresser, to adress = յղել, ուղղել):
[1] Ուրեմն այնքան ատեն, որ ան ընկալուած է իբրեւ բայ, շեշտուած է անոր վերջին ձայնաւորը՝ գոնեա՛, իսկ դառնալով եղանակաւորող բառ՝ կը շեշտուի առաջին ձայնաւորը՝ գո՛նէ:
[2] Նոյնն է՝ կարծեմ (թէ): Իսկ կը կարծեմ, կը կարծես…ասոնք սովորական դիմաւոր բայեր են: Բարբառներուն մէջ ունէինք ասես (կարծես) եղանակաւորողը եւս, որ նոյն բանն է. «Ասես մասունք հաղորդութեան դիպաւ մանկանս շուրթերին», — «կարծես մասունք հաղորդութեան…»:
[3] Մեր քերականութեան հին գիրքերը ասոնք բոլորը մակբայ կը նկատէին, սակայն մակբայ չեն, բայի յատկանիշ ցոյց չեն տար, այլ ցոյց կու տան խօսողին կամ գրողին դատողական մէկ վերաբերումը՝ արտայայտած մտքին հանդէպ: Երբ կ’ըսենք՝ «Կարծես պիտի անձրեւէ»,– կարծես-ը կապ չունի անձրեւին հետ, այլ կը թարգմանէ մեր ենթադրութիւնը, դատոթութիւնը տեղի ունենալիքին հանդէպ: