***փուշման
—Տարիներ առաջ կը դարմանէի պատանի մը, եւ անշուշտ մէջ ընդ մէջ ալ կը զրուցէինք, երբ ան գործածեց փուշման բառը: Ընդմիջեցի զինք եւ սաստեցի, թէ պէտք չէ «փուշման եղայ» ըսել:
–Ինչո՞ւ,– հարցուց զարմացած:
–Որովետեւ հայերէն չէ,– վրայ բերի…հեղինակավայել շեշտով մը:
–Հապա ինչերէ՞ն է ,– հարցուց խօսակիցս:
–Փուշմաներէն է…,– պատասխանեցի, եւ իսկոյն զղջացի, որովհետեւ գոհ չէի սրամտութեանս որակէն, սակայն մէյ մը բերնէս ելած էր:
Երբ նկատեցի, որ բոլորովին այլայլեցաւ՝ աւելցուցի՝ «թրքերէ՛ն է»:
–Իսկ հայերէնը ի՞նչ է,– հետապնդեց:
–Զղջալ, պէտք է ըսել՝ զղջացի…
Քիչ մը զարմացաւ…եւ մինչեւ հիմա ալ ճիշդ չեմ կրցած մեկնաբանել այդ զարմանքը, որ կրնար երկու բան նշանակել. թերեւս բնաւ լսած չէր այս բառը եւ կը զարմանար, թէ ան գոյութիւն ունի հայերէնի մէջ, կամ կրնար զարմանալ, որ իրեն ու իր շրջապատին այնքան հարազատ «փուշման»-ը կրնար հայերէն չըլլալ:
Այս բոլորով հանդերձ՝ գիտէի նաեւ, որ արեւելահայերը ազատօրն կը կիրարկեն փոշման գոյականն ու փոշմանել բայը՝ միշտ ալ խրտչեցնելով զիս, այլ հարց, թէ այնքան վարժ ու հարազատ կ’արտասանեն…
* * *
Այնուետեւ ես իմ գիտցածէս ինքնավստահ՝ ոչ մէկ փնտռտուք կատարեցի ու ոչ մէկ ետդարձի մասին մտածեցի: Բայց ահա օր մը, երբ Աճառեանի «Արմատական»-ը կը կարդայի, աչքիս զարկաւ…փոշիման բառը, դասական վկայութեամբ, որ ունեցած է փաշաման եւ փաշիման տարբերակները: Բոլորն ալ՝ զղջում իմաստով, որմէ փոշիմանել եւ փաշիմանել զղջալ բայերը եւս: Առաջինը պարզապէս յիշուած է «Նոր հայկազեան»-ի մէջ, մինչ երկրորդին յատկացուած է շատ երկար յօդուած մը: Աճառեան եւ «Նոր հայկազեան»-ը բերած են մատենագրական բազմաթիւ օրինակներ, որոնց վերահասու կը դառնաք բանալով այս երկու աշխատութիւնները:
Հիմա որ իրազեկ ենք այս տուեալներուն, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր վերաբերումը ուրիշ հայորդիի մը հանդէպ, որ կը գործածէ փուշման գոյականը կամ փուշման ըլլալ բայը:
Ես կը կարծեմ, թէ նոյն ձեւով պիտի հակադրուինք անոր:
Քանի որ արեւմտահայուն կիրարկածը պարսկերէնի հետեւողութեամբ կատարուած փոխառութիւն չէ, որոնց որեւէ ատեն չենք հակադրուած, այլ ան ուղիղ գծով թրքերէնէն մուտք գործած է մեր բառամթերքին մէջ եւ բոլորովին թրքական արտասանութեամբ, այսինքն՝ թրքացուած, որ է փուշման: Այլ խօսքով՝ ինչպէս որ մենք հետեւողականօրէն դուրս ձգած ենք արեւմտահայերէնէն այն 4.000[1] բառերը, որոնք շնչահեղձ կը դարձնէին պոլսահայերէնը, բնաւ պատճառ մը չունինք բացառութիւն ընելու այս մէկին:
Մանաւանդ որ մեր գրողներէն ոչ մէկը կիրարկած է զայն:
Մեր երկհազարամեայ բառերն են՝ զիղջ-զղջում-զղջալ:
* * *
Այլ հարց, որ ժողովրդա-խօսակցական հայերէնի մէջ ան մտած է սովորութեան զօրութեամբ, ինչպէս մտած են բազմաթիւ ուրիշ թրքերէն եզրեր, որոնք կամաց-կամաց կը հայացուին իրենց ժամանակին:
Պարագան տարբեր է արեւելահայերէնին, ուր փոշման եւ փոշմանել պարսկերէնէն ուղիղ ճամբով թափանցած են գրաբարի միջնորդութեամբ՝ առանց անցնելու թրքերէնի բովէն, եւ մաս կազմած են մեր հայրենի բարբառի ժողովրդախօսակցական տարբերակին:
Արդ, որքան ալ մենք դաւանինք, որ հայերէնի, իմա՝ արեւելահայերէնի ու արեւմտահայերէնի, բառամթերքը մէ՛կ է, այսուհանդերձ հատուկենտ բացառութիւններ ակամայ պիտի պատահին. ասոնցմէ մէկն ալ այստեղ սերտուած եզրերն են, որ ներկայիս արուեստականօրէն չենք կրնար իւրացնել:
Իսկ թէ հետագային ժամանակները այնպէս մը բերեն, որ բառային ներթափանցումներու բնական ճամբով արեւմտահայն ալ սկսի ըսել փոշման ու փոշմանել,– սա բոլորովին այլ իրողութիւն է՝ ըմբռնելի եւ ընդունելի:
***սպանախ
—Մանուկ օրերուս փողոցը ընկերներով կը խաղայի, երբ մեզմէ մէկը արտասանեց սպանախ շատ ծանօթ բառը: Ճիշդ այդ պահուն մեր քովէն կ’անցնէր չափահաս ազգային մը, որ իսկոյն մօտեցաւ, մատը ուղղեց այդ արտասանողին ու քիչ մը խիստ ու բամբ շեշտով յանձնարարեց.
–Պէտք է շոմին ըսէք, սպանախ-ը հայերէն չէ…
Ես ու բոլոր հետս խաղացողները նմանապէս առաջին անգամն է կը լսէինք այս բառը: Մեր տան մէջ ու մեր շուրջը միշտ ու ամէն տեղ սպանախ էր այդ հանրածանօթ բանջարեղէնը,– մանաւանդ որ արաբ հայրենակիցներն ալ կ’ըսէին սպանախ,– որուն մեզի ծանօթ անունը ահա կ’արգիլուէր…
Ճիշդ չեմ գիտեր, թէ այդ սրբագրութիւնը ի՛նչ արդիւնք տուաւ:
Պատկերացուցէք պահ մը, որ բարբառախօս գեղջուկ մօրս առջեւ շոմին ըսէի, կամ թէկուզ…հօրս ու քոյրերուս, որոնք բոլորն ալ սպանախ-ը գիտէին եւ պիտի վստահաբար գայթակղէին ի լուր շոմին-ին, որ չլսուած բառ էր:
* * *
Տասնամեակներ ետք, երբ մատչելի դարձան «Արմատական»-ն ու «Նոր հայկազեան»-ը վերահասու դառնալ ուզողը իմացաւ շատ ուրիշ բաներ:
Ուրեմն այս սպանախ կոչուածը շատ վաղուց գոյութիւն ունեցած է հայերէնի մէջ, սակայն նոյնքան հին եղած են եւ անոր կողքին քարշ եկած են նաեւ շոմին-ը եւ ծմել-ը. ասոնց երեքն ալ կը գտնենք «Նոր հայկազեան»-ի մէջ: Իրողութիւնը կը հաստատէ «Արմատական»-ը եւս՝ բերելով ստուգաբանական հետեւեալ լուսաաբանութիւնները. սպանախ-ն ու շոմին-ը հաւասարապէս պարսկերէն են, մինչ ծմել-ը ունի կովկասեան ծագում. ան կը գտնուի, օրինակ, վրացրէնի մէջ:
Սպանախ-ը որդեգրած են եւրոպական գրեթէ բոլոր լեզուները, նաեւ արեւելեան մեծաթիւ լեզուներ, ի մասնաւորի թրքերէնը, այլեւ…պոլսահայերէնը: Իսկ շոմին-ն ու ծմել-ը մնացած են հայ միջնադարեան գրութեանց եւ բարբառներու մէջ:
Երբ 19-րդ դարու երկրորդ կէսին վերջնական ձեւաւորում կը ստանային մեր երկու աշխարհաբարները, արւելահայերէնը բոլորովին բնական հակումով եւ առանց նուազագոյն բարդոյթի որդեգրած է սպանախ-ը, որ ամուր կը յենէր պարսկերէնի ու թրքերէնի վրայ, մինչ արեւմտահայ բարենորոգիչները, որոնք կատաղի պայքար կը տանէին հայերէնէն դուրս ձգելու այնտեղ բոյն դրած 4.000 թրքերէն բառերը, զոհեցին սպանախ-ը եւս՝ անոր տեղը դնելով բարբառային շոմին-ը ու գրական կարգավիճակ տալով անոր: Որը, սակայն, մնաց սեփականութիւնը սեղմ շրջանակի մը, լեզուի հայեցի դիմագիծին գուրգուրանքն ու մտահոգութիւնը ունեցողներուն միայն, մինչ զանգուածը, այսինքն՝ ռամիկը, շարունակեց սպանախ ըսել…թուրքին պէս, իսկ արեւելքի մէջ՝ արաբին պէս, ինչպէս մենք կ’ըսէինք:
Եւ մինչեւ այսօր ալ, եթէ արեւմտահայ մտաւորականը կ’ըսէ կամ կը գրէ շոմին, միջին հայը ազատօրէն կը գործածէ սպանախ-ը, որ թերեւս դէպի շիջում կ’երթայ, սակայն առայժմ հանրօրէն ծանօթ ու ըմբռնելի է:
***պատինճան
—Գրական արեւմտահայերէնի ընտրած ձեւն է սմբուկ-ը, հակառակ անոր որ անհամեմատ աւելի տարածուած է պատինճան-ը, ինչպէս շրջակայ լեզուներու, այնպէս ալ արեւելահայերէնի մէջ: Երկուքին ալ ծագումը մութ է:
«Նոր Հայկազեան»-ը ոչ մէկ յիշատակում կը կատարէ սմբուկ-ին,– որ մեր բառարաններուն մէջ կ’երեւի 19-րդ դարու բ. կէսին,– մինչ բաւական լայն տեղ յատկացուցած է պատինճան-ին, սակայն այս հանգամանքը պատճառ չէ եղած, որ արեւմտահայերէնը խուսափի անկէ. պատճառը միշտ նոյնն է՝ թրքերէնէն տարբերելու մարմաջը, թրքական համախտանիշը (syndrome), որուն ակնարկեցինք վերը. այսինքն՝ քանի թուրքը որդեգրած է զայն, հայը պէտք է խուսափի անկէ:
[1] Այս թիւը տուողը Հ. Աճառեանն է (ՀԼՊատմութիւն): Յատկանշական է, որ ամէնէն աւելի թրքերէն փոխառութիւն ունեցողը պոլսահայերէնն էր, մինչ գաւառաբարբառներուն մէջ անոնց թիւը զգալիօրէն փոքր էր: